Գերմանացիները կը ցանկանան «Թումօ» ունենալ

Գերմանիոյ թուային արհեստագիտութիւններու պետական նախարար Տորոթէա Պերը յայտարարած է, որ հայկական «Թումօ»-ի նման կեդրոն բացուի նաեւ Գերմանիոյ մէջ:

Այս մասին՝ ըստ “Երկիրմեդիա”-ի՝  կ՛ըսուի է Reuters գործակալութեան յօդուածին մէջ, որ նուիրուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այցին երեւանեան «Թումօ» կեդրոն:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Գերմանիոյ մէջ նորարար արհեստագիտութիւններու ուսուցումը այդքան ալ բարձր մակարդակի վրայ չէ: Երեխաներու համար առանձին նախաձեռնութիւններ կան, բայց «Թումօ»-ի նման լայնածաւալ նախագիծ չկայ:

Նախարարին խօսքով` շատ գերմանացի երեխաներ տունը համակարգիչ ունին, սակայն ատիկա բաւարար չէ: Բացի այդ, ուսուցման նոր մեթոտը կ՛օգնէ յաղթահարելու կարծրատիպերը: Այդպէս, օրինակ, «Թում» կեդրոնին մէջ շատ աղջիկ աշակերտներ կան: