«Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղը» (WWF-Հայաստան) եւ Զուիցերիոյ «Վեսեր» հիմնադրամը միասին կը սկսին «Բարեւ թրեյլս» (BarevTrails) ծրագիրը, որ ուղղուած է Հայաստանի մէջ բնազբօսաշրջութեան (ռcotourisme) զարգացման:
Ծրագրի նպատակն է հարաւային Հայաստանի պահպանուող տարածքներուն մէջ («Խոսրովի անտառ» պետական արգելոց, «Գնիշիկ պահպանուող լանտշաֆթ», ծրագրուող «Տաթեւ» ազգային արգելոց եւ «Զանգեզուր կենսոլորտային համալիր») բնազբօսաշրջութեան ենթակառոյցներու բարելաւումը եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի ծանօթացման բարձրացումը որպէս բնազբօսաշրջութեան համար նպաստաւոր երկիր:
Ծրագրի առաջին փուլով նախատեսուած է երեք տարուան ընթացքին 200 երիտասարդներու Մեծն Բրիտանիայէն, Զուիցերիայէն, Սպանիայէն եւ Գերմանիայէն ժամանումը Հայաստան` մասնակցելու համար պահպանուող տարածքներու արշաւային արահետներու բարեկարգման, նոր արահետներու մշակման. անոնք պիտի մասնակցին նաեւ տուեալ տարածքներու բնական տեսարժան վայրերու եւ մշակութային յուշարձաններու ներկայացման, կենսաբազմազանութեան բարելաւման, արահետներու քարտէսագրման, ցուցանակներու, արգելափակոցներու զետեղման, փոքր ենթակառոյցներու (օրինակ` անանցանելի վտակներու վրայ փոքր կամուրջներ) կառուցման եւ այլ գործերուն:
WWF-Հայաստանի հաղորդակցութիւններու ստորաբաժանումի ղեկավար Հերմինէ Յակոբեան կը նշէ. «Այս ծրագիրը շատ աւելին է, քան պարզապէս էկոտուրիզմի ենթակառուցուածքների զարգացումը: Մասնակիցները շրջելու են Հայաստանի տեսարժան վայրերով, ծանօթանալու են երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան, հայկական խոհանոցի հետ, շփուելու են տեղացիների հետ` զգալով նրանց հիւրասիրութիւնն ու ջերմութիւնը: Վերադառնալով իրենց երկիր՝ երիտասարդները դառնալու են Հայաստանի իւրայատուկ «դեսպաններ» իրենց երկրներում»:
Հայաստանի մէջ, «Վեսեր» հիմնադրամի գանձատրումով նման ծրագիր կ’իրագործուի առաջին անգամ ըլլալով: Ծրագիրը կը սկսի այս տարուան Մայիսին, 3 տարուան պայմանաժամով: Յաջողութեան պարագային, ան պիտի դառնայ շարունակական: «Բարեւ թրեյլս»ը կը սկսի ծրագրուող «Տաթեւ» ազգային արգելոցէն: