Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիան դարձաւ միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու դաշինքի համահիմնադիր

Չինաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու դաշինքի (ՄԳԿԴ-ANSO)  համահիմնադիր դարձաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տեղեկատուական-վերլուծական ծառայութիւնը, ՄԳԿԴ-ն ստեղծուեցաւ «Մէկ գօտի եւ մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Չինաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ: Սոյն թուականի Նոյեմբեր 3-5 Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԳԿԴ-ի ստեղծման նուիրուած առաջին գլխաւոր ժողովը, որու ընթացքին Դաշինքի համահիմնադիրները ստորագրեցին ՄԳԿԴ-ի ստեղծման համաձայնագիրը: Ժողովի ընթացքին ընտրուեցան ՄԳԿԴ-ի կառավարող եւ գործադիր մարմինները, քարտուղարութիւնը, հաստատուեցաւ Դաշինքի կանոնադրութիւնը: ՄԳԿԴ-ի նախագահ դարձաւ Չինաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ Պայ Չունլին, փոխնախագահներ` Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ Ալեքսանդր Սերկէեւը եւ Փաքիստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ Քասիմ Ճանը:

Դաշինքի համահիմնադիրները 36 կազմակերպութիւններ են` շարք մը երկիրներու գիտութիւններու ակադեմիաներ, համալսարաններ, միջազգային գիտական կազմակերպութիւններ:

ՄԳԿՆ-ն միջազգային, ոչ պետական, եկամուտ չհետապնդող գիտական կազմակերպութիւն է, որու հիմնական նպատակն է աջակցիլ գիտութեան, արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու զարգացման «Մէկ գօտի եւ մէկ ճանապարհ» տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ: ՄԳԿԴ-ն պիտի ապահովէ լայն հնարաւորութիւներ տրածաշրջանային երկիրներու գիտական կազմակերպութիւններու կողմէ խոշոր եւ միջին գիտական ծրագիրներու նախաձեռնման եւ իրականացման համար: Անիկա պիտի դառնայ գիտական նորարար նախաձեռնութիւններու առաջարկման, քննարկման եւ կեանքի կոչման հարթակ:

ՄԳԿԴ-ն ստեղծուեցաւ 2016-ին Փեքինի մէջ տեղի ունեցած Ազգային գիտական կազմակերպութիւններու առաջին միջազգային գիտական համաժողովի ընթացքին ստորագրուած «Չինաստանի եւ Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտիի երկիրներու միջեւ գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համագործակցութեան նոր էջ. Փեքին հռչակագիրի ծիրէն ներս: