Google Maps-ը այսուհետեւ հասանելի է նաեւ հայերէնով

Google Maps քարտէզագրական ծառայութիւնը հասանելի է 39 նոր լեզուներով, որոնց շարքին`հայերէնով: Այս մասին կը յայտնէ Google պլոքը:

Նոր լեզուներու մէջ են նաեւ խորուաթերէնը, ֆիլիփիներէնը, ֆինլանտերէնը, վրացերէնը, պարսկերէնը, եբրայերէնը, թրքերէնը, չեխերէնը, էսթոներէնը, ուքրաներէնը, ուզպեքերէնը եւ այլն:

Կը նշուի, որ 14 տարի առաջ Google Maps-ը բոլորովին այլ էր, եւ անիկա հասանելի էր միայն անգլերէնով: Ներկայիս 1 միլիառ մարդ կ’օգտագործէ այս ծառայութիւնը` նոր վայրեր բացայայտելու, հեծանիւային, արշաւային երթուղիներ գտնելու համար: