Սիրելի հայրենակիցներ.
Մուտք գործեցինք ճակատագրական 2015 տարին:
Հայեր Հայաստանի մէջ, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչամեքենան եւ Հայ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովներ, ենթադրաբար, յուսալի եւ արդիւնաւէտ կերպով կը պատրաստեն Հարիւրամեակը նշող գործունէութիւններ, որոնք պիտի իրագործուին յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին:
Բոլորս ալ կը ցանկանք տեսնել, որ այս գործունէութիւններու գումարը համաշխարհային մակարդակով յառաջացնէ բեկումնային կացութիւն մը ի նպաստ Հայկական Հարցին:
Սակայն, վստահաբար առաջինը պիտի չըլլամ ափսոսալու, որ դժբախտաբար չենք կարողացած միջազգային մակարդակով կազմակերպուիլ այնպէս մը, որ Հարիւրամեակը յառաջացնէ այն ուժեղ քաղաքական ներուժը, որ կարենայ յանդուգն կերպով Թուրքիայէն պահանջել ստանձնելու պատասխանատուութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան եւ կատարելու համապատասխան փոխհատուցում:
Այս հանգրուանին, նուազագոյնը կը պահանջէ որ հայ ժողովուրդը հանրայայտ ընէ թէ ցեղասպանութեան ոճիրը ենթակայ չէ «Ժամանակի Սահմանափակում»ի սկզբունքին (Statute of Limitations) եւ թէ հետեւաբար, 2015 թուականը վերջին առիթը չէ երբեք արդարութեան եւ փոխ հատուցման պահանջքը հետապնդելու համար:
Յաջորդ ստիպողական մտահոգութիւնը 2015-ի հայութեան համար ունենալն է լաւ կազմակերպուած եւ արդիւնաբեր ծրագիր մը դիմագրաւելու համար թրքական հակազդեցութեան անխուսափելի քարոզչական «ցունամի»ն, որ պիտի սկսի յաջորդ ամիսներու ընթացքին եւ ներառնէ նոյնինքն 24 Ապրիլ 2015-ը:
Թուրք կառավարութիւնը արդէն ձեռնածու աճպարարութեամբ մը որոշեց եւ յայտարարեց թէ Կալլիբոլիի յաղթանակի տօնախմբութիւնը պիտի կայանայ Ապրիլ 24, 2015-ին, եւ հրաւէրներ ուղղեց աշխարհի աւելի քան հարիւր պետութիւններու ղեկավարներուն՝ միասնաբար նշելու այդ օրը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է:
Ահա խոշոր մարտահրաւէր մը աշխարհի աւելի քան 8 միլիոն հայերուն համար, ներառեալ Հայաստանը, ուժեղ կերպով հակազդելու եւ Թուրքիան անարգանքի սիւնին գամելու համար: Ի՞նչ պիտի ըլլար աշխարհի հակազդեցութիւնը եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը տօնախմբութիւն սարքէր նշելու համար Հիթլէրի ներխուժումը եւ գրաւումը Ֆրանսայի ու Հիթլէրի յաղթական մուտքը Փարիզ, Հրկիզումի (Հոլոքոսթի) օրը: Անտեղի է նոյնիսկ խօսիլ այդ մասին:
Օգտագործենք այն իրողութիւնը որ Թուրքիա կանուխէն սկսաւ յայտնաբերել հակափրոփականտի իր դաւադրութիւնը: Մենք տակաւին ունինք երեք ամսուայ ժամանակաշրջան մը համահայկական ուժերով համապատասխան վրդովումի ուժեղ ալիքով ողողելու միջազգային լրատուամիջոցները: Արդէն Հայաստանի նախագահը պատշաճօրէն եւ բաւականին քաջաբար պատասխանած է վարկաբեկիչ հրաւէրին որ ուղարկուած էր Էրտողանի կողմէ:
Այս հակիրճ ներկայացումը ինքնաբուխ կերպով որոշեցի բաժնել անձերու ոչ ամբողջական ցանկի մը, որոնք պիտի կարենան իրենց միջոցներով յառաջացնել միջազգային հակազդեցութիւն մը եւ կարողանանք մենք՝ Սփիւռքի մէջ ողողելու լրատուամիջոցներու համաշխարհային ցանցը Գանատայէն Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Լիբանան եւ աշխարհի մնացեալ մասերը, լրագրական հակազդեցութիւն մը յառաջացնելով Կալլիբոլիի խեղկատակութեան նկատմամբ: Այս աշխատանքը կը պահանջէ պատրաստութիւնը պատշաճ բանաձեւի մը եւ որոշ ֆինանսաւորում մը:
Կ’ուզե՞նք, կարո՞ղ ենք եւ պիտի կարենա՞նք համազգային տարողութեամբ ընդունիլ այս մարտահրաւէրը:
Անկեղծօրէն՝
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Տոքթ. Արշաւիր Կէօնճեան գիտութեան եւ թէքնոլոժիի բնագաւառներուն մէջ համաշխարհային հեղինակութիւն մըն է եւ վաստակաւոր գործիչ մը հայ Սփիւռքի մէջ աւելի քան 50 տարիներէ ի վեր քաղաքական, մշակութային, եկեղեցական, կրթական եւ հրապարակագրական մարզերէ ներս: