ՆՈՐ ՄՈՒՐ ՄԸ ՄԵՐ ՃԱԿՏԻՆ
Ինչպէս անհատներու պարագային, խմբաւորումներ ալ՝ կազմակերպութիւններ, երկիրներ, ազգեր, եւլն. կատարեալ չեն ըլլար, այլ կ’ակնկալուի որ ձգտի’ն կատարելութեան: Այդ ձգտումի եւ իրագործումներու արժեչափն է որ կը հաստատէ անոնց քաղաքակրթութեան մակարդակը:
Հայ ժողովուրդի պարագային, արդարացի հպարտութեամբ կ’ողջունենք կեանքի բոլոր բնագաւառներէ ներս միջազգային եւ համաշխարհային տարողութեամբ ամենաբարձր մակարդակներու հասած եւ գնահատուած հայորդիներու իրագործումները, որոնց իմացական բարձրութիւնը ընկերաբաններու մտածել կու տայ թէ հայերու ծիները (genes, գէն) հասարակէն աւելի առողջ ու բարձրորակ են: Դժբախտաբար սակայն, միշտ եղած են ու պիտի ըլլան անհատներ կամ խմբաւորումներ, որոնք այդ բացառիկ կարողութիւնները ի գործ կը դնեն հակաօրինական միջոցներով իրենց անհատական շահերը հետապնդելու, ստեղծելով տագնապալի գայթակղութիւններ:
Նման կացութիւն մը անգամ մը եւս ստեղծուեցաւ Փետրուար 6-ին, երբ հայկական եւ օտար լրատուամիջոցներ յայտնեցին թէ Իսթանպուլի հանրածանօթ ու յարգուած ոսկերիչ եւ գոհարավաճառ 80-ամեայ Յակոբ Տէմիրճի եւ իր 87-ամեայ տիկինը՝ Սեդա, իրենց բնակարանին մէջ յարձակումի եւ խոշտանգումի կ’ենթարկուին երեք աւազակներու կողմէ, որոնք կապելէ ետք Յակոբն ու Սեդան, 200,000 լիրա (մօտ 70,000 տոլար) արժողութեամբ գոհարեղէն եւ 10,000 տոլար կանխիկ գումար հաւաքելէ ետք խոյս տուած են: Հրշէջներ եւ ոստիկանութիւն կը հասնին եւ կը գտնեն որ Յակոբ մահացած է, իսկ Սեդա՝ վիրաւորուած: Մնայուն լուսանկարչական գործիքներով ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ ոճրագործները, որոնք մեղսակից երկու կիներու հետ, վարձուած ինքնաշարժով մեկնած էին Տրապիզոն, այն տեղէն Հայաստան անցնելու համար: Կը ձերբակալուին ընդամէնը ութ հոգի, բոլորն ալ Հայաստանի քաղաքացիներ, երեքը կին, որոնցմէ մէկը Տէմիրճիներու բնակարանի օգնական կինն էր: Կը յայտնուի նաեւ թէ այս վերջինը Հայաստանի իր ազգականներուն հեռաձայնած էր եւ յայտնած էր անոնց թէ Տէմիրճիներու երկյարկանի տան մէջ կար գոհարեղէններու արժէքաւոր հաւաքածոյ եւ կանխիկ դրամ:
Երբ Հայաստանը ունի ոչ բարեկամ եւ թշնամի հարեւաններ, որոնք առիթներու կը սպասեն կամ կը ստեղծեն առիթներ, վարկաբեկելու համար մեր հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդը, ահա մեր հայրենակիցներէն անխիղճ խմբակ մը ափսէի վրայ կը հրամցնէ անոնց առատ նիւթ որ օգտագործեն ի վնաս մեր բարի համբաւին:
Թերեւս առարկուի թէ ամէն երկիր եւ ազգ անխուսափելիօրէն ունի ոճրագործներով լեցուն բանտեր. ինչու՞ զարմանալ թէ կան նաեւ հայ յանցագործներ: Քանի մը տարիներ առաջ, ամերիկեան եւ միջազգային ապահովութեան գործակալներ յայտնաբերեցին աւազակային տարածուն ցանց մը, նոյնիսկ արդիական զէնքերով օժտուած, որ կը բաղկանար Հայաստանի նախկին քաղաքացի ոճրագործներէ եւ անոնց գործակիցներէ: Ատենին, այս զգայացունց լուրը խոր ընդվզում եւ ամօթի զգացում յառաջացուցած էր հայ ժողովուրդին մէջ, մուր մը քսելով հայութեան ճակատին:
Ուրեմն անդարմանելի՞ է այս նուաստացուցիչ երեւոյթը: Բայց ամէն ինչ յարաբերական է: Վերջերս, Անգլիական «Տը Կարտիան» թերթը վիճակագրական համապարփակ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է աշխարհի բոլոր երկիրներու մասին, որուն միայն երեք երկիրներու 1990-ի տուեալները կը մէջբերենք հոս. 100,000 բնակչութեան վրայ տարեկան սպաննուածներու թիւը (նկատի չառնելով պատերազմներու կամ աղէտներու պատճառած մահերը) Հայաստանի մէջ եղած է 9, Ատրպէյճանի մէջ՝ 51, իսկ Գանատայի մէջ՝ 2:
Անկասկած, միջավայրն ու դաստիարակութիւնը հիմնական ազդակներ են ընկերային առողջ զարգացման, ուր օրէնքի հանդէպ յարգանքը աւելի տիրապետող է քան ուժի վախը: Ուրեմն, կարելի չէ պնդել թէ այս պարագաները ժառանգական են եւ ի ծնէ ու անդարմանելի: Սերունդներ դաստիարակելու հետեւողական եւ դժուարին աշխատանք մըն է որ անհրաժեշտ կը դառնայ բարեփոխելու համար քանի մը սերունդ զարտուղի գացած մտայնութիւնը: Պետական վերահսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ, մասնագէտ ընկերաբաններու երկարատեւ ծրագրումներով եւ հետեւողականութեամբ միայն կարելի է յուսալ որ կարող պիտի ըլլանք արդի աշխարհի ամենայառաջադէմ երկիրներու հետ մրցիլ: Այս նպատակի իրագործման համար վստահաբար կարելի պիտի ըլլայ ակնկալել նիւթական ու բարոյական նեցուկ յառաջադէմ երկիրներէ: Նաեւ միայն այսպէսով է որ ժամանակի ընթացքին պիտի դադրի Հայաստանէն արտագաղթը ու մեր երկիրը պիտի ծաղկի ոչ միայն մայրաքաղաք Երեւանով, այլ իր ամբողջ տարածքով:
Տոքթ. Յ. Արզումանեան