ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂԹԻ ԶՈՅԳ ԵՐԵՍՆԵՐԸ
Աշխարհի պատմութեան մէջ հազուադէպ չեն ժողովուրդներու զանգուածային գաղթերը՝ այլազան պատճառներով – պատերազմ, սով, կրօնամոլութիւն, ատելութիւն, համաճարակ, եւլն: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւս արձանագրած է մասսայական տեղափոխութիւններ, ինչպէս՝ Անիի անկումէն ետք (մօտ 1000 թուականին), Շահ Ապպասի կողմէ 17-րդ Դարուն Ճուլֆայի 300,000-ի մօտ հայ բնակչութեան բռնագաղթը եւ տեղափոխութիւնը Նոր Ջուղա, Լեհաստանի մէջ (1370-ական թուականներուն կազմուած հայ գաղթօճախը), Հնդկաստանի մէջ (1500-ական տարիներուն) եւ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմտեան երկիրներ, ու վերջապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով աւելի քան միլիոն ու կէս նահատակներու կողքին՝ հարիւր հազարաւոր վերապրողներու գաղթը դէպի Միջին Արեւելեան հիւրընկալ Արաբական երկիրներ, Յունաստան, Ռուսիա, Ֆրանսա եւ մինչեւ Ամերիկաներ ու Գանատա: Առանձնայատուկ պատմութիւն է 1940-1960 ական տարիներուն դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթը եւ մօտ կէս դար ետք անոնց մէկ կարեւոր մասին արտագաղթը՝ մեծամասնութեամբ դէպի Ամերիկա եւ Գանատա:
Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին աշխարհ զարհուրանքով եւ մտահոգութեամբ ականատես կըլլայ միլիոններու հասնող բնիկ ժողովուրդներու, որոնք ընտանիքներով, խուճապահար, նոյնիսկ մահը աչք առնելով, Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն, Ասիայէն կը թափին Միջերկրական Ծով, ապաստան գտնելու համար Եւրոպական երկիրներու մէջ: Ո՞վ, ինչու՞ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ այս մարդկային «ցունամի»ն ստեղծեց, որ Եւրոպայի կառավարութիւններն իսկ անակնկալի մատնեց թէ՝ ինչպէ՞ս պիտի կարենան ընդունիլ կամ ետ ուղարկել այս մարդկային զանգուածները:
Այս գրութեան նպատակը չէ այդ պատմական իրողութիւններուն վերլուծումն ու քննարկումը կատարել, այլ՝ կուզենք կեդրոնանալ վերջին տարիներուն մեր Միջին Արեւելեան հայրենամերձ գաղթօճախներէն՝ յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ քաղաքացիական, ծայրայեղ կրօնամոլութեան արդիւնք՝ պատերազմական ճգնաժամային կրակէն խոյս տուող եւ Գանատա ապաստանած հայ զանգուածներու ընկերային հարցերուն, որոնց լուծումները արդիւնաբեր կերպով կը հետապնդեն Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի կենսունակ հայ համայնքներու ընկերային հարցերու գրասենեակները, եկեղեցական, բարեսիրական, կրթական, մշակութային միութիւնները, պետական ծառայութիւններու գործակցութեամբ:
Տագնապալի կացութեան սկզբնաւորութեան, օժանդակութեան աշխատանքը կեդրոնացած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական կեդրոններու միջոցաւ համաժողովրդեան մասնակցութեամբ կենսական օժանդակութիւններ փութացնել տեղւոյն հայութեան, եւ յետոյ աւելցաւ Գանատա ժամանող հայ փախստականներու կեցութեան, աշխատանքի, կրթական եւ այլազան հարցերու լուծումի ճիգերը, մասնակցութեամբ հայկական ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու եւ բարեսիրական, եկեղեցական, կուսակցական, մշակութային ու այլ միութիւններու: Մխիթարական է տեսնել թէ մեր տեղական հայկական կազմակերպութիւններ յաճախող նոր ժամանած Սուրիահայերու եւ Իրաքահայերու թիւը ինչպէս նաեւ անոնցմէ վարչական եւ գործօն դեր ստանձնողներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ: Անոնք այլեւս կը սկսին հետզհետէ իրենց տան մէջ զգալ, որովհետեւ անոնց համար, եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը, մշակոյթը, մամուլը, լեզուն, իրենց առօրեային, իրենց կեանքին անբաժան մասը կը կազմեն: Ուրեմն սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք թէ նոր ժամանած Սուրիահայը կամ Իրաքահայը «բեռ» մը չէ մեր համայնքին համար, այլ՝ եկած է բաժնելու մեր համայնքային կազմակերպութիւններու բեռը, նոր կենսունակութիւն ներմուծելու մեր համայնքային կեանքին եւ լաւատեսութեամբ լեցնելու մեր ղեկավարութեան, որ մտահոգ է թէ մեր նոր սերունդը ո՞ր չափով պիտի կարենայ պահել եւ օգտագործել համայնքային կառոյցները: Ինչպէս ժողովրդային առածը կ’ըսէ, «Ամէն չարիքի տակ բարիք մը կայ»: Ա’յս է որ անցեալին պահած է մեր ժողովուրդին լինելիութիւնը եւ պիտի շարունակէ մեր գոյատեւումը:
Կ’արժէ հոս խորհրդածութիւն մը եւս կատարել: Սուրիահայութեան տագնապի սկզբնաւորութեան, Հայաստանի կառավարութիւնը բացաւ իր դռները եւ ընդունեց 17,000 Սուրիահայեր, ու արդար գոհունակութեամբ յաճախակի կերպով յայտարարուեցան թէ բնակարանային, աշխատանքի, ընկերային եւ այլ օժանդակութեամբ պիտի բաւարարուին նորեկները: Սակայն ըստ երեւոյթին, գործը չյաջորդեց խօսքին, եւ ի թերեւ ելան շատերու յոյսերը, թէ աշխատանքի համար Հայաստանէն հեռացողներու պակասը գէթ մասամբ պիտի փոխարինուի Սուրիահայերով եւ Իրաքահայերով: Ըստ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Յուլիս 2015-ի հաշուարկով, Հայաստանի մէջ մնացած է 13,000 Սուրիահայ: Հասկնալի է թէ, եթէ կառավարութիւնը ունենար միջոցները, հոգալու նորեկներու կարիքները, պիտի կարենար գոհացնել աշխատանքի պակասի պատճառաւ երկիրը ձգող բնիկ Հայաստանցիին կամ Սուրիահայ հայրենադարձին: Սակայն եթէ Հայաստանի օլիկարխներու կողմէ նուազագոյն մասնակցութիւն մը ըլլար, վստահաբար Սփիւռքէն եւս բարերարներ պիտի գտնուէին Սուրիահայերու բնակարանային եւ այլ հիմնական կարիքները լրացնելու: Բայց ինչու՞ միայն սփիւռքահայ բարերարը պարտաւոր զգայ հոգալու իր համայնքին կրթական, եկեղեցական, մշակութային ու այլ ազգային կարիքներուն կողքին, նաեւ՝ Հայաստանի կարիքները: Այդ ալ առանձին հարց մը:
Բարի եկաք Սուրիահայ եւ Իրաքահայ հայրենակիցներ:
Յ.Ա.