ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ ՎՐԱՑԻ «ԸՆԿԵՐ»ԷԴ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Առաջին անգամը չէ որ Վրաստան կ’արդարացնէ իր «բարեկամական թշնամի» համբաւը Հայաստանի հետ: Թէեւ խաչը աչքառու կերպով կը ցուցադրուի Վրաստանի ազգային դօշակին վրայ, Քրիսոնէական եղբայրակցութիւնը մեծ իմաստ մը չունի Վրաստանի կառավարութեան համար: Այլապէս, քիչ մը ակնածանութիւն եւ զօրակցութիւն պիտի ակնկալուէր Իսլամական երկիրներու ովկիանոսի մը մէջ այս երկու Քրիստոնեայ երկիրներու միջեւ:

Սովետական շրջանին, բոլոր ազգային ձգտումները կը զսպուէին կեդրոնական կառավարութեան կողմէ, թէեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ արդէն իսկ սէր չկար, քանի անոնք պատերազմած էին իրար դէմ նախ քան համարկումը Սովետական կայսրութեան մէջ: Իբրեւ հետեւանք այդ պատերազին, հայկական պատմական Ջավախքի շրջանը միացուած էր Վրաստանի:

Սովետական կայսրութեան փլուզումէն ետք, այս երկու հանրապետութիւնները քաղաքականօրէն զարգացան հակընդդէմ ուղղութիւններով, իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ հակառակութիւնը եռեւեփելով դէպի քաղաքական տարածքներ: Պատմական տուեալներով, Հայաստանը կողմնորոշուեցաւ դէպի Ռուսիա, վերածուելով իր հիւսիսի դրացիին ռազմավարական դաշնակիցը եւ իր հողերուն վրայ հիւրընկալելով Մոսկուայի զինուորական խարիսխը: Մինչ այդ, Վրաստան շեղեցաւ դէպի Արեւմուտք, ցանկալով անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ի: Թէեւ Թիֆլիսի կառավարութիւնը տուժեց այդ Արեւմտեան կողմնորոշումէն շնորհիւ Սահակաշվիլիի անհոգ քաղաքականութեան, յաջորդող Վրաստանի Երազային Կուսակցութեան կառավարութիւնը չփոխեց երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը:

Փետրուար 12-ին արտասանած իր ճառին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան, ակնարկելով վերջին շրջանի սահմանադրական փոփոխութիւններու կիրարկման, անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանի քաղաքական ենթահողին եւ ըսաւ, «մեր երկու դրացիներուն՝ Վրասատանի եւ Իրանի հետ, մեր զարգացումները կը զարգանան բարի դրացնութեան ոգիով»: Սակայն, այդ խօսքը միայն քաղաքականօրէն ընդունելի արտայայտութիւն մըն էր քան թէ իրողութիւն մը, ըսուած՝ պարզապէս չհրահրելու համար Թիֆլիսի հետ ձգտեալ յարաբերութիւնները: Իրականութեան մէջ, Իրանի եւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները ամբողջովին տարբեր գետնի վրայ են: Երբեմն, Իրան կ’անտեսէ որոշ հայկական շահեր իր քաղաքական շահերուն ի հաշիւ, բայց զկզբունքով, այնքան առաջ չ’երթար որ Հայաստանը թշնամացնէ:

Թէ ներքնապէս եւ թէ արտաքնապէս, Վրացական քաղաքականութիւնները կը վնասեն Հայաստանի: Վրաստանի անկախացումէն ի վեր բոլոր յաջորդական կառավարութիւնները կիրարկած են ծայրահեղ օտարատեաց տեղական քաղաքականութիւն մը, փորձելով ցուլել կամ օտարացնել փոքրամասնաութիւնները: Այդ քաղաքականութեան ամենաուժեղ հարուածը մեծ մասամբ ուղղուած էր Ջավախքի հայութեան: Թէեւ այդ քաղաքականութիւնը արժեց վրացական հողային կորուստներու – Աբխազիա եւ Հարաւային Օսէթիա – շատ քիչ բան փոխուած է կառավարութեան վարուելակերպին մէջ:

Վրաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանի հետ կը վարուի որպէս իսկական թշնամի մը: ՄԱԿի եւ այլ համաշխարհային մարմիններու մէջ Թիֆլիսի կառավարութիւնը բացայայտօրէն հակած է Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ կողմը, ի վնաս Հայաստանի, կոխոտելով «բարի դրացնութեան ոգին» որ Հայաստան կը փորձէ կիրարկել զգուշաւորութեամբ եւ յուսահատականօրէն:

Հայաստանը անդամ է Հաւաքական Ապահովութեան Դաշինքի Կազմակերպութեան (CSTO) եւ այդ կազմակերպութեան ծանրօրէն կ’ապաւինի իր ապահովութեան համար: Սակայն Ատրպէյճանի հետ լարուածութեան սաստկացումը յառաջացուցած է արդարացի մտահոգութիւններ, յատկապէս Հայաստանի գերիշխանութեան տակ գտնուող հողատարածքներու Ատրպէյճանական ոտնձգութիւններու կապակցութեամբ, Ռուսական առեղծուածական լռութեան մէջ: Հայաստանի մտահոգութիւններուն կ’աւելնայ ահազանգի հասնող Ռուսական արդիական զինամթերքի փոխանցումը Պաքուի կառավարութեան: Այս մտահոգութիւնները յայտնուեցան հայ լրագրողներու կողմէ՝ CSTO-ի քարտուղար Ժեներալ Նիքօլայ Պօրիուժայի հետ մամլոյ հաւաքոյթի մը ընթացքին, երբ ան տուաւ անուղղակի եւ չոր պատասխան մը՝ «Կարդացէք CSTO-ի տարեկան նախարարներու տեղեկատուութիւնները, որոնք յատկապէս կը վերաբերին Կովկասի կացութեան»:

Նոյն մամլոյ ասուլիսը արդարացուց հայ լրագրողներու վախը երբ ան ըսաւ, «Մենք խորապէս մտահոգ ենք Կովկասի կացութեամբ, մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի ընթհարումներով, ուր ծանր զինամթերքով եւ հրետանիներով զոհեր տեղի կունենան: Առճակատումի առաւել ուժեղացումը անընդունելի է. լրիւ Կովկասը պիտի պայթի»:

Այս քաղաքական պատկերին դէմ, Թիֆլիսի կառավարութիւնը աւելի կը զարգացնէ իր քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, աւելի սեղմելով Հայաստանի վզին կապը:

Փետրուար 19-ին Վրաստան հիւրընկալեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին նախարարները, որոնք այցելեցին Թուրքիոյ սահմանամերձ Քարցախը: Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարներ՝ Էլմար Մամմատեարով, Միխաէլ ժանէլիտզէ եւ Մէվլիտ Չավուշօղլու գնահատանքով արտայայտուեցան  Պաքու- Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի ծրագրին մասին որպէս «պատմական» ծրագիր մը եւ շեշտեցին անոր կարեւորութիւնը՝ նոր Մետաքսի Ճամբու կապակցութեանբ որպէս Ասիան եւ Եւրոպան միացնող: Երկաթուղագիծը կը սպասուի որ աւարտի 2017-ին. անոր մէկ մասը պիտի անցնի հայաբնակ Ախալքալաքի ընդմէջէն, շրջանցելով Հայաստանը:

Ատրպէյճանցի Արտաքին գործերու նախարարը ըսաւ, «Կը հաւատամ որ ճիշդ ճամբու մէջն ենք: Միաձայն հասկացողութիւն մըն է թէ մենք պէտք է որ շարունակենք այս գործակցութիւնը որովհետեւ ասիկա երեք երկիրներու եւ շրջանի շահ-շահ-շահ ծրագիրն է»:

Ան չուզեց աւելցնել որ այս ծրագիրը Հայաստանի համար «կորուստ-կորուստ-կորուստ» ծրագիր մըն է:

Բայց այն ինչ որ աւելի մտահոգիչ է, այն է թէ տնտեսական գործակցութեան շուրջ կատարուած յայտարարութիւններէ զատ, եռեակը ստորագրեց յայտարարութիւն մը ուր կ’ըսուի թէ անոնք կը հաւատան որ՝ «մեծագոյն կարեւորութիւնը այն է թէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի մէջն ու շուրջը ընդհարունմերու ամենաշուտ խաղաղութեամբ աւարտումն է եւ վրացական շրջաններու Ապխազիայի եւ Ձխինվալի շրջանի (Հարաւային Օսէթիա) պայքարներու աւարտումն է հիմնուած միջազգային օրէնքի եւ ի մասնաւորի ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններու անբռնաբարելիութեան սկզբունքներուն վրայ»: Այս վերջին տողը կը յիշեցնէ Ալիէվ արքայական գերդաստանի փառասիրութիւնը:

Իսկ հակադրութեամբ, Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (OSCE) համաատենապետները կ’աշխատին Հէլսինքիի յայտարարութեան սկզբունքներու վերջին բաժնին վրայ, որ կը ձգտի հաշտեցնել հողային ամբողջականութեան եւ բնիկ ժողովուրդին ինքնավարութեան իրաւունքները: Վրաստան անփութօրէն կ’ընդունի Ղարաբաղի հակամարտութեան ատրպէյճանական դիրքորոշումը, մինչ Հայաստան զգուշօրէն հրաժարած է Աբխազիայի անկախութեան ճանաչումէն, խուսափելու համար Թիֆլիսի հետ հակամարտութենէ մը:

Իրանի հետ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք, քարիւղի շուկան Կովկասի մէջ վերածուեցաւ հրատապ հարցի մը, ուր Ռուսիա, Ատրպէյճան եւ Իրան դարձան մրցակիցներ: Պահ մը խօսք անցաւ թէ Հայաստան պիտի ըլլայ Իրանէն Վրաստան քարիւղի փոխադրութեան անցքի ուղին: Կը թուի թէ Վրաստանի կառավարութիւնը վարանումի մէջ է, խուսափելու համար Պաքուի կառավարութեան բարկութենէն: Ատրպէյճանի տարածքը նկատի կ’առնուի Իրանի քարիւղի փոխադրութեան համար. Վրաստանի ուժանիւթի նախարար Քախա Քալածէ ըսած է՝ «Թիֆլիսը նկատի պիտի ունենայ նաեւ այդ հաւանականութիւնը»:

Թուրքիա-Վրաստան համագործակցութիւնը լայնօրէն բացած է դռները որպէսզի թրքական դրամագլուխներ խուժեն Վրաստան: Ջավախքի հայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեան, բանտարկուած էր Նախագահ Սահակաշուիլիի կողմէ, հայերու ուղղուած կոչ մը հրապարակած է, ըսելով՝ «ոչ, Վրաստանի Թրքացումին», ու կ’աւելցնէ՝ «Հունտերը որ Սահակաշվիլի ցանած էր, Վրաստանի մէջ սկսած են ծաղկիլ եւ երկրին թրքացումը կը զարգանայ ահազանգային արագութեամբ, ու ան գրեթէ հասած է անվերադարձ կէտին»:

Կոչը մասնաւորաբար կը շեշտէ թէ Թուրք ներդրում կատարողներ խտրականութիւն կը կատարեն նոյնիսկ մերժելով Քրիստոնեայ Վրացիներու գործի հայթայթումը եւ նախապատուութիւն տալով Ատրպէյճանցի կամ Թուրք աշխատաւորներու:

Անարգանքին վրայ աւելցնելով վիրաւորանքը, Վրաստանի կառավարութիւնը համաձայնած է որ Թուրքիա զինուորական խարիսխ մը հաստատէ նոյն հողերուն վրայ, ամբողջացնելու համար երկրին թրքացումը:

Հասկնալի է թէ ՄՆ եւ ՆԱԹՕ գունակութեամբ ընդունած են առնուած քայլը, զայն կոչելով «կայունութեան նպաստող» զարգացում մը: Այդ խարիսխը պիտի փոխարինէ ՆԱԹՕ-ի խարիսխը, խորապէս ջղայնացնելով Ռուսիան: Ներկայի Ռուստիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած հետզհետէ զօրացող լարուածութեան լոյսին տակ, կայունութիւնը կրնայ առաջին զոհը դառնալ:

Վրաստանի նման բարեկամ մը ունենալով տարածքաշրջանին մէջ, Հայաստան այլեւս թշնամիի պէտք չունի:

 

                                                                                                                                                           Թարգմ. Յ.Ա.