Համաձայն մեր անցեալ շաբթուան թիւին մէջ կատարած յայտարարութեան, այս թիւով եւս պիտի կատարենք ընդհանուր թուարկում մը անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր զարգացումներուն:
Թերթիս այս թիւին մինչեւ մամուլին յանձնումը, Շարժումին շուրջ տեղի չունեցան յատուկ ուշագրաւ նոր զարգացումներ:
Շարժումը մնաց ակնյայտօրէն Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութեան ծիրին մէջ սակայն իր օրական համախմբումի վայր որդեգրելով Սուրբ Աննա, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մօտ եկեղեցին:
Անհնազանդութեան նախաձեռնութիւնները մինչեւ այսօր կը կատարուին սահմանափակ յաջողութիւններով: Ոստիկանական ջոկատները կերեւան աւելի մեծ թիւով ամէն տեղ ուր Շարժումի անդամները կը գտնուին աչքառու թիւերով:
Բագրատ Սրբազան կը շարունակէ իր հանդիպումները այցելելով տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու կեդրոնները: Դպրոցական եւ բարձրագոյն կրթութեան կարգ մը հաստատութիւններու մէջ տեղի ունեցան ի նշան Շարժումին ի նպաստ բողոքի դասադուլներ:
Այս շաբթուան ընթացքին կսպասուէր մանաւանդ որ Շարժումին կողմէ որոշուէր առաջարկուած նոր վարչապետի թեկնածուներու անուններ: Պարզուեցաւ թէ մինչ ժամանակ մը յիշուեցան քանի մը անուններ, ինչպէս յատկապէս Արման Թաթոյեանի անունը, սակայն շուտով պարզուեցաւ թէ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ իրական միակ անունը եւ առաջարկն էր նոյն ինքը Բագրատ Սրբազանի անունը որպէս ժամանակաւոր իշխանութեան մը վարչապետը:
Մինչ Շարժումի անմիջական գործօն շրջանակները նոյնիսկ Վարդան Օսկանեան համոզուած կ’երեւան այս արդիւնքով, ակնյայտ է թէ աւելի լայն շրջանակներուն մէջ կը նկատուի թէ մինչեւ այս պահը պէտք էր որ ղեկավարութիւնը հոգեւորականներէն փոխանցուէր աշխարհականներու: Ինչպէս արդէն իսկ մատնանշած էինք անցեալ շաբթուայ մեր ակնարկին մէջ, այս պարագան վստահաբար կը նկատուի Շարժումին գլխաւոր տկարութիւններէն մէկը, միւսը ըլլալով անոր այլընտրանքային քաղաքական ծրագրի բացակայութիւնը, բացի անոր պահանջքը, վարչապետ Փաշինեանի հրաժարման եւ ընդհանրապէս ներկայ իշխանութեան հեռացումը: Այս իմաստով կը բացայայտուի նաեւ միւս կարեւոր տկարութիւնը, քանի որ անոնք տակաւին հեռու են Ազգային Ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կարենալ կազմելու կարողութենէն:
Այս բոլորին լոյսին տակ Շարժումը կը ծրագրէ մեր թերթի այս թիւի ցրումէն ետք, Մայիսի 26-ին Կիրակի օր կազմակերպել երկրորդ մեծ հանրահաւաք մը ուր կրնան տեղի ունենալ կարեւոր նոր զարգացումներ: Հետեւաբար այսքանով կը բաւականանանք այս թիւով, անգամ մը եւս մաղթելով եւ պահանջելով որ ներկայ, հայրենիքին եւ մեր պատմութեան այս խիստ զգայուն եւ վտանգաւոր հանգրուանին, մեր հայրենիքի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը հասունութիւն ցոյց տան որպէսզի ամենայն դէպս զանց առնուին որեւէ ֆիզիքական բախումներ եւ մարդկային թէ ֆիզիքական վնասներ: