Ընդհանուր Ակնարկ «Տաւուշի Շարժում»ը 3-րդ Շաբթուան Զարգացումներուն Լոյսին Տակ

Կարճ քաղուածք մը ընելով, «Տաւուշի Շարժում»ը  ծնունդ առաւ Մայիս ամսուայ սկզբնական օրերուն: Տաւուշէն մինչեւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ հասնիլը, ճամբուն վրայ եւ Երեւանի մէջ անոր միացան տարբեր խումբեր: Առաջին հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի օր Մայիսի 9-ին, ամբողջ հրապարակը լեցնող 31 հազար ներկաներու բազմութիւնով մը:

Նկատի առնելով այս Շարժման բաւական խնդրայարոյց նկարագիրը եւ անոր նկատմամբ նոյնպէս բաւական բուռն համաձայն եւ հակառակ դրսեւորումները, մեր անցեալ երկու թիւերուն մէջ որդեգրեցինք միայն լրատուական նկարագրական ամփոփ ակնարկներ կատարելու քաղաքականութիւն մը: Յայտարարեցինք նաեւ թէ ստեղծուած տագնապալից մթնոլորտին մասին մեր վերլուծական յօդուածագրութիւնը որոշած ենք կատարել ժամանակ մը տալէ ետք միայն, որպէսզի շարժման նկարագիրը աւելի յստակ ձեւակերպուի եւ վերլուծական տուեալները ունենան առարկայական բնոյթ:

Այս անգամ, մեր այս թիւը մամուլին կը յանձնուի Մայիս ամսուան վերջին օրերուն: Մեր այս թիւով եւս, պիտի տանք առաւելաբար 3րդ շաբթուան զարգացումներուն մասին լրատուական արագ թուարկում մը: Սակայն արդէն իսկ «Տաւուշի Շարժում»ը իր սկզբնական տարազէն դուրս ելած ըլլալով եւ իշխանութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք եւ ձեւ ստացած ըլլալով, կը նախատեսենք թէ պիտի չուշանայ որ կատարենք արժէքային գնահատականներ, եւ հետզհետէ առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուելով դուռ բանանք որպէսզի կատարուին վերլուծական դատողութիւններ:

Թէ օրուան իշխանութիւնները եւ թէ «Շարժումը» որ իր մէկ եւ միակ բացայայտ նպատակը յայտարարած է որ ամէն գնով իշխանութեանց հեռացումն է, անխուսափելիօրէն հանրային քննութեան առարկայ պիտի դառնան:

Մինչ այդ մեր ակնարկը կը դարձնենք անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումներուն: Նախանցեալ շաբթուան ընթացքին Բագրատ Սրբազան՝ որպէս տեսանելի մէկ եւ միակ ղեկավարը Շարժումին, շարունակեց իր տարբեր խմբաւորումներու հետ հանդիպումները, այլեւս բացայայտօրէն արտայայտուելով թէ Շարժումին միակ նպատակն է որ Վարչապետ Փաշինեան եւ ներկայ իշխանութիւնը հրաժարին: Նոյնպէս Բագրատ Սրբազանը եւ Շարժման կողմնակից Քոչարեանական բոլոր լրատուամիջոցները, խոստացան թէ մեծ բացայայտումներ պիտի ընեն Մայիս 26-ին տեղի ունենալիք իրենց նախատեսած յաջորդ մեծ հանրահաւաքին առիթով: Մանաւանդ խոստացան թէ այնտեղ պիտի բացայայտուի Շարժումին կողմէ առաջարկուելիք Վարչապետի թեկնածուին անունը:

Վերջապէս Կիրակի Մայիս 26-ին տեղի ունեցաւ հանրահաւաքը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, սակայն հակառակ խոստացուած շատ աւելի մեծ բազմութեան, ներկաներու թիւը եղաւ նախորդէն զգալիօրէն պակաս 23 հազար հոգի: Հանրահաւաքին ընթացքին չկատարուեցաւ այսպէս կոչուած «Շարժումի ծրագիրներու որեւէ բացայայտում», փոխարէնը կատարուեցաւ բոլորէն արդէն իսկ նախատեսուած սակայն իբրեւ թէ «գաղտնի» իրենց Վարչապետի թեկնածուին անուան «բացայայտումը»  որ պարզապէս ինքն էր՝ Բագրատ Սրբազանը: Նոյն ժամանակ Սրբազանը իր այդ առաջարկը զգացուած ձեւով «ընդունելու» յայտարարութեան մէջ կատարեց երկու անորոշ նշումներ թէ, որպէսզի «ան յարմարեցուի Սահմանադրութեան պահանջներուն» ինք խնդրած է Վեհափառ Հայրապետէն որ արտօնէ իրեն «սառեցնել» իր «եկեղեցական եւ վարչական պաշտօնները» ինչպէս նաեւ աւելի եւս անորոշ կերպով՝ թէ պիտի նաեւ կերպով մը վերացնէ իր Գանատայի քաղաքացիութեան արգելքը:

Բնականաբար եւ անխուսափելիօրէն մեծ թիւով հետեւորդ դիտողներուն մօտ յուսախաբութիւն տիրեց երբ որեւէ քաղաքական ծրագրի բացայայտութիւն տեղի չունեցաւ, բացի թէ պէտք է շարունակել փողոցներ փակելու անհնազանդութեան միջոցառումները:

Անկէ ետք այս ցուցադրական ներկայացումը շարունակուեցաւ, երբ ներկաները հրաւիրուեցան հետեւելու Վարչապետի թեկնածու Սրբազանին՝ քալելու մինչեւ Վարչապետ Փաշինեանի մօտակայ ամարանոցը, պահանջելու համար այս վերջինէն դուրս գալ եւ հանդիպիլ Սրբազանին:

Անխուսափելիօրէն տարօրինակ էր եթէ ոչ ծիծաղելի, այս վերջին յայտարարութիւնը երբ ամէն մարդ տեղեակ էր թէ Վարչապետ Փաշինեան շտապ կարգով կը գտնուէր Հայաստանի Հիւսիսը Լոռիի եւ Տաւուշի աղէտեալ շրջաններուն մէջ, որոնք անձրեւներու ստեղծած ջրհեղեղներու հետեւանքով մեծ վնասներու ենթարկուած են:

Մէկ խօսքով Մայիսի 26-ը առարկայականօրէն առաւելապէս անհետեւանք օր մըն էր Շարժումին համար:

Զարգացումներու յաջորդ պատեհութիւնն էր Երեքշաբթի Մայիսի 28-ը, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 106-րդ տարեդարձի տօնը:

Դժբախտաբար կրկին հիւսիսային շրջաններուն մէջ ջրհեղեղներուն պատճառած բազմամիլիոն տոլարներու հասնող աղէտալի վնասներուն պատճառաւ ինչպէս նաեւ «Շարժում»ին Մայիս 26-ի առաւելաբար անհետեւանք հանրահաւաքին ստեղծած մթնոլորտին մէջ, Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը չէր կրնար երկրին մէջ ստեղծել տօնական վիճակ:

Վարչապետ Փաշինեանի նախագահութեամբ Սարդարապատի կոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ դասական զինուորական շքերթը:

Դժբախտաբար տեղի ունեցաւ նաեւ տգեղ պատահար մը երբ Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով եկած էր իր Հայրապետական աղօթքը կատարելու համար այս հանդիսաւոր առիթով: Այցելութեան ժամերու սխալ հասկացողութեան մը հետեւանքը ելող այս անընդունելի եւ տգեղ պատահարը բարեբախտաբար լուծուեցաւ:

Ըսուեցաւ նաեւ թէ Վարչապետի թեկնածու Բագրատ Սրբազանը իր հետեւորդներով նախորդ գիշերը ամբողջ անցուցած է կոթողին մօտ:

Բնականաբար տակաւին կը շարունակուին Շարժումին տարբեր նախաձեռնութիւնները:

Եզրակացնելու համար, վերջին շաբաթներուն «Շարժումին» պատճառով ստեղծուած այս նոր տագնապը անխուսափելիօրէն այս օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին, պիտի աւելի եւս ձեւաւորուի: Կը նախատեսուի թէ, եթէ ան մնայ ներկայ իր ընթացքին մէջ, անհաւանական է որ ան կարենայ առաջնորդել կարեւոր առարկայական արդիւնքներու:

Կը մնայ մաղթել որ Շարժման հետեւողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցող անխուսափելի պատահարները զերծ մնան ֆիզիքական մարդկային եւ այլ վնասներէ: