Թորոնթոյի, Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի Վաճառման՝ Միակողմնակի Առնուած Որոշման Լուրը Գանատահայութիւնը Ենթարկած է Խոր Յուզումի

Ազգային Այս Նոր Մեծ Տագնապը Լուծելու Համար

Կ’Ակնկալուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին Միջամտութիւնը

Եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ամբողջական

Գործակցութիւնը

Անցեալ Նոյեմբերի 11-ին՝ Կիրակի օր, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին լեցուն էր եկեղեցւոյ անդամներով, ինչպէս նաեւ շատ աւելի լայն շրջանակէ մը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Թ.Մ.Մ.եան եւ անոնցմէ դուրս եւս համայնքի լայն շրջանակներէն եկած բազմահարիւր ներկաներու բազմութեամբ մը, ի պատասխան Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ծուխի կողմէ կանչուած խորհրդակցական շտապ հաւաք-ժողովի մը որուն կը նախագահէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան:

Այս արտահերթ բացառիկ ժողովը, հետեւանքն էր այն ցնցիչ լուրին թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տեղւոյն Արմէն-Օնթարիօ վարչութիւնը, միակողմնակի որոշմամբ մը վաճառքի հանած է եւ օտար կազմակերպութեան մը հետ նախնական համաձայնութիւն կնքած է, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տեղւոյն գեղակերտ՝ Ալեք Մանուկեան կեդրոնի վաճառման համար:

Առ ի գիտութիւն 35 տարիներ առաջ իրականացած այս հոյակերտ կեդրոնի պատմութեան անծանօթ մեր ընթերցողներուն՝ պէտք է յիշեցնել շատ հակիրճ կերպով, թէ գանատահայոց ժամանակակից պատմութեան սկզբնաւորութեան, 70-ական եւ 80-ական թուականներու մեծ իրագործումներէն մէկը կը հանդիսանայ այս կեդրոնին կառուցումը որ տեղի ունեցաւ 1980էն 1985 տարիներու ընթացքին: Իբրեւ արդիւնք այդ օրերու գիտակից ղեկավարութեան եւ ամբողջ գաղութի օրինակելի եւ տքնաջան ջանքերուն, Թորոնթոյի Ալեք Մանուկեան համալիրը յաջողեցաւ մէկտեղել մէկ շրջապատի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ակումբային շքեղ կառոյցները, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հիանալի նորակառոյց շէնքը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի այդ օրերու Զարուկեան վարժարանի շէնքը: Այս կեդրոնը Թորոնթոյի մէջ իրագործուած՝ կերպով մը տարբերակն էր քանի մը տարի առաջ Մոնթրէալի մէջ իրագործուած Ալեք Մանուկեան համալիրին, ուր մէկտեղուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կեդրոնը, Ալեք Մանուկեան վարժարանի շքեղ կառոյցը եւ ճարտարապետական մրցանակակիր հանդիսացած՝ Թ.Մ.Մ.-եան գեղեցիկ կեդրոնի շէնքը:

Կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել թէ այս երկու իրագործումները այդ օրերուն վայելեցին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հանգուցեալ աննման ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանի օրհնութիւնը, համաձայնութիւնը, եւ մանաւանդ անոր նիւթական եւ խորաթափանց բարոյական անզուգական զօրավիգը:

Ազգային գեղեցիկ այս կեդրոնի իրագործումը անշուշտ վայելեց նաեւ օրուայ Թեմի բազմավաստակ Առաջնորդ հանգուցեալ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի օրհնութիւնը եւ բնականաբար ի վերջոյ, այդ օրերու Ամենայն Հայոց Շինարար Կաթողիկոս՝ Երջանկայիշատակ Հանգուցեալ Վազգէն Ա. ի հայրական օրհնութիւնը:

Ի վերջոյ, սակայն, եւ բնականաբար այս հսկայական իրագործման գործնական մղիչ մեծագոյն ոյժը եղաւ տեղւոյն նուիրեալ եւ հաւատաւոր Հ.Բ.Ը.Մ. –ի եւ Հայ. Առաք. Եկեղեցւոյ օրուայ անդամակցութիւնը եւ գիտակից ազգայիններու շատ լայն շրջանակը որոնք իրենց նիւթական եւ փրոֆէսիոնէլ կարողութիւնները լայնօրէն նուիրեցին եւ ի գործ դրին գլուխ հանելու համար Թորոնթոհայութեան եւ Գանատահայութեան պարծանքը հանդիսացող այս հոյակապ համալիրի կառուցումը: Այս համալիրը կընդգրկէ նաեւ Մեծ Եղեռնի նուիրուած տպաւորիչ յուշարձան մը:

1980-ական թուականներուն՝ բարի նախանձով է որ Սփիւռքի բոլոր շրջանակները դիտեցին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ իրագործուած իւրայատուկ եւ աննախընթաց այս զոյգ՝ Ալեք Մանուկեան համալիրները: Այդ ժամանակ, անխառն գովասանքի արժանի դարձան օրուայ Հ.Բ.Ը.Մ. –ի, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Թ.Մ.Մեան ղեկավարները իրենց ունեցած ազգային բարձր գիտակցութեան եւ կատարած համոզիչ ջանքերուն համար որպէսզի իրագործուին ազգապահպանման դժուարին պայքարը յաղթական կերպով տանելու սահմանուած տոկուն բերդեր հանդիսացող այս համալիրները:

Ահա այս բոլորը ի մտի եւ աչքի առաջ ունենալով է որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 11-ի մեծ հաւաք- ժողովը աւելի քան երեք հարիւր ներկաներով:

Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Թեմի Կալուածոց Աւանդապահ Մարմնի ատենապետ Պրն. Ժագ Ստեփանեան, կեդրոնական սեղանին շուրջ ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան, ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Տիկ. Ռօզի Իմաստռւնեան գլխաւորւթեամք ժողովին նախագահող Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կողքին, ծուխի տինամիք եւ նուիրեալ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի:

Բնականաբար կը տիրէր մեծ վրդովմունքի մթնոլորտ մը: Յաջորդական խօսք առնողներ որոնց կարգին էր նաեւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ կառուցման յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Արա Պոյաճեան, որ նաեւ երկար տարիներ եղած է Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետը, ներկաներուն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս տագնապին մասին:

Յայտնուեցաւ յատկապէս, թէ նկատի ունենալով թէ տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ. –ի գործունէութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր բոլորովին դանդաղած է եւ թէ այդ պատճառաւ կալուածը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ կը վարձուի բոլորովին օտար եւ յաճախ անփափաքելի շրջանակներէ եկած խումբերու, Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ծուխը գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմական Խորհուրդին եւ անոր ատենապետին արդէն մի քանի ամիսներէ ի վեր դիմած էին Հ.Բ.Ը.Մ. –ի Կեդր. Վարչութեան նախագահին եւ ձեռնարկած էին Արմէն-Օնթարիոյի պատասխանատուներու հետ, նամակներով եւ անձնական հանդիպումներով, փոխանակումներու որպէսզի բարենպաստ պայմաններով կալուածի սեփականութիւնը փոխանցուէր Գանատահայոց թեմին եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ, նպատակ ունենալով անոր գործածութիւնը աւելի արդիւնաւէտ եւ պատշաճ դարձնել թէ եկեղեցւոյ թէ Թորոնթոհայ համայնքին եւ նաեւ զայն տրամադրելի պահել տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մեան եւ անոր գործունէութեան:

Ահա մինչ այս տրամադրութեան եւ տպաւորութեան տակ կը գտնուէր Եկեղեցին եւ Թեմը, յանկարծ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արմէն-Օնթարիօ մարմինը շշմեցուցիչ անակնկալի բերելով բոլորը պաշտօնական նամակով կը յայտնէր թէ արդէն իսկ օտար Centennial College-ին հետ վաճառման նախնական համաձայնութիւն ստորագրած է: Այս զգայացունց արարքին գործնական հետեւանքն է որ ծուխը եւ թեմը պարտի երեք ամսուայ մէջ գոյացնել 8.5 միլիոն տոլարի հսկայական գումար մը որպէսզի ինք գնէ կալուածը, այլապէս, ազգային իմաստով, կը պատահի փլուզումը ամբողջ կալուածին, եւ որոշ կերպով վտանգի կ’ենթարկուի նոյն ինքը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գոյութիւնը եւ հետեւաբար անոր ունեցած բացառաբար ճոխ եւ յաջող արտակարգ գործունէութիւնը Թորոնթոյի նման Գանատայի համարեա ամենակարեւոր համայնքին եւ ծուխին պարագային:

Ժողովին կը կատարուին խոր վրդովմունքով բազմաթիւ ելոյթներ որոնք կ’առաջնորդեն միահամուռ եւ միաձայն այն որոշումին թէ անընդունելի է Արմէն-Օնթարիոյի առած այս ազգավնաս քայլը եւ թէ կը պահանջուի դիմել բոլոր միջոցներուն որպէսզի պահպանուի Ալեք Մանուկեան համալիրի ամբողջականութիւնը:

Կը կազմուի յատուկ կեդրոնական յանձնախումբ մը որ որոնէ լուծման տարբեր միջոցներ որոնց կարգին մեծագումար դրամահաւաքի մը կազմակերպութիւնը,գնելու համար ամբողջ կալուածը:

Ստեղծուած փոթորկայոյզ մթնոլորտի մէջ Առաջնորդ Սրբազան Աբգար Յովակիմեան յուզիչ իր ելոյթին վերջաւորութեան սեղանին վրայ կը զետեղէ իր պանակէն, Առաջնորդական մատանիները եւ ասան որպէս առաջին մասնակցութիւն այս դրամահաւաքին:

Այս խորապէս մտահոգիչ ազգային լուրջ տագնապին առջեւ որպէս ազգային ընդհանուր ահազանգ եւ պահանջք կ’ակնկալուի ամէն կերպով պահպանել այս հոյակերտ համալիրին ամբողջականութիւնը:

Ի վերջոյ, սառ տրամաբանութեամբ երբ դիտուի ազգային պատուհասի բնոյթ ունեցող այս կացութիւնը, անվիճելի իրականութիւնը այն է թէ ստեղծուած տագնապին իսկական եւ միակ պատճառը Հ.Բ.Ը.Մ. –ի կողմէ, միակողմանի քայլերով կալուածը վաճառքի հանելու եւ օտարին վաճառելու անակնկալ եւ անընդունելի որոշումն է:

Հետեւաբար նկատի առնելով Գանատահայոց Թեմին եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ պարտաճանաչ պատրաստակամութիւնը պահպանելու այս կենսական համալիրին ամբողջականութիւնը եւ քանի որ յայտնի իրականութիւն է թէ Հ.Բ.Ը.Մ. –ը չի գտնուիր նիւթական որեւէ տագնապի առջեւ, առանց այլեւայլի կ’ակնկալուի որ Հ.Բ.Ը.Մ. –ը իր իսկ ստեղծած տագնապին առջեւ, այս անգամ ստեղծէ տրամաբանական մատչելի պայմաններ որպէսզի Թեմը կարենայ ի մի բեռել կալուածը գնելու բոլոր տուեալները:

Ի վերջոյ սակայն, վերջնական պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ ազգային երկու հզօր կառոյցներու գերագոյն ղեկավարութեանց վրայ:

Անխուսափելիօրէն՝ ամբողջ Գանատահայութիւնը կ’ակնկալէ որ նոյն ինքը Ամենայն Հայոց Հայրապետը շտապ միջամտութեամբ մը բարեխօսէ որպէսզի Հ.Բ.Ը.Մ. –ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ անոր օրուայ նախագահը ամէն կերպով դիւրացնեն որպէսզի իրատես պայմաններով Գանատահայոց Թեմը եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին կարենան իրենք՝   նպաստաւոր պայմաններով գնեն Հ.Բ.Ը.Մ. –ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնը:

Հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանի եւ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի հոգիները մտահոգ կը սաւառնին այսօր Թորոնթոյի Ալեք Մանուկեան համալիրին վերեւ:

 

Պէտք է առաջքը առնուի ազգապահպանման զօրագոյն կեդրոններէն մէկը հանդիսացող այս կառոյցը կործանման առաջնորդող արուեստականօրէն ստեղծուած այս տագնապին: