ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ

ԹՈՒՐՔԻԱ ԶԱՌԻԹԱՓԻ ՎՐԱՅ

 

Թուրքիոյ գոռոզ քաղաքականութիւնը անցեալ շաբաթ աշխարհը մօտեցուց երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը սեմին: Հարեւան երկիրներ եւ գերպետութիւններ, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու տրամաբանութեամբ, թողուցին որ նորելուկ վայրագ Իսլամ կրօնամոլներ համատարած մահ ու սարսափի  մթնոլորտի մը մէջ նախ Իրաքի եւ յետոյ Սուրիոյ մէջ յառաջացնեն համատարած աւեր, մահ եւ շուրջ 3.2 միլիոն մարդկային զանգուածային գաղթ: Վերջին շաբաթներուն, օրական միջին հաշուով հարիւր մահեր տեղի կունենային Սուրիոյ մէջ,  մեծ մասամբ թրքական ռմբակոծումներու եւ Թուրքիոյ ու Սէուտական Արաբիայի կողմէ զինուած եւ մարզուած ISIS-ի նման ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներու կողմէ, որոնք չորս տարիէ ի վեր կը փորձէին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի կառավարութիւնը տապալել: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ահաբեկիչներու կեդրոններուն վրայ  Ռուսական բանակին կողմէ ռմբակոծումներ վերականգնեցին Ասսատի կառավարութիւնը:

Շաբաթ մը առաջ, սփոփիչ անակնկալ մը եղաւ, երբ գրեթէ նոյն ժամանակ, Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահները կոչ ուղղեցին, յատկապէս Թուրքիոյ, զինադադար յայտարարելու եւ բանակցութիւններու ձեռնարկելու: Թուրքիա յանկարծ անդրադարձաւ թէ մեկուսացած էր, եւ բացի իր գլխաւոր դաշնակից Սէուտական Արաբիայէն, ոչ մէկ պետութիւն կը հանդուրժէր Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ռմբակոծումներուն, որ կը միտէր, ըստ թրքական յայտարարութիւններու, զսպելու Քիւրտ ժողովուրդի ճիգերը՝ Թուրքիոյ սահմանին կից Սուրիոյ մէջ ստեղծելու քրտական ինքնիշխան պետութիւն մը:

Օսմանեան Կայսրութեան վերականգնումի երազներով յոխորտ Թուրքիան այժմ կը դիմագրաւէ այլ հարցեր: Զբօսաշրջութեան եկամուտը գրեթէ դադրած է, մեծ մասամբ Ռուս զբօսաշրջիկներու բացակայութեամբ, եւ սկսած է լրջօրէն ազդել երկրի տնտեսութեան վրայ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կը պահանջէ որ Թուրքիա դադրեցնէ Սուրիոյ մէջ իր ռմբակոծումները: ՆԱԹՕ-ն կ’ազդարարէ իր դաշնակից Թուրքիոյ որ չհրահրէ կացութիւնը Ռուսիոյ դէմ սպառնական կեցուածք ցուցաբերելով:  ՆԱԹՕ-ն կը յիշեցնէ նաեւ թէ ան կ’օգնէ միայն այն պարագային երբ անդամ երկիր մը յարձակումի կ’ենթարկուի:  ԱՄՆ եւ Ռուսիա կը պահանջեն Թուրքիայէ որ դադրեցնէ ահաբեկիչներուն զէնք եւ զինուոր տրամադրելէ: Ասսատ լուծումի մը ի նպաստ ժողովի եւ հրադադարի նաեւ իր պաշտօնէն քաշուելու պատրաստակամ է եթէ ժողովրդային քուէարկութեամբ որոշուի ժողովուրդին փափաքը: Իսրայէլի Քնեսէթը (խորհրդարանը) եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանը մօտ օրէն պիտի քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, հաւանաբար դրական արդիւնքով:

Ենթադրելով որ զինադադարը կնքուած է, արդեօ՞ք միջազգային համայնքը պիտի կազմակերպէ դատական ատեան մը, որ արժանի պատժամիջոցներ սահմանէ նախայարձակներուն, որոնց մէջ առաջնակարգ դեր կատարած է Թուրքիան, եւ դատապարտէ զայն որոշ տուգանքներու, որպէս պատճառը ահռելի վնասներու:

Մեր հայ իրաւանց մարմինները համագործակցութեամբ Հայաստանի պետական իշխանութիւններու եւ միջազգային իրաւաբաններու, պարտին օրինական միջոցներով հետապնդել այս հարցը եւ երբ որ առիթը ներկայանայ կատարեն դիմումները պատշաճ հեղինակութիւններու կողմէ եւ ակնկալեն մեր ազգային վնասներուն համապատասխան հատուցումներ: Ասոնց շարքին  ոչ միայն իբրեւ նիւթական հատուցում այլ նաեւ համազգային եւ համամարդկային կշիռ ունեցող պահանջ պէտք է նկատել Հայոց Ցեղասպանութեան  Տէր Զօրի յուշահամալիրի քանդումը, որ մեր անմեղ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն երկրորդ անգամ սպանութիւն կը նշանակէ:

Արդեօ՞ք պատմութիւնը պիտի կրկնուի եթէ նման միջազգային քաղաքական-օրինական կառոյց մը  կրկին անգամ ոտնակոխէ Հայոց իրաւունքները  եւ մեծ պետութիւնները միայն օգտուին ի վնաս փոքր պետութիւններու:

Տոքթ. Յ. Արզումանեան