Ջղագրգռութիւնը Հասած է Խիստ Դատապարտելի Մակարդակի Մը

Սարդարապատի Կոթողին Մօտ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Մուտքը Կը Խափանուի

 

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տիրող անհանգստութեան խիստ մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, մինչ տակաւին ժամանակաւորապէս կը բաւականանանք մնալով կարճ լրատուութեանց սահմաններուն մէջ, սակայն Երեքշաբթի Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ՝ Սարդարապատի Կոթողին մօտ տեղի ունեցած տխուր պատահարը, մեզ կը ստիպէ որ կատարենք յաւելեալ յստակացում:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ իր շքախումբին մուտքը դէպի Կոթող, առաջին հերթին խափանուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Հասկնալիօրէն այս պարագան պատճառ դարձաւ որ ոստիկանութեան նկատմամբ կատարուին լրջագոյն բողոքի եւ դատապարտութեան արտայայտութիւններ որոնց մենք եւս կը ձայնակցինք, հետեւելով մեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնոյ նկատմամբ ունեցած աւանդական հաստատ եւ անզիջող զօրակցութեան սկզբունքին:

Այս հաստատումը կատարելէ ետք սակայն, այսօրուան լրատուութեանց լոյսին տակ վերոյիշեալ դատապարտութիւնը կատարելէ ետք, կարեւոր կը նկատենք նաեւ, մատնանշել թէ այս օրերուն՝ Հայաստանի մէջ տիրող ակնյայտ ջղագրգիռ մթնոլորտին մէջ, բոլոր պատասխանատու՝ Իշխանական թէ Եկեղեցական բարձրագոյն մարմիններուն պարտականութիւնն է նաեւ յատուկ ուշադրութեամբ ծրագրել իրենց հրապարակային նախաձեռնութիւնները որպէսզի այս վերջինները պատճառ չդառնան այստեղ յիշուած տխուր պատահարներուն:

Այսօրուան տեղեկութիւններով կը բացայայտուի թէ իշխանութեան եւ Մայր Աթոռին միջեւ բնական պայմաններու տակ ակնկալուած տեղեկատուութեանց բացակայութեան հետեւանքով, Երեքշաբթի Մայիս 28-ին իշխանութեան եւ Մայր Աթոռի շքախումբերու Սարդարապատ պաշտօնական այցելութեանց ժամերը խաչաձեւման ենթակայ ըլլալուն հետեւանքով է որ ոստիկանութիւնը անելի մատնուելով պատճառ դարձած է, այլապէս բոլորովին անընդունելի եւ խորապէս պախարակելի այդ երեւոյթին: Բնականաբար տակաւին Իշխանութիւն և Մայր Աթոռ կը շարունակեն ջանալ տալ նոր՝ այսպէս կոչուած «բացատրութիւններ»:

Այս տեղեկութեանց վրայ հիմնուելով, մենք ամենայն դէպս խիստ դատապարտելի կը նկատենք, առաջին հերթին, հայ ժողովուրդին կողմէ ակնկալուած եւ պահանջուած բնականոն յարաբերութիւններու բացակայութիւնը Իշխանութեան եւ Մայր Աթոռի բարձրագոյն իշխանութիւններու միջեւ:

Կը պահանջուի մանաւանդ որ երկու կողմերը կարենան ի պաշտօնէ՝ իրենք զիրենք պահել աւելի բարձր դիրքերու վրայ: