Գարուն մըն է նորէն ,օտար եւ ցուրտ գարուն մը եւ վերստին Հայ ժողովուրդ մը որ երբեք չզգաց գարնան քաղցրութիւնն ու հեշտութիւնը այսօր խաբող գարնան մը հետ կը հանդիպի եւ այդ դժնդակ գարունը իրեն կը մտրակէ հեւ ի հեւ :Ի յայտ կու գայ որ Սուրիոյ չորս տարուայ տիրող դժուար կացութիւնը պատճառ դարձաւ Սուրիահայութեան ողբալի գաղթին եւ հայը կրկին ենթարկուեցաւ խոշտանգութեան ու թափառականութեան :
100 տարիներ ետք դարձեալ սկսաւ եկեղեցւոյ անլռելի զանգակներուն հետ դժբախտ հայը ողբալ:Մեր տարաբախտ ճակատագիրը կարծես իր ձեռքին կարկին մը առնելով կլոր մը ամբողջացուց եւ կլորին այսինքն մեր պատմութեան սկիզբին վերադարձուց ՝ «գաղթին» :Տարիներու ընթացքին օտարը մէկ ու կէս միլիոն տոլարներով խաղցաւ եւ աշխարհը խաղցուց ,լուրերուն մէջ շատ լսուեցաւ մէկ ու կէս միլիոն թիւը շատ կարդացուեցաւ շատ կրկնուեցաւ, սակայն ո՞ր օտարը մտածեց մէյ մըն ալ հայուն մէկ ու կէս միլիոնին մասին մտածել մեղմացնել կամ սփոփել հայուն ցաւը :
Այսօր երախտագէտ Սուրիահայերը Սուրիացի արաբներուն ջարդի ընթացքին օգնութեան փոխադարձ կը պայքարին Սուրիոյ գետնի վրայ եւ իրենց պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները լիովին կը կատարեն :
Արդարեւ,աշխարհին հետ կլոր դառնալը սովորական կը նկատէ հայը ամէն տեղ կը դառնայ ան ակամայ կամ կամայ ,աշխարհը ամբողջութեամբ կը ճանչնայ կրնայ փոխել անունը ,ազգութիւնը ,ընտանիքը օտար ամուսնութիւնով մը եւ լեզուն:Այնուհանդերձ, անհնար է մոռնալ կամ ուրանալ հայու ոգին .հայը մինչեւ այսօր յաճախ կը ստիպուի թրքերէն խօսելու , յաճախ ֆրնս.Անգլ.Քերմ. բայց իր հոգին միշտ կը խօսի Հայերէնով .չի կրնար հոգին խօսիլ ոչ մէկ ուրիշ լեզուով մը եւ այս չէ ՞արդէն հայուն ,հայ ոգիինն ու նկարագրին յատկութիւնը :Հայը գիտէ դիմանալ ,մաքառիլ ,պատշաճիլ բայց գիտէ նաեւ արցունքէն ժպիտ՝ եւ մահէն կեանք ստեղծել ,
Մայրամուտի ճամբուն առաւօտը աւետել եւ իր սրտի փշերէն կամուրջ մը կառուցել :Այսօր, Իւրաքանչիւր Սուրիահայ մը կը գաղթէ իր հոգիին հանդերձը ձգելով Հալէպի մը մէջ եւ կամ Քէսապի:Կը գաղթէ ան եւ իր Տէրզօրեան գաղթին առաջին նաւահանգիստը կ’առնէ Պէյրութի մէջ եւ ետքը կը շարունակուի մինչեւ Ամերիկա ,Գանատա ,Շուէտ , Աւստրալիա եւ այլ քաղաքներ . եւ պարզապէս քանի հայու սիրտը հզօր է եւ անսահման ՝ ինքնուրոյն իր յատկութիւններէն մէկն է նաեւ իր սրտին մէջ երկու երկիր ապրեցնելը առաջին անգամ ըլլալով իր Հայրենիքը Հայաստանը իսկ երկրորդը՝ իր ծննդավայրը ՝Սուրիան :Ցաւօք սրտի այսօր երկուքին ցաւերուն կը տոկայ ան եւ որպէս խաչը տեսնելով խաչուող ժողովուրդ մը չի վարանիր ոեւէ դաժանութենէ կամ անողոքութենէ .իսկ հիմա պարզ է հայուն համար մէկ աչքով Հալէպի ապա միւսով ալ Հայաստանի ՝համար լալը ,բայց ով կրնայ գուշակել որ հայը լացէն ուժ կրնայ ստանալ եւ գուցէ այս է մեր գաղտնիքը . մահէն՝ վերակենցաղում ստանալը որպէս առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ընդունող ազգ ,Յարութիւն մը առնել Յիսուսի նման ՝:Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կամուրջ մը եղած է կարծես Հայաստանի եւ Հալէպի միջեւ Հայաստանի եւ Քէսապի՝:Իսկ քանի մը հայեր եթէ ուրանան իրենց հայութիւնը որպէս ազգ մեզ չեն տկարացնէր ամենեւին ,ապա մեր քիչութեան հանդերձ մեր յարատեւութիւնը ցոյց կու տան ,մեր քիչ ըլլալով կարողութիւնը՝ հզօր լեռները փշրելու .մեր երգերով ,ստեղծագործութիւններով ,գիրքերով եւ գծագրութիւններով աշխարհը շլացնելու եւ տիրելու կարողութիւնը՝ :Տարիներ շարունակ զանազան ազգեր սիրած են մեզ բայց ոչ թէ վախէն՝ այլ յուզուելէն մեզմով մեր մշակոյթով եւ յարգած՝ ոչ թէ կառավարական խաղերու շահով այլ մեր դարաւոր պատմութեան սխրագործութիւնները իմանալով . եւ եթէ օտարին ուշադրութիւնը գրաւած ենք ոմանց նման արտաքին ձեւակերպութիւնով չէ ՝այլ մեր ազնուութեամբ եւ վեհանձնութեամբ:Խաւարով հաց շինած եւ արիւնած մատներով քաղցրահնչիւն այբուբենը կտակած ազգ մը եղած ենք միայն :Հայը ի ծնէ խաղցած է կրակով,երբեք չի գիտցած յուսախաբութիւնը, կրցած է անապատի աւազներուն մէջ բոյսեր ցանել եւ թաւալուած վիճակին իսկ մնալ խիզախ :
-ի՜նչ փոյթ, եթէ օտարը մեր արեան դատը իր անձնական շահերուն սիրոյն խաղ մը կը համարէ կառավարական խաղ մը՝,կամ մեր բողոքին փոխադարձ ատեն անգամ մը թուղթ հանել եւ կրկին իր տեղը վերադարձնելը շատ սովորական եւ դիւրին կը նկատէ. ուր է հարցը օտարը տարիներ շարունակ եթէ սիրած եւ յարգած է միայն վախէն , եւ իսկ արդարութիւնը սփռած ՝ վախէն :Այնուհետեւ, քանի չկայ վախ հայէն չկայ յարգա՛նք չկայ արդարութի՛ւն :100 տարիներ առաջ լռող օտարները ինչպէ՞ս կըլլայ որ իրենց տարիներու համրութենէն պիտի ետքայլ մը առնեն եւ պլպօլի մը պէս իրականութիւնները խօսին , ընդունին եւ կամ ջանք ընծայեն մեր դատին համար ,իսկ եթէ թուղթեր ցոյց տալ եւ վերստին վերադարձնելը նոյն տեղը կատակերգական թատերգութիւն մըն է ես անձնապէս իրենց կրնամ քանի մը կապիկ ուղարկել որպէսզի իրենց խաղին օգտակար ըլլան .եւ նոյնպէս ես քանի մը թութակներ կրնամ բերել եւ թուրքիոյ կամ իրեն հետեւող երկիրներուն կատարածին կրնան ծափահարել, վասնզի եթէ ոմանց հետ այս թութակները համեմատ եմ շատ տարբերութիւն չեմ գտներ :Իսկ ոմանք ալ այսօր երբ հայելիին մէջ նայելու դէմքեր չունին 2014 թուականին Տէր զօրի մէջ մեր պապերուն աճիւններուն իսկ այրիլը զուգադիպական արկած մը կը համարեն ահաբեկիչներուն կողմէ ես քանի մը ծաղրածուներ կը ղրկեմ իրենց քով որ խնդան մեզի ալ իրենց հետ խնդացնեն :
100 տարի ՜ անցաւ , եւ ոչ միայն դար մը այլ հազարաւոր դարեր անհնար է մոռցնել այսքան չարչարանք տառապանք որ ապրեցաւ հայը ,ուստի թող շարունակէ սրինգ մը հիմա Հայաստանին մէջ նուագել իր յաւիտենական եղանակներէն մէկը, թող շարունակէ նաեւ մայր մը Հալէպի մէջ կիսաբաց պատուհանէն առջեւ եւ ռմբակոծումներուն տակ սպասել իր պանդուխտ զաւկին վերադարձը եւ կռունկ մը ինչպէս տարիներ առաջ գաղթեց Հայաստանէն թող շարունակէ գաղթել Հալէպէ՛ն Քեսապէ՛ն մահէ՛ն՝ ,բայց անխզելի մնալով իր սրտին մէջ կառուցուող կամուրճը որ կը կապէ Հայաստան ու աշխարհը եւ միշտ վերածնունդ մը ստանալով որպէս մահուան ձեռքէն ազատուելու միջոցներու հմտութիւնը ունեցող ժողովուրդ . երբեք չի մոռնալով մեր մայրենի լեզուն մնալով քաջ մնալով տոկուն :
3/04/2015
Պէյրութ