Օրացոյցի անխախտելի օրինաչափութեան ընթացքով, ահա այս տարի եւս կը թեւակոխենք Մեծ Եղեռնի նշման Ապրիլեան օրերը: Այս անգամ անոր 109-րդ տարելիցը:
Ամէն տարի, Կաղանդ, Ծնունդ կամ Զատիկ կանոնաւորութեամբ նշելու նման, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը այս օրերուն՝ Ապրիլի 24-ին կամ անոր շուրջ, կ’ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնը: Եկեղեցական թէ քաղաքական տարբեր միջոցառումներով մէկ կողմէ կը ձգտինք յարգել այժմ սրբացած մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակներուն յիշատակը, իսկ միւս կողմէ ալ, դժբախտաբար, երթալով տկարացող փորձեր կը կատարենք արդարութիւն եւ հատուցում պահանջելու համար յանցագործ Թուրքիայէն եւ ամբողջ աշխարհէն, աւելի քան մէկ դար առաջ մեր ազգովին կրած անդարմանելի կորուստներուն համար:
Այս տարի սակայն, այս յօդուածը կը գրենք ահազանգ հնչեցնելու համար եւ ստորագծելու համար թէ համաշխարհային քաղաքական կրկէսին մէջ այլեւս հայ ժողովուրդին համար տուեալները եւ տրամադրութիւնները անհամեմատօրէն աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ են քան եղած են երբեւիցէ, գրեթէ ամբողջ անցեալ մէկ դարու ընթացքին:
Մինչ պարզապէս սովորութիւնը շարունակելով, արդէն իսկ ամէն կողմ կը կատարուին դասական կաղապարով Ապրիլեան նշումները, այս յօդուածով կուզենք առաւելագոյն ուժգնութեամբ ցնցել Հայաստանեան թէ Սփիւռքեան ղեկավար եւ պատասխանատու շրջանակները, յայտնելու համար թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ եթէ պարզապէս սահմանափակուինք եւ բաւարարուինք սովորական այսպիսի նշումներով, իսկապէս լրջութեան ահաւոր պակաս մը ցուցաբերած պիտի ըլլանք մեր ազգային սուրբ դատին, մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ մանաւանդ մեր հայրենիքի գոյութեան իսկ վտանգող սպառնալիքները զսպելու համար ունեցած մեր պարտականութեանց նկատմամբ:
Արդարեւ, բոլոր անոնց համար որոնք անկողմնակալ, եւ վերլուծական սուր աչքով, կը հետեւին հայ ժողովուրդը առնչող ազգային քաղաքական ընթացիկ զարգացումներուն, ակնյայտ է թէ վերջին շրջանին եւ յատկապէս վերջին տարուան ընթացքին, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ազգային դիմադրողականութեան գործօնները արագընթաց կ’երթան դէպի լուրջ տկարացում: Եթէ արտասովոր ջանքերով ու համազգային գիտակից ծրագրումով, չկատարուին լուրջ վերակազմակերպման աշխատանքներ, դիմադրականութեան այդ տկարացումը անխուսափելիօրէն պիտի յանգի իսկական անդառնալի ազգային ընդհանուր ամլացման:
Այս իմաստով առաջին հերթին չափազանց մտահոգիչ է այսօր կացութիւնը նոյն ինքը հայրենիքին մէջ:
Ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ տեղի ունեցող կարևոր զարգացումները ամէն օր աւելի կը տկարացնեն, դժբախտաբար արտագաղթով և այլ պատճառներով, այսօր երկրին եւ ժողովուրդին ունեցած արդէն իսկ դիւրաբեկ՝ ազգային դիմադրականութիւնը:
Այս մտահոգիչ զարգացումներուն պատասխանատուութիւնը անխուսափելիօրէն եւ փաստօրէն առաջին հերթին կ’իյնայ օրուան իշխանութեան ուսերուն վրայ: Այստեղ կուզենք ստորագծել թէ այս նկատողութիւնը կը կատարենք բոլորովին անկախաբար որեւէ յատուկ անձի մը կամ կազմակերպութեան մը դէմ մրցակցական կամ այլ տեսակի պայքարի մը մասնակցելու կարճատես դիտաւորութենէն: Արդարեւ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մայր հայրենիքին՝ գոյութենական տագնապը այսօր, շատ աւելի լուրջ է քան մրցակցական կամ կողմնակցական որեւէ նկատում:
Քանի որ արդէն իսկ այս նիւթը կրկնակիօրէն արծարծած ենք թէ մենք եւ թէ ահազանգ հնչեցնող տարբեր աղբիւրներ, յիշեցման ձեւով, կարեւորագոյն քանի մը տուեալներն են միայն, որ պիտի թուարկենք:
Խօսելով ներքին ճակատին մասին, հայրենիքին ներքին կեանքին մէջ, բոլորովին անընդունելի եւ դատապարտելի են, Թուրք-Ազերի ակնյայտ ճնշումներուն տակ, բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, իշխանութեանց կողմէ վերջերս առաջ քաշուող հակազգային առաջարկներու շարքը որոնց կարգին՝ ազգային սրբագոյն նշանաբան Արարատ լեռը զինանշանէն վերցնելու առաջարկը, նոյնքան անընդունելի են դասագիրքերու մէջ ազգայնական աւանդական խրոխտ արտայայտութիւնները վերացնելու, Սահմանադրութենէն եւ այլ պաշտօնական արտայայտութեանց միջոցներէն պահանջատիրական դասական դրսեւորումները վերացնելու առաջարկները եւայլն:
Արտաքին ճակատին վրայ , նոյնքան եւ աւելի մտահոգիչ է Հայաստանին ներկայիս վարած խեղճացած, պարտուողական քաղաքականութիւնը:
Արդարեւ իշխանութիւնը, խաղաղութիւն հետապնդելու թէև անվիճելիօրէն ազնիւ պատրուակով, գործնականին մէջ, որդեգրած է իր ոխերիմ դրացիին տարածքային բոլոր պահանջներուն հնազանդօրէն եւ միակողմանի ենթարկուելու, կործանիչ եւ մանաւանդ ապարդիւն քաղաքականութիւնը: Այս քաղաքականութեան մեծագոյն զոհը հանդիսացաւ՝ ամիսներ առաջ քանի մը ժամուայ մէջ ամբողջ Արցախի կորուստը: Կործանիչ է այս քաղաքականութիւնը մանաւանդ, որովհետեւ ակնյայտ է թէ ոխերիմ Ալիեւին պահանջները վերջ չունին: Աւելի ճիշդը անոնց իսկական վերջը Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական վերացումն է:
Յաջորդաբար, խոր մտահոգութեամբ պէտք է նշենք թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն անհեռատես եւ անպատրաստ նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ Ապրիլ 5-ին՝ Պրիւքսէլեան գագաթնաժողովին ցուցադրական մեծ բեմադրութիւնը: Անոր յաջորդող օրերուն , արդէն իսկ ամէն օր քիչ մը աւելի կը յայտնուին այդ ժողովէն ակնկալուած ենթադրեալ մեծ արդիւնքներուն ետին գոյութիւն ունեցող, ընդհակառակը իսկապէս ծանր եւ մտահոգիչ հետեւանքները:
Արդարեւ իշխանութիւնը ենթադրաբար այլապէս օգտակար դառնալիք, Պրիւքսէլեան 180 աստիճան դէպի Արեւմուտք շրջադարձը կատարեց , ակնյայտօրէն առանց ինքզինք պատրաստած ըլլալու այդ շրջադարձէն բխելիք ռազմական, դիւանագիտական եւ տնտեսական լրջագոյն հետեւանքներուն: Թէ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ թէ ժողովուրդը, դժբախտաբար արագօրէն պիտի անդրադառնան թէ քանի մը հարիւր միլիոն տոլարներու օժանդակութիւնը եւ անոնց հետ Հայաստանի ի նպաստ Պրիւքսէլի մէջ շռայլուած գովաբանական արտայայտութիւնները եւ խոստումները խաբկանք մը կրնան մնալ միայն քանի որ նոյն ժամանակ, ռազմական եւ ռազմագիտական աջակցութեան եւ ուղիղ պաշտպանութեան հաւաստիք չտրուեցաւ Հայաստանին
Ահա այս բոլորը նկատի առնելով, Ապրիլեան լրջագոյն այս խոկումներուն առիթով, ստիպողաբար կը վերյիշեցնենք ոչ միայն Հայաստանի իշխանութեանց, այլ նաեւ ընդդիմութեան, մտաւորական, կուսակցական եւ այլ պատասխանատու շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ ժողովուրդին, թէ այսօր աւելի քան երբեք բոլոր միւս նախաձեռնութիւններէն առաջ, Հայաստան պէտք է գերագոյն առաջնահերթութիւն նկատէ մէկ կողմէ իր բոլոր կարող ոյժերու մասնակցութեամբ մշակել ազգային փրկութեան միացեալ քաղաքականութիւն մը, եւ միւս կողմէ իրականացնել Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութեան համար ռազմական գերարդիական անխոցելի բանակ մը և համակարգ մը:
Այս երկու ազդակներու հզօրացումը ապահովելէն ետքն է միայն, եւ պատերազմի բարձրագոյն մակարդակով պատրաստ ըլլալէն ետքն է միայն որ Հայաստան արդարօրէն կրնայ ինքզինքին թոյլ տալ ձեռնարկելու դիւանագիտական անկաշկանդ եւ յախուռն տարբեր գործառնութեանց:
Ապրիլեան մեր խոկումներուն միւս առանցքը կը վերաբերի հայ աշխարհի միւս բեւեռին որուն մակերեսային հեշտութեամբ կ’ակնարկենք որպէս Սփիւռք: Այս մէկ բառով ակնարկուած մեր ժողովուրդին բազմամիլիոն մեծագոյն հատուածը, յաճախ կը մոռնանք թէ տառացիօրէն տարածուած է մոլորակին գրեթէ ամբողջ մակերեսին վրայ: Հետեւաբար բոլորովին անիրատեսական է երբ յաճախ պատասխանատու շրջանակներու մէջ եւ կարեւոր դիրքերու վրայ գտնուող անհատներ կը խօսին «Սփիւռքի կեցուածքին» , «Սփիւռքի խորհածին» կամ «Սփիւռքէն ակնկալուածին» մասին որպէս կարեւոր ազգային միակտուր գործօն որ պարտի տարբեր ձեւերով օժանդակել համազգային պահանջներու իրականացման:
Թանկագին հայրենակիցներ, Ապրիլեան այս օրերուն ժամանակն է որ Սփիւռքի մէջ ի վերջոյ լրջութեամբ եւ իրատեսութեամբ որդեգրենք այնպիսի կեցուածք մը որ Սփիւռքը դառնայ իսկական կարեւոր ազգային գործօն մը, որ կարող ըլլայ իր մեծ նպաստը բերելու հայրենիքին եւ ազգին գոյատեւման պայքարին:
Կրկնութիւն ըլլալով վերահաստատենք թէ բազմամիլիոն անհատներով գոյացած Սփիւռքը իսկապէս հարուստ է մտաւորական եւ նիւթական բարձր կարողութեան տէր եւ բացառիկ յաջողութեանց հասած անհատներով: Մանաւանդ՝ Հայ Սփիւռքը աւելի քան մէկ ամբողջ դար իր գոյութեան տարիներուն ընթացքին, բարեբախտաբար կարողացած է իր մէջ ստեղծել տարբեր ուղղութիւններ ունեցող, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական եւ եկեղեցական նկարագրով, կարեւոր կազմակերպութիւններ որոնց շնորհիւ է միայն որ ան իրաւունք ստացած է կոչուելու «Հայ Սփիւռք»: Սակայն Սփիւռքի տարբեր այս մասնիկներուն միջեւ եթէ կան տեղ տեղ աւելի կամ պակաս համադրողական կապեր , իր ամբողջութեան մէջ ան կը մնայ մեծ հաշուով առաւելաբար ցրուած եւ հետեւաբար նաև համաշխարհային բեմին վրայ շատ փոքր կարողականութիւն ցուցաբերող համախմբում մը:
Հայ Սփիւռքին այս անկարողութեան կարծր փաստը խոր յուսախաբութեամբ ապրեցանք մանաւանդ մօտաւոր անցնող տարիներուն եւ ամիսներուն ընթացքին: Մինչ Հայաստան եւ Արցախ, ամբողջ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհին անտարբեր աչքերուն տակ կ’ապրէին մեր պատմութեան ամենաողբերգական շրջաններէն մէկը, այնքան կարեւոր նկատուած Սփիւռքը չկարողացաւ դոյզն իսկ ազդեցութիւն ցուցաբերել, թեթեւցնելու եւ նոյնիսկ առաջքը առնելու համար այդ ողբերգութեան: Այս գեր կարեւոր նիւթը ամիսներ առաջ շեշտուած կերպով արծարծեցինք այս էջերուն մէջ կոչ ուղղելով Սփիւռքի բոլոր ղեկավար շրջանակներուն, քաջութիւն եւ համարձակութիւն ցոյց տալ նախաձեռնելու համար համադրուած Սփիւռքահայ քաղաքական միացեալ կառոյցի մը ստեղծումը, որ օժտուի նիւթական, մտաւորական, օրինական եւ այլ, այսօր դիւրաւ մատչելի, բոլոր ազդակներով:
Վերջապէս, անշուշտ այս բոլորին վերջնական նպատակն է, որ Սփիւռքի այս կառոյցը, գործակցաբար մեր վերևը յիշած Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն հետ, կազմէ ՀԶՕՐ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ մը:
Այսուհետեւ այդպիսի տոկուն համակարգ մը անհրաժեշտ է, որպէսզի, լրատուական, դիւանագիտական տնտեսական եւ ռազմական գետնի վրայ, Հայաստան կարենայ յաջողութեամբ դիմադրել յաջորդական բազմաթիւ տարիներուն ընթացքին իր դէմ կատարուելիք, նախատեսելի բոլոր յարձակումներուն:
Ապրիլեան խոհերու ծիրին մէջ ընդհանուր այս ակնարկին այս եզրակացութիւնը անխուսափելիօրէն շատ պարզ եւ տրամաբանական է: Սակայն անշուշտ գիտակից ենք թէ անոր գործադրութիւնը իրատեսօրէն աննախադէպ ըլլալով նոյնքան ալ շատ դժուար է:
Սակայն ինչպէս շեշտեցինք այս յօդուածին սկզբնաւորութեան, եթէ Հայ Աշխարհը բաւականանայ այս օրերուն կատարուող Ապրիլեան դասական նշումներով, այսօրուան իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, կուսակցական, եկեղեցական կամ մտաւորական, ամբողջ ղեկավարութիւնը հաւաքաբար, պատասխանատու պիտի նկատուին, մօտ թէ աւելի հեռաւոր ապագային սպասուած գոյութենական՝ ողբերգական տագնապներուն բոլոր տխուր հետևանքներուն համար:
Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ղեկավարութեան յաւակնութիւն ունեցողները, բոլորը, պարտին գերագոյն ճիգերով վար առնել նախատեսելի բոլոր պատնէշները որպէսզի եթէ ոչ կատարելութեամբ, սակայն գոնէ մեծ չափով յաջողութեամբ դիմագրաւենք այս մեծ մարտահրաւէրը, ապահովելու համար հայ պետականութեան պատուաւոր վերապրումը, եւ մեր պարտքը եւ յարգանքը իսկապէս կատարած ըլլանք մեր սրբացած բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին: