– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն ետք առկայ վիճակը։ Ի՞նչ փոխեց հանրահաւաքը, եւ այսօր ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն Ստեփանակերտի մէջ:
– 30 Հոկտեմբերի, Ստեփանակերտի հանրահաւաքը բաւական տպաւորիչ էր, ամէնէն առաջ, քանակական առումով: Պաքուի բռնապետի երբեւէ ըրած այն յայտարարութիւնը, թէ Ղարաբաղի մէջ հազիւ 25.000 հայ կը բնակի՝ միանշանակ հերքուեցաւ: Հանրահաւաքի մասնակիցներու մասին տարբեր թիւեր կ’ըսեն, բայց էականն այստեղ ժողովուրդի միասնութիւնն է, որ Արցախի համար ծանրագոյն այս ժամանակահատուածի մէջ լաւագոյնս դրսեւորուեցաւ: Պէտք է, սակայն, կարողանալ պահպանել միասնական ոգեւորութիւնը, որովհետեւ պատերազմէն ետք, հանրութեան մօտ յառաջացած ճնշուածութիւնը տակաւին զգալի է:
Հանրահաւաքին զուգահեռ տեղի ունեցաւ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ուղիղ հեռարձակմամբ կը հետեւէին «Վերածնունդ»ի հրապարակը հաւաքուածները: Համաժողովրդական այս ցոյցին մէջ տարընկալման պահ ալ կար, որովհետեւ խորհրդարանի յայտարարութիւնը միանշանակ չընդունուեցաւ, յատկապէս ընդդիմադիր հատուածին կողմէն: Այդ մասին արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու որոշ ներկայացուցիչներ արդէն հրապարակային արտայայտուած են, եւ ես չէի ուզեր անոնց անդրադառնալ, բայց հարկ կը համարեմ նշել, որ յայտարարութիւնը նկատելիօրէն հապճեպ գրուած էր, ըստ երեւոյթին փորձորոշում չէր կատարուած: Իմ կարծիքով, այնտեղ կը պակսէր Արցախի ենթակայութեան ընդգծումը. եթէ կը խօսուի ինքնորոշման իրաւունքի մասին, ապա պէտք է շեշտուի նաեւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, որ ամրագրուած է միջազգային օրէնքներով: Մէկ այլ երկրէն, նոյնիսկ եթէ այդ Ռուսաստանն է, անվտանգութեան աջակցութիւն խնդրելը, մեղմ ասած, երկրի խորհրդարանին վայել չէ: Գուցէ ես չհիմնաւորուած ինքնավստահութիւն կը դրսեւորեմ, բայց հակամարտութիւնը տակաւին աւարտած չէ, նոր լայնածաւալ բախումները շատ հաւանական են, եւ պէտք է պահպանել նաեւ թշնամիին սպառնալու լեզուն, եւ հակառակը՝ պէտք է պարտութեան հետ համակերպուիլ:
-Վերջերս մենք նկատեցինք, որ Արցախեան հարցի լուծման առընթեր, յետաձգման ինչ որ շեշտադրումներ կը կատարուին, յատկապէս Սոչիի մէջ եղած գագաթաժողովի ծիրէն ներս. այդ մէկը ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել եւ արդեօք այդ մէկը դրակա՞ն է կամ մտահոգի՞չ է, կամ առհասարակ դուք ինչպէ՞ս կը մտածէք Արցախի հարցի լուծման համար յատուկ ժամանակակէտ մը, ժամանակամիջոց մը յարմարացնելու վերաբերեալ:
–Սոչին դատավճիռ չէ, պէտք չէ ցաւագին վերաբերուիլ նոր եռակողմ յայտարարութեան: Ենթաթեքստերը այլ յուշումներ ալ ունին, մասնաւորապէս, Արցախեան հակամարտութեան լուծուած չըլլալը: Ալիեւի հրապարակային խօսքերուն մէջ, որոնք ան պարբերաբար կը հնչեցնէ տարբեր հարթակներու վրայ, հակասութիւններ կան: Վերջինս ստորագրած է 2020 թուականի նոյեմբերեան փաստաթուղթին տակ, ուր նշուած է խաղաղարար ուժերու, թէկուզ ժամանակաւոր, ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութեան մասին: Այս կը նշանակէ, որ Ալիեւը կ’ընդունի հակամարտութեան՝ «քոնֆլիքթ»ի շարունակականութեան փաստը: Խաղաղապահութեան հրամանը՝ «մանտաթ»ը կ’ենթադրէ չէզոք երկրի զինուժի տեղակայում հակամարտող ուժերու միջեւ: Ի հարկէ, ներկայ դէպքի պարագային, խաղաղապահ առաքելութիւնը, ես կ’ըսէի, «դիբիք» ռուսական տարբերակով կ’իրականացուի, որուն ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ ալ Հայաստանը առայժմ կրնան հակադրուիլ: Տպաւորութիւն կայ, որ երեք տարի յետոյ ալ այս դասաւորուածութիւնը պիտի պահպանուի: Ռուս-ուքրանական պատերազմի գործօնն այս համաթեքստի մէջ, անշուշտ, պէտք չէ անտեսել, բայց յուսանք, որ այդ ազդեցութիւնը վճռորոշ չ’ըլլար Արցախի յետագայ ճակատագրին վրայ:
Կարգավիճակի հարցը յետաձգելը, որուն մասին ի դէմս ՌԴ նախագահի՝ նոյնպէս խօսուած է Սոչիի մէջ, բնաւ չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Կարգաւորման խնդիրը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակին մէջ, քառորդ դար շարունակ քննարկուած ու անընդհատ յետաձգուած է, որուն հետեւանքը եղաւ 44-օրեայ պատերազմը: Հետեւաբար, պէտք է պատրաստուիլ հերթական բազմօրեայ պատերազմին, քանզի այլընտրանք չունինք, եթէ կ’ուզենք, որ Արցախը հայկական մնայ: Այս պէտք է համազգային օրակարգ դառնայ:
– Ռուսաստան, այսպէս տողատակի մերժեց իր խաղաղապահ ուժերուն Արցախի տարածքին երկարաժամկէտ կերպով պահելու, Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջարկը: Այդ ինչո՞վ կը բացատրէք, եւ այս մօտեցումին դիմաց ի՞նչ պէտք է խորհին ե՛ւ Արցախի ե՛ւ Հայաստանի իշխանութիւնները:
–Այդ հարցին արդէն պատասխանած եմ: Ի յաւելումն կ’ըսեմ հետեւեալը. ռուսերը տարածաշրջանէն ոչ թէ դուրս գալու, այլ ամրապնդուելու նպատակ ունին: Ինչպէս կ’ըսեն՝ «սուրբ տեղը դատարկ չի մնար»։ Եթէ անոնք Արցախէն հեռանան, ռուսերուն կը փոխարինեն ամերիկացիները կամ ուրիշներ: Ընդունինք՝ սա ցանկալի բեմագիր մը չէ, նաեւ հարեւան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար: Արցախը՝ թող ներուի համեմատութեան համար, նման է արհեստագործական կարեւոր գործիքի, որ իսկական վարպետը, օրուայ աշխատանքը աւարտելէն յետոյ, մէկ կողմ չի շպրտեր:
Արցախեան խաղաքարտը, կարծեմ, դեռ երկար կը խաղարկուի, ցաւօք, հայերու նոր զոհողութիւններու գնով: Այս առումով, Արցախի և Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ թէ խորհելու, այլ գործելու խնդիր ունին՝ ուժ գտնելու, միասնաբար դիմագրաւելու այսօրուան ու վաղուան մարտահրաւէրները:
– Շրջան մը Արցախի մէջ իշխանափոխութեան սուր պահանջք կար, կային քննարկումներ, բողոքի այսպէս նշոյլներ, որոնք մարեցան. այսօր Արցախի ներքաղաքական պատկերը ի՞նչ է եւ ի՞նչ զարգացումներու պէտք է սպասել:
-Օրերս, մասնաւոր զրոյցի մը ժամանակ, մեր մտաւորականներէն մէկը, իբրեւ անդրադարձ իշխանափոխութեան փորձերուն, ըսաւ. «Երկիր մնացա՞ծ է, որ իշխանութիւն ըլլայ, ու նոյնիսկ զայն փոխելու կարիք յառաջանայ»: Չկիսելով հանդերձ անոր այս տեսակէտը, նկատեմ, որ իշխանափոխութեան սուր պահանջքը թուլցած է, Արցախի մէջ լայն լիազօրութիւններով նոր պետական նախարարի նշանակմամբ: Առայժմ դժուար է ըսել, թէ ինչքանով արդիւնաւէտ կ’ըլլայ այդ փոփոխութիւնը, բայց բանական օրէն մտածող հատուածը լաւատես է:
Բնական է, եթէ սպասումները չարդարանան, հանրային նոր պահանջադրութիւններ կ’ըլլան, եւ այդ մասին արդէն յայտարարած է ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներէն մէկը:
– Միւս կողմէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արցախի իշխանութիւններուն յարաբերութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, արդեօք ձեր կարծիքով առո՞ղջ են այդ յարաբերութիւնները. այդ առումով ալ մտավախութիւններ կա՞ն, կամ ամէն բան բնականոն հունի մէջ է:
-Ինչ ալ ըլլայ, Արցախի ու Հայաստանի իշխանութիւններու յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան խիտ հայանպաստ: Թշնամի երկիրներով շրջապատուած ըլլալը անփոփոխ պարտադրանք մը ունի՝ չկորսնցնել զգօնութիւնը: Տարակարծութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, անվստահութիւնը միայն կը պառակտեն մեր միասնութիւնը: Այդ ինքնասպանութիւն է: Յոյս ունիմ, որ մենք այդ ճանապարհի վրայ չենք:
– Վերջին հարցս կը վերաբերի այն տեղեկատուական հոսքին, ըստ որուն, Արցախի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Մոսկուա պիտի այցելէ. լսա՞ծ էք այդպիսի բան կամ արդեօք առաջիկային Արցախի իշխանութիւնները կը դիմե՞ն ուղղակի Մոսկուայի հովանաւորութեան տակ ըլլալու այսպէս խնդրանքին կամ առաջարկութեան. այդ մասին ի՞նչ կը խորհիք:
–Տեղեակ չեմ նման պատուիրակուած այցի մասին, թէպէտ մոսկովեան որոշ շրջանակներու հետ մարդասիրական բնոյթի շփումները օրինաչափ կը համարեմ: Ռուսները իրենք կը յայտարարեն Արցախին մարդասիրական աջակցութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան մասին, եւ ինչքան կը յիշեմ՝ նոյնիսկ նման կոչ ըրած են միջազգային հանրութեան:
Մոսկուայի հովանաւորութեան դիմելու ցանկութիւնը, ի դէպ, Արցախի մէջ նոր չէ: Տակաւին 1989 թուականին այդպիսի փորձ եղած է, երբ ղարաբաղեան որոշ «աքթիւիստ»ներ նախաձեռնած են ՌԽՍՖ-ին (Խորհրդային Ռուսաստան) միանալու ընթացակարգ մը, որ ձախողած է Մոսկուայի մերժմամբ: Եթէ Քրէմլին պէտք ըլլայ Արցախը իր խնամատիրութեան տակ պահելը, այդ մէկը կ’ընէ առանց որեւէ բարդոյթներու: Բայց այդ մէկը, այսօր հազիւ թէ օրակարգային ըլլայ ՌԴ համար, եւ այստեղ, անկասկած, յատկանշական է Թուրքիոյ պարագան:
Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի