Երկար տարիներ ծրագրուած Կոմիտաս Վարդապետի արձանի զետեղումը վերջապէս իր լրումին հասաւ Ուրբաթ՝ 4 Սեպտեմբեր, 2020-ին:
Մոնթրէալի հանրային զբօսայգիներէն՝ Parc Arménie-ի մէջ զետեղուելիք արձանը, որ կը գտնուի Հայ Կեդրոնի ճիշդ դիմացը, քաղաքական եւ մանրուք հաշիւներու զոհ գնաց եւ արձանի զետեղումը որ պիտի զուգադիպէր Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակին վիժեցաւ: Սակայն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ արուեստագէտ Տօքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի ճիգերով ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտեցաւ, այս անգամ սակայն Parc Arménie-ի ճիշդ դիմաց Հայ Կեդրոնի պատկանող հողաշերտին վրայ:
Պատնէշները շատ էին ու ամէն քայլափոխի նոր պայմաններ ու պահանջքներ կը դիզուէին կազմակերպիչներուն առաջ, սակայն անոնք մի առ մի լուծումներ գտնելով արձանի քօղազերծումը յաջողցուցին այս անգամ Կոմիտասի մահուան 85 ամեակին առիթով:
Գաղութային ղեկավարներու, կղերականներու, կուսակցական ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու ինչպէս նաեւ ներկայ փոքր թիւով հասարակութեան ներկայութեամբ քօղազերծուեցաւ:
Տօքթ. Տարագճեանի յղացած Կոմիտասի կիսանդրին որ զետեղուած է իր մարմինը պատկերացնող սեւ կրանիթեայ պատուանդանի մը վրայ, որմէ դուրս ելած երկու ձեռքերը որոնք ոլորուած նօթաներու թուղթ մը կը բռնէին: Այս Կոմիտասի կերպարի ներշնչումն էր իւրայատուկ Կոմիտասի նկար մը որ Եգիպտոսի նկարահաններէն մէկուն գործն էր: Պատշաճ խօսքեր ըսուեցան ներկայացուցիչներու եւ արուեստագէտներու կողմէ: Ներդաշնակութիւնն, լուսաւորումը եւ այդ անկիւնի համադրումը կատարեալ էր:
Այս արարողութիւնէն յետոյ ներկաները ուղղուեցան Տիկ. Կէօնճեան անուան ցուցասրահ, որուն մէջ վայելեցինք Տօքթ. Տարագճեանի ստեղծագործած կիսանդրիներու ցուցահանդէսը:
Ծանօթ հայ անձնաւորութիւնները իրենց կիսանդրիներով կը տողանցէին մեր առաջ, Խաչատուրեան, Ազնաւուր, Կորգի, Վահան Թէքէեան, Արմէն Գարօ… եւ ուրիշներու կերպարները կարծես իրենք ալ վարպետին հետ կայցելէին այս յատուկ ցուցահանդէսը:
Տօքթ. Տարագճեան թէեւ բժշկութիւն ուսանած է, ան ինքնուս ձեւով իր քանդակագործութեան տաղանդը մշակած է եւ հասած բարձրագոյն արուեստի մակարդակի: Անոր վերջին ստեղծագործութիւնները նաեւ աչքառու էին իբրեւ նորութիւն: Այդ bi-dimensional կիսանդրիները իրենց յատուկ լուսաւորութեամբ վայելք մը կը շնորհէին այցելուներուն:
Շնորհակալութիւն Տօքթ. Տարագճեանին իր բացառիկ եւ կամաւոր օժանդակութեան, իր կիսանդրիներով անմահացնելու այդ տիտանային անձնաւորութիւնները: Հոս արժէ նաեւ յիշել որ Տօքթ. Տարագճեանի գործերը զետեղուած էր զանազան աչքառու վայրերու մէջ ինչպէս՝ Yousouf Carsh – Ottawa, Chateau Laurier պանդոկի առաջ, Եղեռնի նուիրուած symbolic արձան Սարդարապատի թանգարան, Արմէն Գարօ Washington Հայաստանի դեսպանատուն, մեծեր գերիրապաշտ (surrealist) 4 արձաններ, Խաչատուրեան թանգարան, ընթերցողի արձան Mount-Royal քաղաքի գրադարանին առաջ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Յ.Գ. Յուշարձանի բացումէն մէկ օր առաջ Տօքթ. Տարագճեան ելոյթ ունեցաւ Թ.Մ.Մ.- ի առցանց հաղորդումի մը, որուն ընթացքին տեսանք իր ստեղծագործական բազմաթիւ նմուշները: Այդ հաղորդման ընթացքին Տօքթ. Տարագճեան յայտարարեց թէ Արշիլ Կորգիի կիսանդրի մը կը նուիրէ Թ.Մ.Մ.- ի արուեստի հաւաքածոյին:
Թ.Մ.Մ.- եան վարչութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը գնահատէ Տօքթ. Տարագճեանի ընծայած արժէքաւոր կիսանդրին: