Յատուկ Գնահատանք Գանատահայոց Թեմին

Մինչ ամէնքս ենթարկուած ենք Քորոնավիրուսի աննախընթաց աղէտէն բխող ամէնօրեայ տխուր եւ բարոյալքիչ լուրերուն, միւս կողմէ, յատկապէս անցնող Աւագ Շաբթուայ իւրաքանչիւր օր եւ մանաւանդ Ս. Զատկուայ տօնին առիթով մեր եկեղեցիները, մեր տուները լեցուցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հոգեպարար արարողութիւններու հեռարձակումներով, Facebook-ի բոլորին մատչելի էջերուն շնորհիւ:

Տեղին է որ այս առիթով արտայայտենք մեր բարձր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանին, Գանատահայ Թեմի ամբողջ հոգեւորականաց դասին, ինչպէս նաեւ Թեմական եւ Ծխական մարմիններուն որոնք օրինակելի պարտաճանաչութեամբ գաղութիս հաւատացեալներուն առիթը տուին աւանդական այս սուրբ օրերուն չզրկուելու իրենց հաւատք եւ յոյս ներշնչող սփոփիչ ապրումներէն:

Յաւէտ պայծառութիւն կը մաղթենք մեր եկեղեցւոյ:

                                                                                                                                      ԱՊԱԳԱՅ՝

Յանուն մեր ընթերցողներուն

                                           եւ բոլոր ժողովուրդին