Ներսէս Ե. Աշտարակեցին ծնած է 1770-ի Փետրուար 13-ին, Աշտարակ։
Պատահական չէ եղած անոր հոգեւորականի առաքելութիւնը կրելու ճակատագիրը, քանզի քահանայի ընտանիքի մէջ ծնելով, ան մանկութենէն սնուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատուիրաններով։
Պատմաբանները գրած են որ պատանի Թորոսը եղած է վտիտ ու կարճահասակ, իսկ բնաւորութեամբ՝ հնարամիտ, աշխոյժ, ընթերցասէր եւ զարմանալի յիշողութեան տէր։
Ներսէս Աշտարակեցիի կրօնի, եկեղեցւոյ հետ սերտ կապը ամրապնդուած է դեռեւս Էջմիածնի ժառանգաւորաց դպրոցին մէջ, ուր ստացել է հոգեւոր կոչում։
Քսանմէկ տարեկանին սարկաւագ ձեռնադրուած է, երեք տարի անց՝ վարդապետ, Թորոս անունը փոխելով Ներսէսի։
1808-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, 1814-ին՝ արքեպիսկոպոս եւ նշանակուած է Վրաստանի Հայոց հոգեւոր առաջնորդ։
Անգնահատելի է Ներսէս Աշտարակեցիի գործունէութիւնը կրթական ոլորտէն ներս.
1815-ին, Թիֆլիսի մէջ հիմնադրած է վանական դպրոց քսան երեխաjի համար։ Այստեղ ուսանած են Խ. Աբովեանը, Ս. Նազարեանը, իսկ 1824-ի Փետրուար 24-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնադրած է Ներսիսեան դպրոցը, որ պատմութեան մեջ մնացած է որպէս Կովկասի առաջին խոշոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը։
Այս առիթով, վրացի զօրավար Օթար Ամիլախաւարը Ներսէս Աշտարակեցիին որպէս շնորհակալական խօսք՝ «Դուն հայրենիքիս մէջ մեծ լապտեր վառեցիր»,- ըսած է։
Ներսիսեան դպրոցին մէջ ուսումը անվճար էր։ Այստեղ հայ աշակերտներու հետ ուսանած են նաեւ վրացի, յոյն, հրեայ, թուրք երեխաներ։
Դպրոցի գործունէութեան տարփեր փուլերուն մէջ, հայ անուանի մասնագէտներու կողքին, դասաւանդած են նաեւ Փարիզէն, Թաւրիզէն հրաւիրուած առաջատար ուսուցիչներ, որոնք կրօնի հետ միասին դպրոցին մէջ ասաւանդած են բնագիտութիւն, գրականութիւն, նկարչութիւն, օտար լեզուներ, պատմութիւն եւ այլն:
Ներսիսեան դպրոցի սաներէն են Պերճ Պռոշեանը, Դերենիկ Դեմիրճեանը, Ղազարոս Աղայեանը եւ շատ այլ ականաւոր հայ մեծեր։
Ներսէս Աշտարակեցիի ջանքերով Թիֆլիսի մէջ հայկական տպագրութիւնը սկիզբ առած է. անոր հովանաւորութեամբ Ամսդերտամի հայկական տպարանը տեղափոխուած է Թիֆլիս։
1826-1828 թուականներուն, ռուս-պարսկական պատերազմի առաջին օրերէն սկսած, Ներսէս Աշտարակեցին ազգային մեծ գործունէութիւն ծաւալած է:
Պատերազմի սկիզբին ան հայրենասիրական կոչ մը ուղղած է բովանդակ հայ ժողովուրդին, որով յորդորած էր զէնք վերցնել եւ ռուս զինուորներու հետ ուս ուսի տուած կռուիլ թշնամիին դէմ։
Ահա ինչպէս հոգեւոր առաջնորդը ոգեւորած է իր հայրենակիցները.
«Հասաւ ժամը, երբ աչքով պիտի տեսնենք Արարատեան աշխարհի եւ հայոց ազգի ազատութիւնը. հասաւ ժամը, երբ Մայր Աթոռը պիտի վերականգնէ իր վաղեմի անկախութիւնը… ժամն է արդէն, օ՜ն անդր… հիմա կամ երբեք»։
Այսպէս, Թիֆլիսի մէջ հայկական կամաւորական ջոկատներ կազմելով, Աշտարակեցին մասնակցած է ռուսական զօրքերու երեւանեան երրորդ արշաւանքին։
1827-ին, ռուսական զօրքերը կամաւորական ջոկատներու հետ միասին գրաւած են Երեւանը։ քանի մը օր անց ստեղծուած է Երեւանի ժամանակաւոր վարչութիւն մը, որու կազմին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Ներսէս Աշտարակեցին։ Անոր ջանքերով անմիջապէս 1000 հոգիէ բաղկացած հայկական զօրամաս մը կազմուած է, երկրին մէջ ռուսական զօրքերուն հետ կարգ ու կանոն ապահովելու համար։
Ներսէս Աշատարակեցիի ռուսանպաստ դիրքորոշումը, ռուսական զօրքերուն եւ իշխանութեան ցոյց տուած ծառայութիւնները բազմիցս ցարական կառավարութեան բարձր գնահատականին արժանացած են. 1828-ին, Ներսէս Աշտարակեցիին Ալեքսանտր Նեւսկիի շքանշան շնորհուած է։
Իսկ Նիկոլայ Առաջին ցարը իր երախտագիտութիւնը այսպէս յայտնած է.
«Բոլոր հայերու նկատմամբ մեր կայսերական բարեացակամութիւնը կը յայտնենք եւ կը վստահեցնենք մեր կայսերական խօսքով, որ ապագային ալ դէպի անոնց կը շարունակուին մեր առանձին շնորհները»…….
Անհերքելի է որ հայոց պետականութեան կորուստէն յետոյ, դարեր շարունակ հայ եկեղեցին եղած է միակ կազմակերպութիւնը, որ համազգային բնոյթ կրելով միմեանց շաղկապած է հայ ժողովուրդի անջատուած եւ տարբեր պետութիւններու տիրապետութեան տակ գտնուող հատուածները։
Արդարեւ, Ներսէս Աշտարակեցին իր եռանդուն գործունէութիւնը ռուս-պարսկական պատերազմէն յետոյ ալ շարունակած է, երբ Արեւելեան Հայաստանը միացած է Ռուսաստանին.
Ազգահաւաքման համար ներգաղթի անհրաժեշտութիւնը գիտակցելով, անոր գլխաւոր նպատակը եղած է պարսկահայերու ներգաղթի կազմակերպումը։
Ներսէս Աշտարակեցին յատուկ պատուիրակներու միջոցով բացատրական լայն աշխատանք ծաւալած է պարսկահայերու շրջանակին մէջ, անոնց յորդորելով Արեւելեան Հայաստան գաղթել։
Աւելին, երբ գաղթը սկսած է, ան ջանք չէ խնայած գաղթականներու ընդունման, բնակեցման եւ ապրուստի համար քիչ թէ շատ յարմար պայմաններու ստեղծման համար։
Պատերազմէն յետոյ իր բոլոր խոստումները արհամարհած ցարական կառավարութիւնը սկսած է շատ զգոյշ եւ հետեւողականօրէն իրագործել իր գաղութացման քաղաքականութիւնը։
Քաջ գիտակցելով հայ եկեղեցւոյ նշանակալից դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, Արեւելեան Հայաստանի վրայ ցարական օրէնքները հեշտօրէն պարտադրելու նպատակով, ցարական կառավարութիւնը նպատակադրած է հայ եկեղեցւոյ ազդեցութինը տկարացնել։
Ռուս-պարսկական պատերազմէն յետոյ Կովկասի ռուսական բանակի հրամանատար Ի. Պասկեւիչը հալածանքներ սկսած է Հայաստանի ինքնավարութեան համար պայքարող հայ գործիչներու դէմ, որոնցմէ ամենակարեւորը, միշտ նոյն ջերմութեամբ ազգային համախմբման իր հայրենանուէր գործը շարունակող Ներսէս Աշտարակեցին եղած է։
Ցաւօք, ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտին, Աշտարակեցիի մատուցած ծառայութիւնները ամբողջովին անտեսելով, Պասկեւիչը ոչինչ խնայած է անոր հեռացնելու համար.
Աշտարակեցին մեղադրուած է մահմետական բնակչութիւնը հալածելու, արքունի գանձարանի հաշուին Էջմիածնայ հարստութիւնները աւելցնելու եւ հայկական բանակ կազմակերպելու կեղծ մեղադրանքներով։
Բնականաբար, ան շուտով դուրս եկած է Երեւանի ժամանակաւոր վարչութենէն եւ խոստումները օդին մէջ ցարական կառավարութեան հրամանով, 1828-ին, Աշտարակեցին նշանակուած է հեռաւոր Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիայի թեմի առաջնորդ։
Անկասկած որ այս քայլով ցարական իշխանութիւնը ուզած է անուանի հոգեւորականը հեռու պահել հայոց պետականութեան վերականգնելու պայքարէն…
1843-ին, եօթանասուներկու տարեկանին, Ներսէս Աշտարակեցին Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրուած եւ վերադարձած է Էջմիածին, դիմադրած է հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ցարական կառավարութեան ոտնձգութիւններուն եւ զբաղած է հասարակական, կրթական և շինարարական գործունէութեամբ։ Անոր ջանքերով կարգաւորուած են Մայր աթոռի եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանի յարաբերութիւնները։
Իր բազմակողմանի գործունէութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ իշխանութիւնը իր վերահսկողութեան տակ պահելով, ան երբեք թոյլ չէ տուած որ հայ եկեղեցին իր դիրքն ու տեղը կորսնցնէ…
Վախճանած է Թիֆլիս, 1857-ին։
Էջմիածնի մէջ, Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսի շիրմաքարին վրայ փորագրուած է՝ «Պաշտպան Հայրենեաց»։
Սեւան Սեմէրճեան