Հորդանանի թագաւորական շարժանկարի յանձնաժողովը բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի Արցախի եւ արցախցիներու մասին պատմող «Իմ քաղցր երկիրը» վաւերագրական ֆիլմը ընտրած է՝ ներկայացնելու «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգով: Այս մասին, ըստ ABCMedia-ի, կը յայտնէ հոլիուտեան Deadline պարբերականը։
Ֆիլմը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժի մասին, որ կ’երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի մէջ գտնուող իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը կրկին կը բռնկի, Վրէժը ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք կը վերադառնայ, բայց արդէն աւերուած հայրենիք։ Վրէժին բաժին կը հասնին նոր փորձութիւններ, ան ստիպուած կ’ըլլայ պատրաստուելու նոր ռազմական գործողութիւններու, պայքարելու ծանր վիճակներու դէմ:
«Deadline» ամերիկեան պարբերականը կը նշէ, որ ասիկա յորդանանահայ բեմադրիչի միակ յաջող ժապաւէնը չէ։ Անոր նախորդ՝ «Մենք դեռ աւարտուած չենք» ֆիլմը արժանացած է շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու։ Իսկ «Իմ քաղցր երկիրը» ֆիլմը, որուն անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցած է այս տարուան սկիզբը Sheffield DocFest-ի մէջ, ցուցադրուած է նաեւ Ամմանի միջազգային շարժանկարի փառատօնին, արժանացած ժիւրիի մրցանակին իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ֆիլմ, ինչպէս նաեւ FIPRESCI՝ շարժանկարի քննադատներն ու շարժանկարի մասնագէտները միաւորող միջազգային ֆետերասիոնի մրցանակին՝ իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ֆիլմ: