Քիեւի մէջ հայկական մշակոյթի թանգարան բացուած է

Քիեւի Ռերիխի անուան հանրային գրադարանին մէջ արդէն մէկ ամիսէ ի վեր կը գործէ հայկական մշակոյթի «Նաւասարդ» թանգարան-սրահը: Պատմականօրէն այնպէս դասաւորուած է, որ գրադարանը երկար ժամանակ համագործակցած Է հայ համայնքի հետ, ուստի որոշում ընդունած է հայկական մշակոյթին, գրականութեանն ու արուեստին նուիրուած սրահ բանալ:

Ինչպէս կը նշէ AnalitikaUA.net-ը, Քիեւի հայ համայնքի կանանց կոմիտէի եւ գրադարանի ներկայացուցիչներու համատեղ ջանքերով հաւաքուած են մեծ թիւով գիրքեր, նկարներ եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան այլ նմուշներ: Թանգարան-սրահի բացման արարողութիւնը կայացած Է Մայրենի լեզուի միջազգային օրը` Փետրուար 21-ին Ռերիխի անուան գրադարանին մէջ, որ կը գտնուի Քիեւի Երեւանեան 12 հասցէին մէջ, ինչ որ խորհրդանշական Է:

Ինչպէս յայտնի Է, Ուքրանիոյ հայ համայնքը ամենամեծերէն ու կազմակերպուածներէն մէկն Է: Այժմ Ուքրանիոյ մէջ կ՛ապրի բազմահազարանոց հայ համայնք հանրապետութեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ուր կան եկեղեցիներ, դպրոցներ կը գործեն հասարակական-մշակութային կազմակերպութիւններ: