Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացաւ Թորոնթոյի միջազգային կինոփառատօնին

Թորոնթոյի միջազգային կինոփառատօնի ընթացքին ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» ֆիլմի վերաբերեալ անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք իրենց տպաւորութիւններն ու դիտարկումները ներկայացուցած են ֆիլմի ստեղծագործական կազմը` բեմադրիչը, դերասանները եւ արտադրողը:

«Երկար տարիներ ապրած եմ Թեհրան եւ բազմաթիւ հայ ընկերներ ունեցած եմ: Նոյնիսկ հայերէն հաշուել գիտեմ: Չափազանց երջանիկ եւ հպարտ եմ այս նախագիծին մէկ մասը ըլլալու համար: Սա հիանալի, զարմանալի եւ ժամանակակից պատմութիւն է սիրոյ մասին: Ինծի համար մեծ հաճոյք էր աշխատիլ Թերրի Ճորճի եւ Օսքար Այզեքի հետ»,- ­ «Արմենփրես»­ի փոխանցմամբ` ըսած է դերասանուհի Շոհրեհ Աղդաշլուն:

Դերասանուհի Անժելա Սարաֆեանը նշած է, որ ինք փոքր աղջիկ էր, երբ պապն ու տատը կը պատմէին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: «Անոնք կը պատմէին, թէ ինչպէս կենդանի մնացած են: Ֆիլմը ինծի համար շատ կարեւոր է: 20 տարի առաջ չէի կրնար մասնակցիլ նման ֆիլմի, հիմա երջանիկ եմ»,- ըսած է­ դերասանուհին:

«Սենարը կարդալէ ետք քիչ մը վախցայ. հաւանաբար պատճառը այն էր, որ ֆիլմին մէջ իմ հերոսս կը մահանայ: Ծանօթանալով ֆիլմի վրայ աշխատող անձնակազմին` հասկցայ, որ արհեստավարժներու հետ գործ ունիմ, եւ ամէն ինչ հիանալի եղաւ»,­- ընդգծած է դերակատար Մարուան Քէնզարին:

Ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրաիլեանի խօսքով` ֆիլմին մէջ նկարագրուող իրադարձութիւնները շատ կարեւոր են հայ ազգին համար եւ անոնց անհրաժեշտ էր անդրադառնալ: «Կը հպարտանամ մեր կատարած աշխատանքով, մեր խումբի անդամներով եւ կը կարծեմ` ասիկա ֆիլմ է այն մարդոց համար, որոնք իսկական կինօ կ՛ուզեն դիտել»,­- ըսած է ան:

«Երբ ինծի հարցուցին` արդեօք լսա՞ծ եմ «Խոստումը» նախագիծին մասին, որուն բեմադրիչը Թերրին է, իսկ գլխաւոր դերակատարը Օսքարը, ես ըսի. «Ի՞նչ»: Չափազանց ուրախ էի եւ միանգամէն համաձայնեցայ մասնակցութիւն ունենալու ֆիլմին մէջ: Սա գեղեցիկ պատմութիւն է սիրոյ մասին, եւ ես չեմ գիտեր, թէ ոեւէ մէկը իրեն ինչպէ՞ս կը պահէ պատերազմի ժամանակ: Իմ հերոսուհին ուժեղ է եւ կրնայ օգնել որբերուն»,- ըսած է­ Ֆիլմի գլխաւոր դերակատար Շառլոթ Լը Պոնը:

Ֆիլմին բեմադրիչ Թերրի Ճորճը շեշտած է, որ ֆիլմին մէջ իւրաքանչիւր հայու համար կարեւոր թեմայ կը շօշափուի, ուստի ինք փորձած է հնարաւոր չափով զգոյշ ըլլալ: «Սա պատմութիւն է, ուր ներկայացուած է զգացական սիրավէպ, որ կը յուզէ շատերը»,-­ նշած է բեմադրիչը:

Ֆիլﬕն նկարահանման ծախսերը հոգացած է աﬔրիկահայ գործարար, ﬕլիառատէր Քըրք Քըրքորեանը, որուն մասին յայտնի դարձած է անոր մահուան օրը: Ֆիլմը նկարահանած է «Survival Pictures» կինոընկերութիւնը:

Մայքլը հաﬔստ հայ դեղագործ է, ոչ ձգած է իր գիւղը ու գացած է Կոստանդնուպոլիս` ուսուﬓասիրելու բժշկութիւն: Քրիսը աﬔրիկացի ֆոտոլրագրող է, որ եկած է այդ երկիր, որպէսզի մասնակիօրէն լուսաբանէ աշխարաքաղաքական հարցեր, եւ յարաբերութիւններու է տաղանդաւոր Անայի հետ` Փարիզի մէջ ուսանած հայ նկարչուհի: Երբ Մայքլը կը հանդիպի Անային, անոնց ընդհանուր ժառանգական յիշողութիւնը կայծ կ՛առաջացնէ ու Անան կը դառնայ մրցակցութեան պատճառ երկու տղամարդոց ﬕջեւ: Երբ թուրքերը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կը ﬕանան գերմանացիներուն ու դաժանաբար կ՛ոչնչացնեն Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները, հակառակ առկայ հակամարտութեան` իւրաքանչիւրը պէտք է ելք փնտռէ փրկուելու համար։


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871