Այս տարուայ «Գանատայի Օրուայ» տօնախմբութիւն դաշտահանդէսը նախորդ տարիներուն նման շատ յաջող անցաւ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թէքէեանի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի վարչութեանց միասնական ջանքերով:
Ներկայ էր 200 հոգիէ աւելի բազմութիւն մը: Բազմաթիւ կառավարական ներկայացուցիչներու կողքին մեզ կը պատուէր Թ.Մ.Մ.-ի Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը` Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան եւ իր ազնուափայլ կողակիցը Տիկ. Նատիան:
Սոյն ձեռնարկին փայլքը կ’աւելցնէր իր ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան:
Օրուան համադամ ճաշերը պատրաստուած էին Տիկ. Վիվիկ Արմաղանեանին կողմէ:
Այս ուրախ առիթը օգտագործեցինք նաեւ տօնելով մեր նախկին Թ.Մ.Մ.-եան Վարչութեան ատենապետ Տիար Աւետիս Ճիհանեանին տարեդարձը:
Վարձքը կատար եւ շնորհակալութիւն կազմակերպիչ յանձնախումբին:
Տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան