Թուրքիոյ մէջ՝ Արամ Աւագեանը յաղթեց թուրք մարզիկին

Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի ողիմպիական վարկանիշային մրցաշարի քառորդ եզրափակիչ փուլին՝ Հայաստանը ներկայացնող 56 քկ քաշային Արամ Աւագեանը յաղթեց թուրք Իպրահիմ Կոգցեգին եւ հասաւ կիսաեզրափակիչ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀԲՖ մամուլի ծառայութիւնը: