Հալէպի Ճարտարապետական Համալսարանի Դասախօս ՌաՖՖի Քէշիշեան. «Պատերազմին Մէջ Ուժեղ Սերունդ Մը Մէջտեղ Եկաւ»

ՌաՖՖի Քէշիշեանը աւարտած է Հալէպի Պետական ճարտարապետական համալսարանը եւ ապահոված իր սերունդի երկրորդ բարձրագոյն գնահատանիշը, որուն համար համալսարանէն ներս դասախօս նշակուած է:

ՌաՖՖին «Գանձասար»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.«Համալսարանէն ներս դասախօս ընդունուիլս մէկ տարի տեւեց, այդ ժամանակաշրջանը չէի ուզեր անգործ անցնել, որովետեւ հօրս անհանգստութեան պատճառով ստիպուած էի ընտանիքիս ապրուստը հոգալ: Համալսարանական կեանքի առաջին տարուընէս արդէն սկսած էին իմ սիրած երկրորդ ճիւղիս` ուսողութեան մարզին մէջ աշխատիլ, անձնական դասեր տալով փափաքող աշակերտներու: Շարունակեցի նոյն այդ գործս ու մէկ տարի վերջ Ճարտարապետական համալսարանէն ներս դասախօս նշանակուեցայ:

«Ներկայիս թէ ճարտարապետական համալսարանէն ներս դասախօս եմ, թէ երկրորդական վարժարանի մը մէջ ուսողութեան ուսուցիչ եմ:Երրորդ նախասիրած մարզս գծագութիւնն է: Փոքր տարիքէս կը սիրէի գծել ու աստիճանաբար զարգացուցի այդ ձիրքս, հետեւելով Համազգայինի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանին: Հինգ տարիէ ի վեր «Գանձասար» շաբաթաթերթի «Կկու» մանկապատանեկան յաւելուածի գծագրիչն եմ ու հպարտ եմ, որ այս պաշտօնաթերթը պատերազմի անցնող 5 տարիներուն չդադրեցաւ հրատարակուելէ ու նոյնիսկ ամէնէն թէժ օրերուն մենք շարունակեցինք աշխատիլ թերթը գեղեցիկ տեսքով ու հարուստ բովանդակութեամբ հրատարակելու եւ մեր ընթերցողներուն ներկայացնելու համար»:

Անդրադառնալով համալսարանէն ներս իր աշխատանքին, ՌաՖՖին ըսաւ. «Թէեւ հայ դասախօսներուն թիւը շատ մեծ չէ համեմատած տեղացի դասախօսներուն հետ, սակայն բոլորս նուիրումով կ՛աշխատինք, որուն համար ալ մեծ յարգանք ու սէր կը վայելենք համալսարանի դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան կողմէ: Շատ ուրախ եմ, որ նման համալսարանի մը մէջ կ՛աշխատիմ, որովհետեւ սիրուեցայ ու սիրեցի իմ գործընկերներս: Հաւանաբար Սուրիայէն դուրս բնակողներ, յատկապէս արեւմտեան հակաքարոզչութենէն ազդուած, ենթադրեն որ Սուրիոյ մէջ խտրութիւն կայ ազգութիւններու կամ կրօններու միջեւ, բայց իրողութիւնը այդպէս չէ: Մենք որեւէ ժամանակ նման խտրութիւն չենք տեսած, ընդհակառակն. արաբ դասախօսներ, մասնագէտներ, ուսանողներ շատ մեծ յարգանք ունին մեզի նկատմամբ ու մեծ սիրով, վստահութեամբ կը գործակցին հայերուս հետ: Ու այս մէկը ոչ միայն համալսարանէն ներս, այլեւ բոլոր ոլորտներէն ներս` արհեստներու, արուեստներու եւ այլն»:

Հալէպի պատերազմական մթնոլորտին մասին խօսելով ՌաՖՖին աւելցուց. «Մենք ճիշդ է որ հինգ տարիէ իվեր զանազան դժուարութիւններ ապրեցանք ու կ՛ապրինք, երբեմն նոյնիսկ որպէս երիտասարդներ մեր աշխատանքներուն ընթացքին համացանցի, ելեկտրականութեան ծառայութենէն զրկուեցանք, երբեմն վտանգի ենթարկուեցաւ մեր կեանքը, սակայն այս պատերազմը աւելի ուժեղ դարձուց մեզ: Մենք այս հինգ տարիներու ընթացքին սորվեցանք, որ պէտք է մեր բոլոր առաւելութիւններն ու ձիրքերը գործի վերածենք, որպէսզի օգտուինք անոնցմէ: Մեր ծնողները կ՛ապաւինէին մէկ գործի: Ճիշդ է որ անոնք մասնագիտացած էին իրենց գործին մէջ, հմտացած ու բարձր դիրքերու հասած, սակայն պատերազմի ընթացքին մէկ օրուայ մէջ իրենց հիմնածը կորսնցուցին: Տարիներու իրենց շինածը փուլ եկաւ: Մենք որպէս երիտասարդներ պատերազմի մթնոլորտին մէջ աւելի հասունցանք կարծէք ու սկսանք մտածել, թէ պէտք է քանի մը գործի մէջ հմտանանք ու չկառչինք մէկ մասնագիտութեան, որպէսզի միշտ հնարաւորութիւն ունենանք աշխատելու եւ մեր ձիրքերով մեր ապրուստը վաստկելու: Այս իրավիճակը մեզ յուսահատութեան չմատնեց, ընդհակառակն. մենք աւելի զօրացանք: Պատերազմի ընթացքին մեր ընտանեկան թէ ընկերային յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդուեցան, սկսանք աւելի շատ մտահոգուիլ իրարմով, անընդհատ փնտռել իրար որեւէ փորձանքի կամ պատահարի ժամանակ: Ես ու ընկերներս աւելի մտերմացանք` թեւ թիկունք տալով ու օգնելով իրար: Զօրացանք հոգիով ու մտքով: Հարցերուն սկսանք նայիլ տարբեր դիտանկիւններէ ու աւելի ինքնավստահ դարձանք` ապաւինելով մե՛ր ուժին, մե՛ր կարողութիւններուն»:

Երբ ՌաՖՖիին հարց տուինք, թէ պատերազմական մթնոլորտը յուսահատութիւն յառաջացուցա՞ծ է մօտդ, ան պատասխանեց.

«Մենք 5 տարի առաջ կ՛ապրէինք այնպիսի երկրի մը մէջ, որ պարտք չունէր, ունէր շատ մեծ հնարաւորութիւններ, աշխատանքի հսկայ առիթներ, հիմա երբ այս երկիրը դժուարութեան մէջ է ձգենք ամէն բան ու հեռանա՞նք: Մենք շատ իմաստուն ու ջանասէր երիտասարդութիւն ունինք Հալէպի մէջ ու իմ կարծիքովս դուրս գալը լուծում չէ քանի մը պատճառներով. նախ որ ես եւ իմ նմաններս տարիներու ընթացքին մեր ճիգերով, տքնանքով ու բազում դժուարութիւններու յաղթահարումով որոշ դիրքի հասանք, մեր աշխատանքային ուղին գծեցինք, հալէպեան միջավայրին մէջ լաւ համբաւ ձեռք բերինք ու սկսանք կերտել մեր ապագան, հիմա այս բոլորը անտեսենք ու հեռանա՞նք… դժուար թէ: Ես կը հաւատամ, որ այս բոլորը վերջ մը պիտի ունենայ անպայման ու մենք` երիտասարդներս մեր բազուկներուն վստահելով պիտի յաղթահարենք դժուարութիւններն ու այս վիճակէն դուրս պիտի գանք աւելի զօրացած, աւելի հասունցած»:

ՌաՖՖին խօսելով իր աշակերտներուն եւ համալսարանի ուսանողներուն մասին ըսաւ.«Ես տեւաբար կը յուսադրեմ աշակերտներս, ու ամէն ջանք կը թափեմ անոնց գիտակցական մակարդակը բարձրացնելու համար, գիտական քննութիւններ (թեսթեր) կը պատրաստեմ, որպէսզի զարգացնեմ անոնց մտածելակերպը, քարացած վիճակէ զերծ պահելու անոնց միտքը, որպէսզի ըլլան ստեղծագործ եւ միշտ ձգտին դրականին, լուծումներ գտնեն բոլոր դժուարութիւններուն: Ես կը պատրաստեմ նաեւ Սուրիոյ գիտական ողոմպիականի մասնակցելու պատրաստակամութիւն ունեցող աշակերտներ, կ՛օգնեմ, որ հմտանան իրենց նախասիրած գիտական ճիւղերուն մէջ, եւ հպարտ եմ որ նախորդ տարիներուն հալէպահայ աշակերտներ Հալէպի թէ Սուրիոյ մակարդակով մրցանակներու արժանացան:

«Այո՛, պատերազմը յուսահատութիւն կրնայ յառաջացնել շատերուն մօտ, բայց ես լաւատես եմ: Կրնանք թիւով նուազած ըլլալ, բայց ես կը հաստատեմ, որ երիտասարդութեան նոր որակ մը մէջտեղ եկաւ այս պայմաններուն մէջ, որուն կարելի է շատ բան վստահիլ ու անկէ շատ բան ակնկալել: Հաւանաբար Սուրիայէն դուրս ապրողները այս մէկը չնկատեն, անոնք տեսնելով լոկ փլատակներու պատկերներն ու նահատակները մեր կեանքը այլ կերպով պատկերացնեն, բայց պէտք է գան Հալէպ, թաղ առ թաղ շրջին ու տեսնեն մարդոց, երիտասարդութեան, թէ ինչպէ՛ս կը գործեն, կը պայքարին, կը հաւատան այս երկրի ու համայնքի ապագային: Ես կեանքիս ողջ ընթացքին օրինակ վերցուցած եմ անապատին մէջ տուն կառուցող մարդուն ժողովրդային հեքիաթը: Երբ ան երկար ճամբայ կտրելով մէկ առ մէկ քարեր կը բերէր, որպէսզի դատարկ անապատին մէջ տուն կառուցէր, իսկ ճամբուն վրայ երբ մարդիկ հանդիպէին իրեն, կ՛այպանէին, կը դատապարտէին, ըսելով թէ ի՛նչ կ՛ընես, անկարելի է անապատին մէջ տուն կառուցել, սակայն այդ մարդը, առանց մտիկ ընելու ըսի ըսաւները, շարունակեց իր գործը, կառուցեց իր տունը ու երբ աւարտեց, տեսաւ թէ մարդիկ իր շուրջ հաւաքուած էին ու ծափողջոյններով կը քաջալերէին զինք: Մարդը չէր լսեր անոնց քաջալերական խօսքերը, որովհետեւ խուլ էր: Ես չեմ ըսեր անշուշտ, որ պէտք է խուլ ըլլանք, ականջ չտանք այլ կարծիքներու, ինքնագլուխ աշխատինք, ոչ…սակայն պէտք չէ տարուինք տարաձայնութիւններով: Ես իմ ուժերուս վստահելով ու տեսլական ունենալով պիտի շարունակեմ նորանոր նուաճումներ ձեռք բերել, իմ կողքիս ունենալով զիս քաջալերողներ, ոչ թէ յուսահատութեան մատնողներ ու կը հաւատամ, որ այս համայնքը, այս երկիրը պիտի վերականգնի»: