Մելգոնեանի Ուսուցիչները.Վարդգէս Գուրուեան

Եթէ մելգոնեանցիները մասնաւոր տեղ մը կը գրաւեն հայ կեանքի զանազան բնագաւառներու մէջ, սկզբնական շրջանին, մանաւանդ կրթական, գրական եւ խմբագրական մարզերուն մէջ, մեծաւ մասամբ կը պարտին իրենց նուիրեալ ուսուցիչներուն, որոնք անձնուիրաբար եւ մեծ զոհողութիւններով դաստիարակած են զանոնք (եւ մեզ)։

1926-ին երբ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը իր դռները բացաւ հարիւրաւոր որբերու առջեւ, շատ մեծ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէին ՀԲԸՄիութեան ղեկավարներն ու Հաստատութեան պատասխանատուները։ Ազգ մը ամբողջ բնաջնջուած էր։ Մնացորդաց խլեակներուն մէջ մեծ թիւ մը կը կազմէին որբերը, որոնք, Սուրիական անապատներէն եւ այլուր հաւաքուած էին որբանոցներու մէջ, ուր որքան սնունդ չկար, նոյնքան ալ ուսում եւ դաստիարակութիւն չկար։ Կարեւորը որբերը ստոյգ մահէ ազատելն էր առայժմ, յետոյ՝ ուսման «շռայլութիւն»ը։ Հակառակ որ Մելգոնեանը առաջին օրէն «Կրթական Հաստատութիւն» կը կոչուէր, պէտք էր սակայն որբերուն նախ խնամել, եւ ապա միայն մտածել «կրթութեան» մասին։

Որբանոցներէն (գլխաւորաբար ՀԲԸՄիութեան որբանոցներէն) հաւաքուած տղաքն ու աղջիկները 1926-ին սկսան Մելգոնեան հասնիլ։ Գիտակցաբար թէ «արեան կանչով», պատասխանատուները գիտէին որ որբերու այս սերունդները սերմերը պիտի ըլլային վաղուան հայութեան, եւ հետեւաբար որքան որ լաւ պատրաստուած ըլլային անոնք, այնքան լաւ կամ յաջող պիտի ըլլար արտերկրի հայութեան ապագան։ Վերապրելու բազմաթիւ հարցերու կողքին կար նաեւ որոշապէս կրթեալ սերունդ մը պատրաստելու հարցը։ Այս սերունդը երբ դուրս գար Մելգոնեանէն, պիտի եւ պէ՛տք էր երթար նորակազմ գաղութներու մէջ կրթական, խմբագրական, միութենական թէ այլ ազգային կառոյցներու մէջ աշխատելու կամ պաշտօնավարելու։ Բարերար Աղա Կարապետ Մելգոնեանի փափաքը պէտք էր կատարուէր – «ազգիս վրէժը լուծելու համար կը կառուցեմ այս վարժարանը»։

Լաւ դաստիարակելու համար այս որբերու սերունդը, անհրաժեշտ էր լաւ, որակեալ եւ նուիրեալ ուսուցիչներ գտնել։ Եւ զարմանալիօրէն, այդ տխուր պայմաններուն մէջ, ՀԲԸՄիութեան եւ Հաստատութեան պատասխանատուները մնացորդաց մտաւորականութեան լաւագոյն ուժերը Հաստատութիւն հրաւիրեցին նախ ազգային առողջ դաստիարակութիւն ջամբելու եւ ապա կարելի միջոցներով լաւագոյն ուսումը պարգեւելու փրկուած խլեակներուն։

Ցանկը երկար է սկիզբի տասնամեակներուն որակեալ եւ ազգային ոգիով լեցուն ուսուցիչներուն, որոնք Մելգոնեանի մէջ իրենց առաքելութիւնը նկատած էին այդ որբերուն հոգիները, բարոյական կորովն ու ապագային յոյսը ներդրելով զանոնք պատրաստելու առաքեալները ըլլալու Սահակ – Մեսրոպին՝ եւ նաւապետները ՝ այն խլխլած մակոյկներուն՝  որոնց «դպրոց» անունը կու տային Հալէպի, Պէյրութի, Ռագգայի, Դամասկոսի, Մուսուլի, Պաղտատի, Աթէնքի թէ Միջին Արեւելքի այլ գաղթակայաններուն մէջ։

Գրիգոր Կիրակոսեանը թէ Դոկտ. Յակոբ Թոփճեանը եւ յետագային Դանիէլ Ոսկեանը թէ Բիւզանդ  Եղիայեանը, որպէս կարողագոյն տնօրէններ, իրենց շուրջ հաւաքած էին Լեւոն Գարագաշեանի, Հրանդ Տանձիկեանի, Յակոբ Օշականի թէ Դոկտ. Վահան Հապէշեանի նման դաստիարակներ։ Սկզբնական դաստիարակներու խումբին մէջ էին նաեւ երաժշտագէտ-երգահան Բարսեղ Կանանչեանը, «Կիպրոսի Երաժշտութեան Հայր» Վահան Պետելեանը, Լեւոն Աբգարեանը, Գերսամ Ահարոնեանն ու Օր. Մարի Դանիէլեանը։ Սարգիս Ապտալեանը (Վահէ Վահեան), հայերէնի փայլուն ուսուցիչներէն մին, որ քանի մը տարի պաշտօնավարելէ ետք, դժբախտաբար չկրցաւ իր պաշտօնավարութիւնը աւելի երկար շարունակել, քանի որ որպէս «համայնավար» զրպարտուած էր ան «աղբ-արիկներուն» կողմէ եւ անգլիական գաղթատիրական իշխանութիւնները զինք չէին հանդուրժած։ Նոյն ճակատագրին հանդիպած էին նաեւ Յակոբ Աճէմեանը եւ ուրիշ ռամկավարամիտ, հայաստանասէր կարող ուսուցիչներ։ «Հայ Բանաստեղծութեան Իշխան» Վահան Թէքէեանի ներկայութիւնը միայն բաւարար էր աշակերտները ներշնչելու ոչ միայն բանաստեղծական ոգիով եւ երեւակայութեամբ, այլ նաեւ «վարդահեղեղ արշալոյսին» յոյսով, քանի որ Հայաստանը «մեր երազէն աւելի լաւ» էր, եւ ուրեմն, «հացի, ջուրի, օդի նման» անհրաժեշտ նկատուծ «հպարտութիւնը» պէտք էր փոխանցուէր հայրենիքը կորսնցուցած, ծնողք, տուն ու ընտանիք կորսնցուած խեղճ որբերուն։

Հայագիտական նիւթերուն մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունէին նաեւ Օննիկ Սարգիսեանը, Նշան Յովհաննէսեանը, Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեանը եւ այլք։ Առաջին տասնամեակներուն հոն էին նաեւ մանկավարժական գիրքերու հեղինակ Պօղոս Գէորգեանը, Դոկտ. Մելքոն Քրիշչեանը, Կարապետ Փափազեանը, Բարունակ Թովմասեանը, Յովհաննէս Շէօհմէլեանն ու Առաքել Պատրիկը ։

Տակաւին կարելի է երկարել այս մեծ դաստիարակներուն ցանկը։ Մենք, հայերս, բայց մանաւանդ մելգոնեանցիներս, երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք այդ հսկաներուն առջեւ, քանի որ անոնք գիտցան տալ այն՝ ինչ որ պէտք էր այդ ժամանակ, լաւագոյն սերունդը պատրաստելու որբերու այդ խլեակներէն եւ լաւագոյն ուսուցիչներն ու խմբագիրները, ազգային, կուսակցական, միութենական թէ այլապէս լաւագոյն գործիչները կերտելու, որոնք անգնահատելի գործ տեսան գաղութները կազմակերպելու, դաստիարակելու եւ ստոյգ կորուստէ փրկելու։ Եթէ պատմական ակնարկ մը նետենք 30-ական, 40-ական, 50-ական եւ 60-ական թուականներուն պատնէշի վրայ եղող ուսուցիչ-դաստիարակներուն, խմբագիրներուն, միութենական գործիչներուն եւ կուսակցական ղեկավարութեան վրայ, պիտի տեսնենք որ անհամեմատօրէն մեծ է թիւը Մելգոնեանցիներուն, որոնք իրենց լաւագոյնը տուին գաղութները ոտքի կանգնեցնելու եւ Մեսրոպեան լոյսով առաջնորդելու բազմաթիւ սերունդներ։ Անոնք յաջողեցան հայրենիքի սէրով ու մեր մշակոյթի հպարտանքով լեցնելու սերունդներուն սրտերը։ Այս ուսուցիչներէն ոմանք համալսարանական բարձրագոյն վկայականները չունէին, սակայն ունէին Մելգոնեանի վկայականին հետ իրենց ծնողներուն, իրենց նահատակ ծնողներուն արիւնով գրուած կտակները։ Հայրենի հողին բոյրը կար անոնց թոքերուն մէջ, իրենց գիւղերու աղբիւրներուն եւ առուակներուն զուլալ ջուրը կը հոսէր անոնց երակներուն մէջէն։ Անոնց ուղեղները կլանուած էին Յաւերժական Հայրենիքի տեսիլքով եւ հոգիները լեցուած անմահ հերոսներու հպարտանքով։ Անոնք օտարացումի, ուծացումի գոյամարտին առաջին պատնէշներուն վրայ կռուողներն էին։ Եւ պէտք է ըսել որ անոնք յաջողեցան ճակատամարտները շահիլ, յաղթական դուրս գալ ճակատագրական մարտերէն եւ պատուով կրթութեան եւ այլ մարզերու ջահերը փոխանցել յաջորդ սերունդին։

Երբ 1961-ին Մելգոնեան գացի, ուսուցչական զօրաւոր խումբ մը կարծես կը սպասէր մեզ ալ պատրաստելու մեր կեանքին, մեր ապագային։ Երեւութապէս ընկերային, բայց ներքնապէս շատ պատասխանատու եւ իրենց պարտականութեանց խիստ գիտակից ուսուցիչներ էին անոնք։ Նախակրթարանը աւարտելէս ետք, ուր ուսուցիչներուն մեծ մասը հազիւ երկրորդական վարժարան աւարտած էին, հոս, Մելգոնեանի մէջ համլսարանաւարտ ուսուցիչներու հոյլ մը կը սպասէր մեզ առաջնորդելու «դէպի աղբիւրը լոյսի»ն։

Պայմանները փոխուած էին։ Կեանքը սկսած էր աւելի բարդ դառնալ։ Այո, լաւ հայեր պէտք էր մեծնայիք, բայց կեանքի մէջ յաջողելու համար համալսարանական ուսումը պարտադիր էր։ Ուրեմն Մելգոնեանը մեզ պէտք էր պատրաստէր համալսարաններու, առանց զիջելու հայագիտական ուսումն ու հայկական ոգին։ Եւ հոն էին մեր ուսուցիչները, կազմ ու պատրաստ մեզի ջամբելու մեր նախահայրերուն լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու «ցեղին ձայն»ը։ Նոյնիսկ գիտութեան թէ ընկերային գիտութիւններու, ուսողութեան թէ արուեստի ուսուցիչները իրենց նիւթերու դասաւանդման ընդմէջէն մեզի կը փոխանցէին հպարտանքը հայ գիտնականներուն եւ արուեստագէտներուն ՝  Միկոյեանին, Մերկերեանին, Համբարձումեանին, Գասպարեանին, Սարեանին, Այվազովսկիին, Խաչատուրեանին, Գոհար Գասպարեանին, եւայլն։

 

Իմ գիտութեան ուսուցիչներէս Պրն. Վաչէ Սեմերճեանը, գիտութեան դասաւանդութեան ժամանակ, առանց որ մենք անդրադառնայինք, 1960-ական թուականներու հայ գիտնականներու անուններն ու գիւտերը «հարեւանցի» կը յիշէր եւ ի ուրախութիւն մեզի, դասէն կը շեղէր եւ մեր մեծերուն մասին կը խօսէր։ Այսօր, իրմէ սորված գիտութեանս մեծ մասը մոռցած եմ, բայց այն հպարտութիւնը որ ինք տուաւ մեզի, տակաւին կ՚ուռեցնէ կուրծքս։  G.C.E.-ի սովորական եւ յառաջացեալ մակարդակներու դասաւանդումը հասցուած էր արուեստի մակարդակին։ Փա՞ստ՝ քննութիւններուն արդիւնքները։ Եւ այն մելգոնեանցին որ ատակ էր համալսարանական ուսում ստանալու, անպայման քանի մը տարի ետք համալսարանական վկայականը ձեռքը՝ մտաւ ոչ միայն կեանքի ասպարէզ, այլ եւ նաեւ ազգին ծառայութեան դաշտերը, որպէս զանազան միութիւններու, կազմակերպութիւններու թէ կուսակցութիւններու  վարչական անդամ թէ ղեկավար։

Յաջորդ յօդուածովս պիտի գրեմ իմ աշակերտական (1961-1966) եւ ուսուցչական շրջաններու (1972-1980) ուսուցիչներու մասին յուշերէս։

Վարդգէս Գուրույեան

Լոս Անճելըս, 2016

(Շարունակելի)

 «Հայ Ձայն»