Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութեանց մասին. Խաղը կը շարունակէ մնալ ի նպաստ Անգարայի

Յստակացաւ Թուրքիոյ նախագահին Միացեալ Նահանգներ տալիք այցելութեան թուականը։ Արդարեւ ԱՄՆ-ու ներկայ նախագահին պաշտօնավարութեան օրէն մինչեւ այս պահը Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանը «առիթ չէր ունեցած» այցելելու ԱՄՆ եւ յատկապէս մուտք գործել՝ Սպիտակ Տուն։

Ի դէպ այս այցելութեան թուականն ալ բազում առումներով խորհրդանշական է. այն պիտի կայանայ յառաջիկայ Մայիս ամսուան 9-ին, որ միւս կողմէ ալ կը համընկնի Ռուսիոյ մէջ նշուելիք երկրորդ աշխարհամարտի յաղթանակը խորհրդանշող «մայիսեան յաղթանակի տօն»-ով։

Ինչ խօսք, որ ամերիկացիք եւս առիթ չեն փախցնէր խօսելու իրենց «հեռավար» նպատակներուն եւ ծրագիրներուն մասին, շեշտելով եւ ընդգծելով, որ մինչեւ այդ ծրագիրներուն հասնիլը, կամ նոյնիսկ այդ ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին, իրենք ունին շեշտուած ժամկէտներ եւ «գաղափարական հիմքեր»-ու վրայ կառուցուած ընկալումներ։

Մասնաւորապէս ԱՄՆ 46-րդ նախագահ՝ Պայտընի պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները ամենատարբեր առումներով տուժեցին։ Ճիշդ է, որ յատկապէս հայկական կտրուածքով Էրտողան եւ անոր վարչախումբը առիթ չփախցուցին իրենց «յաջողութիւնը» սեպել Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին «արդիւնքները», բայց եւ այնպէս անոնք հասան այնպիսի փուլ մը, որ այլեւս անհնար էր աւելիով հեռանալ «Հաւաքական արեւմուտք»-էն ու մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներէն։

Ու այս առումով ալ աւելի քան յստակ էր, որ 2023 թուականի ընտրութիւններէն առաջ գոյութիւն ունէր այլ որակներու «Էրտողանեան գիծ» մը, իսկ այսօր եւ ըստ բազմաթիւ նշաններու այդ գիծը սկսած է ճանապարհ փոխել…։

Թուրքիան առանց ԱՄՆ-ուն կրնար յայտնուիլ աւելի ծանր տնտեսական իրականութեան մը մէջ, քան ինչ է այսօր ու աւելի քան պարզ է, որ Էրտողանի իշխանութեան համար ԱՄՆ-ին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու միտուած փորձերը ունին մէկ ելակէտ, որն է երկիրը (Թուրքիան) փրկել ամբողջական փլուզման մեծ վտանգէն։

Հոս է նաեւ, որ պէտք է հաշուի առնել այն հիմնարար կէտը, որ առաջ կը քաշուի ԱՄՆ-ի կողմէն, եւ որուն հիմնարար կիզակէտն է ապահովել Թուրքիա-Ռուսաստան «մեղրալուսնի» աւարտը, որուն առաջին ծաղիկները կրնան աւելիով բացուիլ յառաջիկայ ժամանակներուն։

Այստեղ անշուշտ հարկ է նաեւ դիտարկել, որ ինչպէս Մոսկուայի հանդէպ Անգարայի ունեցած «ջերմութիւն»-ը խոտոր կը համեմատուէր ԱՄՆ-ու համար, նոյնպէս ալ Ուքրանիոյ տագնապին առընթեր էրտողանի որդեգրած քաղաքականութիւնը մեծ հաշուով կը համարուէր ու դեռ ալ կը համարուի ՆԱԹՕ-ի որդեգրած գիծէն հեռու եւ նոյնիսկ անընդունելի ընթացք մը։

Ու թերեւս այս ընդհանուր կացութիւնէն դուրս գալու համար էր, որ Թուրքիան կը յօժարէր (մեզմէ շատերուն համար անսպասելի կերպով) ընդունիլ Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին, պարզապէս ազդանշան մը տալու ԱՄՆ-ին ու նաեւ պատրաստուելու ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու նոր փուլին։

Այս բոլորը դիտարկելէ անդին, հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-Թուրքիա դիտարկումներու մեծ կշիռքին մէջ է անշուշտ մեր փոքրիկ երկրին՝ Հայաստանին տեղն ու դերը, որ դեր ըլլալէ բացի ունի խորհրդանշական դրոյթներ եւ մեզի համար երեւելի կը դառնայ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարի դիտանկիւնէն։

Այս կտրուածքով է նաեւ, որ պէտք է հաշուի առնել Էրտողանի վերջին, ոչ պատերազմական հռետորաբանութիւնը, Հայաստանի իշխանութեանց հետ որոշակի մերձեցում մը ցոյց տալու գործընթացը ու նաեւ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու վերաբերեալ յառաջիկայ հաւանական քայլերը, որոնք ընթացք կրնան առնել միայն ու միայն թուրքական շահերու մեծ «աքորտներ»-ով։

Ճիշդ է, որ այդ յարաբերութիւններու պատմութիւնը ոգեւորիչ չէ հայութեան եւ Հայաստանին համար, սակայն այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր ունի ամերիկեան մեծ ճնշումներու հիմնադրոյթը, որուն տակէն Թուրքիան կրնայ արագ կերպով դուրս գալ, հերթականին պէս ստանալով իր ուզածներու մեծ մասը՝ ԱՄՆ-էն, իսկ Հայաստան աշխարհը հերթականին պէս թողնելով իր «առանձնութեան» եւ դաժան ճակատագրին։

Այս առումով է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրումը, որուն հիմնական առանցքն ու սլաքը ուղղուած է դէպի Միացեալ Նահանգներ, որուն մէկէ աւելի բարձրաստիճան գործիչները բաւական աշխոյժ կերպով եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը քննարկեն «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ» խորագրով յայտնի թղթածրարը։

Օղակը այս առումով բաւականին սեղմուած է, ու յառաջիկայ ամիսներուն բոլորիս համար պարզ պիտի դառնայ, որ Հայ-թրքական տեսանկիւնէն ԱՄՆ ինչքանով լուրջ է իր առաջարկներուն եւ ինչքանով տէրն է իր կողմէ հրապարակ նետուած առաջադրանքներուն, որուն թագն ու պսակը անշուշտ ՝Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց առնուազն վերադասաւորումն է, հռետորաբանութեան փոփոխութիւնը ընդհուպ հասնելով մինչեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացումը։

Ամէն պարագայի այս բոլորին մասին օրերս «Թուրքիոյ առաջարկը Հայաստանին՝ ընդդէմ Ֆրանսայի» ընդհանուր խորագրով նշմար մը ստորագրած է հայրենի վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանը, որուն գրութեան հիմնական հատուածը արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնեմ «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցող հանրութեան։

Պատալեան կը գրէ ՝«Անգարան Երեւանին կ’առաջարկէ կայացնել յատուկ բանագնացներու հանդիպում Երեւանի մէջ: Այդ մասին Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին յայտարարած է Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սէրտար Քըլըչ, ըսելով, որ այդպիսի առաջարկ կ’ընէ իր հայաստանցի գործընկեր Ռուբէն Ռուբինեանին, որ եւս կը մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին:

Ռուբինեան չէ տուած արագ պատասխան, ըսելով, թէ կը քննարկեն յաջորդ հանդիպման հարցը: Այստեղ ուշադրութեան արժանի է այն, որ Քըլըչ Երեւանի մէջ հանդիպման առաջարկ կ’ընէ գրեթէ երկամեայ դադարէ ետք: 2022 թուականի Յուլիս 1-ի հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները չեն հանդիպած, ու յանկարծ՝ կը հնչէ առաջարկ, այն ալ Երեւանի մէջ հանդիպելու առաջարկ, եւ այդ կ’ընէ Թուրքիան: Ի հարկէ Անգարան նոր չէ, որ կ’առաջարկէ հանդիպիլ ոչ թէ երրորդ երկիրներու մէջ, այլ՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ մէջ: Երեւանը ձեռնպահ կը մնայ այդ ձեւաչափով հանդիպումներէն, որ թերեւս ողջախոհ քայլ է, քանի որ Անգարայի համար անկասկած առաւել նախընտրելի է Երեւանի հետ «մէն մինակ» մնալը, հաշուի առնելով քաշային դասակարգերու մեծ տարբերութիւնը՝ եւ հետեւաբար ատկէ բխող շարք մը հանգամանքներու առումով մեծ առաւելութիւնը:

Հետեւաբար, թրքական առաջարկն իր մէջ կրնայ պարունակել որոշակի դիւանագիտական ծուղակ: Եւ չի բացառուիր, որ այդ նաեւ պայման է՝ հանդիպումները շարունակելու համար, եւ ըստ ամենայնի այն, որ Երեւանը չէ բաւարարած այդ պայմանը, Անգարան հրաժարած էր հանդիպումներէն: Բայց ինչո՞ւ Քըլըչ որոշած է Անթալիոյ ֆորումին բարձրաձայնել այդ առաջարկը: Թուրքիան պա՞հ կ’որսայ, երբ Երեւանի համար բաւականին դժուար ըլլայ մերժելը, երբ առաջարկը կը հնչէ Կովկասի ընդհանուր խաղաղութեան մասին հրապարակային քննարկման մթնոլորտի մէջ, թէ՞ Թուրքիոյ մտահոգողն այլ է եւ Երեւանին ուղղուած առաջարկի «պատճառը» Ֆրանսան է:

Յամենայն դէպս բաւականին ուշագրաւ է, որ առաջարկը կը հնչէ հայ-ֆրանսական աշխուժ երկօրեայ շփումներէ ետք, երբ խօսք եղաւ յարաբերութեան նոր որակի մասին: Աւելին, ատկէ ետք Հայաստան ուշագրաւ հաղորդակցութիւն ունեցաւ Վրաստանի, Յունաստանի եւ Իրաքի հետ: Երեւանին եղած առաջարկով Թուրքիան ըստ ամենայնի կը փորձէ մրցակցիլ Ֆրանսայի «առաջարկներու» հետ, հաշուի առնելով այն, որ Կովկասի ուղղութեամբ Ֆրանսայի աշխուժութեան եւ ամուր դիրքեր ունենալու առանցքային շարժառիթներէն մէկը Թուրքիայէն բխող ռազմավարական մարտահրաւէրներուն հակազդելն է: Իսկ ի՞նչ կ’ընէ պաշտօնական Երեւանը այս առումով։

Մեր ռազմավարական նպատակն է Կասպից ծովով, Ատրպէյճանով եւ Իրանով հասնիլ Հնդկական ովկիանոս, շրջանցելով Սուէզի ջրանցքն ու Պոսֆորը, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխ վարչապետ Մարաթ Խուսնուլինը: Մեծ հաշուով, Ռուսիոյ այդ նպատակը նորութիւն չէ, հաշուի առնելով այն, որ ընդհուպ Փութինի մակարդակով յայտարարուած է Ս. Փեթերսպուրկէն մինչեւ Պոմպէյ Հիւսիս-Հարաւ ռազմավարական երթուղիի կարեւորութեան եւ ատոր ստեղծման ուղղութեամբ անմիջական ջանքի մասին: Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետի յայտարութեան մէջ կարեւոր է այն, որ խօսքը կ’երթայ Սուէզն ու Պոսֆորը շրջանցելու մասին, որ թերեւս կը նշանակէ, որ այդ ուղղութիւնները յառաջիկայ տարիներուն թերեւս պիտի դառնան այսպէս ըսած՝ «անանցանելի»:

Սուէզի ջրանցքը ըստ էութեան արդէն իսկ այդպիսին է, հաշուի առնելով այն իրավիճակը, որ Եմէնի հուսիները ստեղծած են Կարմիր ծովուն մէջ, արգելափակելով Պապ ալ Մանտէպի նեղուցը: Սակայն, ըստ ամենայնի, ճգնաժամը պիտի չկանգնի ատոր վրայ եւ ունի խորանալու միտում: Առաւել ուշագրաւ է Պոսֆորի շրջանցման հանգամանքը: Սա թերեւս կը նշանակէ, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխ վարչապետը կ’ազդարարէ սեւծովեան տարածաշրջանի մեծ փլուզում եւ միջոցներու կառավարման լրջագոյն վերափոխումներ: Յամենայն դէպս, Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտօնեայի բարձրաձայնումը ըստ էութեան կը յուշէ այն մասին, որ Մոսկուան առնուազն կը դիտարկէ իրադարձութիւններու այդ զարգացումը եւ թերեւս կը պատրաստուի ընդհուպ այդ զարգացումներու խթանման: Մեծ հաշուով սա եւս անսպասելի չէ, քանի որ ուքրանական պատերազմի «փաթեթը» չի կրնար շրջանցել Սեւ ծովը, եւ աւելին՝ Սեւ ծովը ատոր առանցքային բաղադրիչ է թէ Ռուսիոյ համար, թէ նաեւ՝ ՆԱԹՕ-ի:

Այստեղ բնականաբար առանցքային պիտի ըլլայ Թուրքիոյ վարքագիծը, որ մէկ կողմէ ՆԱԹՕ անդամ է, միւս կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ կառուցած է պայմանաւորուածութիւններու որոշակի մեքենականութիւն: Իսկ այդ ամէնը լրջագոյն հարցեր են Հայաստանի համար, քանի որ խօսքը կը վերաբերի մեծ իմաստով կովկասեան տարածաշրջանի հիւսիս-արեւմտեան դարպասին, ինչպիսին սեւծովեան աւազանն է, առաւել եւս հաշուի առնելով հանգամանքը, որ այդ գործընթացններն անխուսափելիօրէն առաջին եւ հրատապ պիտի դարձնեն բերեն Վրաստանի հարցը: Տարածաշրջանը այդ իմաստով ոչ միայն մօտ չէ իրական, գործնական խաղաղութեան որեւէ ռեժիմի, այլ ըստ էութեան թերեւս դեռ նոր կը մօտենայ աշխարհաքաղաքական դիմակայութեան գագաթնակէտին:

 

Սագօ Արեան