Ուխտագնացութիւն՝ Արցախ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ազատագրական շարժումի մեր զինակիցներուն հետ  1-3 Յուլիս 2022-ին եռօրեայ ուխտագնացութեան մը մասնակցեցայ դէպի Արցախ՝ զօրակցելու տեղւոյն հայութեան, յատկապէս՝ Բերձորի եւ Աղաւնոյի եւ ընդհանրապէս, բոլոր հայկական բնակավայրերու հայրենակիցներուն կողքին ըլլալու այս օրհասական պահուն ։

Բերձորի Օրակարգը

 

Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի՝ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 6-րդ կէտին մէջ նշուած էր՝

«……. Լաչինի միջանցքը (5 քլմ. լայնութեամբ), որը ապահովելու է Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդորում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, մնում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ:

Կողմերի համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապն ապահովելու համար առաջիկայ երեք տարիների ընթացքում պիտի հաստատուի ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔՈՎ  նոր երթուղու կառուցման նախագիծ, որից յետոյ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար»:[1]

երոյիշեալ յայտարարութեան մէջ նշուած այս պայմանաւորուածութենէն կարելի է հետեւցնել հետեւեալը.

  • Երեք տարիների ընթացքին կողմերուն միջեւ պէտք է համաձայնեցուի նոր երթուղիի մը կառուցման նախագիծ եւ ոչ թէ կառուցուի երթուղի,
  • Երթուղին պէտք է ըլլայ Լաչինի միջանցքով եւ ոչ թէ Լաչինի շրջանի այլ մասով:

Պէտք է նշենք, որ Լաչինի միջանցքին վրայ գտնուող բնակավայրերուն մէջ, անոնց շարքին՝ Բերձոր քաղաքին մէջ մարդիկ կ՛ապրին իրենց պապենական հողերուն վրայ:

Հետեւաբար, եթէ այն լուրերը ճիշտ են, որ մօտ օրերս Լաչինի միջանցքը, ներառեալ՝ Բերձոր քաղաքը եւ միւս բնակավայրերը պիտի յանձնուին  Ազրպէյճանին, ապա շարք մը հարցեր կը ծագին, որոնց պատասխանները Հայաստանի իշխանութիւններէն պէտք է ակնկալել.

1) Յայտարարութեան 6-րդ կէտին համաձայն պէտք է ըլլայ նաեւ Հայաստանի համաձայնութիւնը: Հայաստանը իր համաձայնութիւնը տուա՞ծ է արդեօք, որ այդ նոր ճանապարհը փոխարինէ Լաչինի միջանցքին: Եթէ տուած է, ապա ո՞ր պաշտօնատար անձը տուած է զայն եւ երբ,

2) Ինչո՞ւ է Հայաստանը համաձայնէր է, Լաչինի միջանցքով չանցնող այլ երթուղի մը հաստատուի, այսինքն երթուղին անցնի Լաչինի միջանցքէն դուրս գտնուող այլ տարածքով ի հակասումն յայտարարութեան ռուսական թեքստին,

3) Ինչո՞ւ Հայաստանը կը շտապէ, երբ երեք տարիներու ընթացքին պէտք էր համաձայնութիւն ձեռք բերել երթուղիի նախագիծին վերաբերեալ եւ ոչ թէ բուն երթուղին կառուցել,

4) Ի՞նչ պիտի ըլլայ Լաչինի միջանցքին վրայ գտնուող հայկական բնակավայրերու, ներառեալ՝ Բերձոր քաղաքի բնակիչներուն ճակատագիրը: Հայաստանը պիտի պաշտպանէ՞ արդեօք բնակիչներուն կեանքը, եթէ ռուսական խաղաղապահները դուրս գան,

5) Հայաստանէն Արցախ կազամուղը արդեօ՞ք չանցնիր Լաչինի միջանցքով եւ արդեօ՞ք Լաչինի միջանցքէն հրաժարելու պարագային, Ազրպէյճանը չի վերացներ կազատարը եւ իր կողմէն կազով չապահովեր Արցախին, հետագային իրմէ կախման մէջ պահելու եւ տարածքները իւրացնելու նպատակով,

6) Արդեօ՞ք միւս ճանապարհը ունի այն անվտանգութիւնը (օրինակ այլ դիրքերէն թիրախաւորում այդ ճանապարհով երթեւեկողներուն), ինչը այսօր ունի Լաչինի միջանցքի ճանապարհը.

7) Արդեօ՞ք միւս ճանապարհը աւելի դժուարանցանելի չէ, քան Լաչինի միջանցքի ճանապարհը:

Այս հարցերուն աւելի մօտէն ծանօթանալու ինչպէս նաեւ խրախուսելու ու սատար հանդիսանալու համար տեղւոյն հայորդիներուն, Ազատագրական շարժումը ծրագրեց ներկայացուցչական խումբով մը, այցելել Արցախ՝ անցնելով Բերձորէն ու շրջակայ գիւղերէն եւ մի քանի օր շփուիլ Արցախի մեր հայրենակիցներուն հետ, ունենալ մասնագիտական հանդիպումներ եւ այցելել սրբավայրեր:

[1] Քաղուած Արա Զոհրապեանի ֆէյսպուքի էջէն

Օր առաջին

Ուխտագնացութեան առաջին օրը «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութեան նախագահ՝ Արա Զոհրապեանի, Հայաստանի Փաստաբանական պալատի նախագահ՝ Սիմոն Պապայեանի, փաստաբանական համայնքի շարք մը անդամներուն  եւ Ազատագրական Շարժումին համահիմնադիր եւ անդամ մեր զինակիցներուն հետ եղանք Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին[1], ուր տեղի ունեցաւ անպատրաստից փոքրիկ համերգ եւ ազգային պարուսուցում Ազատագրական Շարժումին անդամ՝ Գագիկ Յարութիւնեանին կողմէ, մասնակցութեամբ տեղւոյն բնակչութեան։

Սուրբ Համբարձման եկեղեցիին մէջ քահանային օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Սրբ. պատարագ, որուն մասնակցեցան նաեւ Երեւանէն ժամանած այլ  հիւրեր, մարդիկ՝ որոնք յատուկ այդ օրը եկած էին սատարելու տեղւոյն հայ բնակչութեան։

Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակչութեան մշակութային խմբակներու փոքրիկները իրենց կարգին ներկաներուն ոգեշնչեցին իրենց կատարումներով, ապա՝ մասնակցեցան ազգային պարերու ուսուցմանը։ Ազատագրական Շարժման համահիմնադիր անդամ Նայիրի Հոխիկեան միջոցառման մասնակիցներուն յայտարարեց, որ այս օրերուն պէտք է ըլլալ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակիչներու կողքին՝ նոյնիսկ եթէ անմիջապէս ոեւէ բացասական զարգացում տեղի չունենայ, ինչ կը վերաբերի տարածքին յանձնումին։

Այնտեղ, շատ մը փոքրիկներու կողքին ծանօթացայ փոքրիկն Յարութիւն Յարութիւնեանին ու իր ծնողին: Անոնք Աղաւնօ գիւղի բնակիչներ էին: Կառչած իրենց հողին բնաւ ալ մտադրութիւն չունէին լքելու իրենց պապենական տունը: Այստեղ ցաւով անդրադարձայ, որ մինչ մեր հայրենակիցները այստեղ «օդի, ջուրի, հացի նման» պէտք ունին մեր զօրակցութեան, անդին կան հայեր, որոնք անձնական հազար հաշիւ կ՛ընեն այցելելու համար Արցախ: Անոնք, ոչ միայն գործնական նուազագոյն քայլին չեն դիմեր, այլ հեռուէն հայրենասիրական դասեր կու տան կամ իրենց անձին ապահովութեան համար ճամբուն ապահովական վիճակով կը հետաքրքրուին, առանց դոյզն իսկ սատար հանդիսացած ըլլալու այդ ճամբուն ապահովութեան…: Ես տակաւին դժուարութիւն ունիմ հասկնալու այն հայ կոչուող մարդոց, որոնք փոխան Արցախի գալու, իրենց ամառնային արձակուրդը զանազան երկիրներ, ներառեալ Թուրքիա անցնելու միտող  ծրագիրներ կը մշակէն: Կամ Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի քաֆէներուն մէջ հայրենասիրութիւն կ՛ընեն: Այս «հայեր»ը բարոյական ի՞նչ իրաւունքով հայրենասիրութեան մասին կը խօսին: Արդեօ՞ք միայն փոքրիկն Յարութիւնին ու իր սերնդակիցներուն ու անոնց ծնողներուն պարտականութիւնն է հայրենի հողը պահել, մինչ մենք հեռակայ հայրենասիրութիւն կը խաղանք: Պէտք է Բերձո՞րն ալ կորսնցնենք, որպէսզի յետոյ Բերձորին նուիրուած լացակումած բանաստեղծութիւններ արտասանենք, թէ հիմա է պահը գալու ու փորձել պահելու  Բերձորը որպէս իրաւ հայրենասէրներ հեռու ամէն տեսակի կեղծիքէ ու անպատասխանատուութենէ: Ոմանց համար ալ կարծէք Արցախը առեւտրական ինչ որ ծրագիր է եւ ըստ անոր համար կատարուելիք հնարաւորութիւններու ուսումնասիրութեան (feasibility study) արդիւնքին, որդեգրեն այդ ծրագիրը կամ ոչ…:

Նշեմ, որ մինչեւ այստեղ եւ յետոյ ճանապարհին, Ռուս խաղաղապահ զինուորներու անցարգելները բաւական թիւ կը կազմէին, որոնք միշտ ալ ազնիւ վերաբերմունքով բարի ճանապարհ մաղթեցին մեզի:

[1] Սուրբ Համբարձման եկեղեցի, հայ առաքելական եկեղեցի Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքին մէջ։ Ներառուած է Հայ առաքելական եկեղեցու Արցախի թեմի իրաւասութեան մէջ։ Եկեղեցին կը գտնուի Բերձորի հարաւարեւմտյժեան ծայրամասին մէջ, Մ-12 մայրուղիի հարեւանութեամբ։ Հակարի գետի ձախափնեայ ժայռոտ ձորալանջին վրայ կառուցուած է ան (գետի հոսանքէն 150 մեթր վեր)։ Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին՝ կառուցուած է 1996-1999 թուականներուն։ Գմբեթի խաչին օծումը կատարուած է 1998 թուականի Մայիսի 31-ին։ Եկեղեցիին կառուցման աշխատանքները աւարտած է 1998 թուականին։ Նախագիծի հեղինակ եւ վերահսկող ճարտարապետն է Հրաչեայ Գասպարեանը, քանդակագործը՝ Արտաշէս Յովսէփեան, սրբապատկերներու նկարիչը՝ Կարօ Մկրտչեան։ 2020ի Նոյեմբերէն ի վեր գործել դադարելէ ետք,  եկեղեցին նոր սկսած է վերստին գործել։

Դէպի Բերձոր Ճանապարհին անհնար էր չնկատել մեծ ծաւալով ընթացող շինարարական աշխատանքները՝ Ազրպէյճանական կողմէն նոր ճանապարհների կառուցումը, որ ինչպէս նշեցինք, հանդիսանալու  է այլընտրանքային ճամբայ Հայաստանն ու Արցախը ցամաքային ուղիով իբր թէ իրար կապելու համար։

Յիշեցնեմ, որ ըստ մամուլի հրապարակումներուն, հայկական իշխանութիւնները կը պատրաստուին Ազրպէյճանին զիջիլ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ցամաքային ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, որուն մէջ կրնան յայտնուիլ Բերձոր եւ Աղաւնօ համայնքները՝ վտանգի տակ դնելով այնտեղ հայկական հետքը։

 

Բերձորի եկեղեցիին խորհրդանշական պատարագէն ետք Ազատագրական Շարժման անդամներուն հետ ուղեւորուեցանք Ստեփանակերտ, ուր երեկոյեան տեղւոյն Սուրբ Աստուածամօր Հովանու մայր տաճարին[1] մէջ եւս մասնակցեցանք Սրբ. պատարագի արարողութեան։

Օր երկրորդ

Ուխտագնացութեան երկրորդ օրը Շարժումին անդամներով այցելեցինք Ամարաս վանական համալիր[2]։

 

Ամարաս վանական համալիր մէջ աշխուժ շինարարութիւն կ՛ընթանար։ Եկեղեցական համալիրի տարածքը կը բարեկարգուէր: Կը կառուցուին նոր մասնաշէնքեր։ Ի դէպ՝  Ամարասի տարածքին մէջ կը գտնուի տարածաշրջանի ամենամեծ թութի այգին։

[1] Սուրբ Աստվածամօր Հովանու մայր տաճար, Հայ առաքելական եկեղեցուոյ մայր տաճար Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի կեդրոնական մասին մէջ։ Տաճարին ճարտարապետը Գագիկ Երանոսեանն է։ Օծուած է 2019 թուականի ապրիլի 7-ին։ Եկեղեցիի հիմնարկեքը կատարուած է 2006 թուականի Յուլիսի 19–ին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագույն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ։ Եկեղեցիին տրամաչափը 30 մեթր է, բարձրութիւնը՝ 35 մեթր։ Եկեղեցիի ներքեւը 6 մեթր բարձրութեամբ նկուղային դահլիճ կայ: Եկեղեցիին զանգակատան բարձրութիւնը 24 մեթր է:

[2] Ամարասի վանք, հայ առաքելական վանքային համալիր: Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշեն գիւղին մօտ, Խազազ եւ Լուսաւորիչ սարերու միջեւ ինկած հովիտին մէջ։

Համաձայն հայ պատմիչներու վկայութիւններուն, Ամարասի վանքի եկեղեցին հիմնադրած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը 4-րդ դարու սկիզբը։ Եկեղեցիին արեւելեան կողմը թաղուած է Աղուանքի մէջ քրիստոնէութիւն տարածելու ուղղուած իր առաքելութեան ընթացքին 338-ին նահատակուած Գրիգորիսը (Լուսաւորիչի թոռը)։ 5-րդ դարու սկիզբին Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի վանքին մէջ կը բանայ Արցախի առաջին դպրոցը։

Ըստ Մովսես Կաղանկատվացիին,  489 թուականին Աղուանքի Վաչագան Գ Բարեպաշտ թագաւորը Ամարասի մէջ կը վերագտնէ Գրիգորիսի գերեզմանի տեղը եւ վրան մատուռ մը կը կառուցէ՝ միաժամանակ աւարտին հասցնելով նաեւ եկեղեցիին կառուցման աշխատանքները։ 5-րդ դարէն սկսեալ Ամարասի վանքը կը դառնայ երկրամասի կարեւոր կրօնական կեդրոն եւ եպիսկոպոսանիստ։

821 թուականին վանքը կ՛ասպատակեն արաբները։ Ըստ Ստեփանոս Օրբելեանի վկայութեան՝ 1293 թուականին մոնկոլ-թաթարների Պայտու խանը կը կողոպտէ վանքը՝ որպէս աւար տիրանալով Սուրբ Գրիգորիսի գաւազանն ու 36 ակներով ընդելուզուած ոսկեձույլ խաչ մը։ Հերթական անգամ Ամարասի վանքը կ՛աւերուի նաեւ 1387 թուականին՝ Լենկթեմուրի արշաւանքներուն ժամանակ։ Վանքը իր անընդմէջ գործող դպրոցով շարունակած է մնալ որպէս կրօնական եւ մշակութային կեդրոն։ 15-էն 16-րդ դարերուն այստեղ գրուէր եւ ընդօրինակուէր են բազմաթիւ ձեռագրեր։ 17-րդ դարու 3-րդ քառորդին վանքը կը նորոգուի Գանձասարի Պետրոս կաթողիկոսին կողմէ։

19-րդ դարու 2-րդ քառորդին Ամարասի վանքային համալիրը, որ ունէր 17-րդ դարուն կառուցուած բաւականին ուժեղ պաշտպանական համակարգ, օգտագործուած է որպէս ամրոց, իսկ 1832–1847 թուականներին ծառայած է, որպէս ռուս-պարսկական սահմանի մաքսատուն։ 1848 թուականին վանքը յանձնուած է Գանձասարի մետրոպոլիտ Պաղտասարին։ Խարխլուած եկեղեցին վերականգուած է 1858-ին՝ շուշեցի հայերու օժանդակութեամբ, 1898-ին շուշեցի ճարտարապետ Միքայել Տէր-Իսրայէլեանցի կողմէ պատրաստուէր է Գրիգորիսի նոր տապանաքար։ 19-րդ դարու վերջին վանքը ունէր կալուածներ՝ վարելահողեր, այգի, ջրաղաց։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք վանքը լքուած եւ ամայացած է։ Վերաբացուած է 1992-ին որպէս Արցախի թեմի գործող վանք։ Ամեն տարի հարիւրաւոր այցելուներ կ՛ունենայ Ամարաս վանքը։

2019 թուականէն սկսած են Ամարասի վերանորոգման աշխատանքները, որոնք սակայն դադարեցուած են 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին սկսված հայ-ազրպէյճանական պատերազմին պատճառով։ Այժմ, վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին:

Ամարասի տարածքին մէջ կը գտնուի տարածաշրջանի ամենամեծ թութի այգին։

Ճանապարհի ամէն հատուածներուն մէջ կան թթենիներ, որոնց անմահական քաղցրութիւնն ու հոտը ոչ մէկ այցելուի անտարբեր չի ձգեր։

Ուխտագնացութեան մասնակիցներով ներկայ գտնուեցանք սուրբ պատարագին։ Նոյն օրը եկեղեցիին բակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի արարողութիւն՝ իր բոլոր աւանդոյթներով եւ առանձնայատկութիւններով։

Քահանային խորհուրդով, ամէն մարդ պէտք է գոնէ կտոր մը համտեսէ մատաղեն, որ իր մէջ մեծ խորհուրդ ունի։ Ուխտագնացութեան մասնակիցներս ոչ միայն տպաւորուած էինք պատարագով, այլեւ ստացանք անմիջական հաղորդութիւնը Աստուծոյ։ Իսկ, բոլոր անոնք որոնք նախապէս չէին եղած Ամարասի վանական համալիրին մէջ, անոնց համար շատ աւելի տպաւորիչ էր, թէ՛ վերոնշեալը, թէ՛  մաքրութիւն եւ խաղաղութիւն խորհրդանշող սպիտակ Ամարասը։

Սոյն ուխտագնացութեան կարելի չէր բացակայ գրել այն հերոս տղաքը, որոնք բոլորիս փոխարէն ինկան, որպէսզի Արցախը մնայ: Մինչեւ Ամարաս Վանքային համալիր, երբ կ՛անցնէինք հայրենի գիւղերով՝ ներառեալ աւելի յայտնի Ճարտար գիւղը, 18-31 տարեկան՝ տուեալ գիւղերուն մէջ ծնած ու յանուն իրենց հողին անմահացած տղոց՝ Անդրանիկի, Հայրենասէրի, Վաչիկի, Նարեկի եւ ուրիշներուն անունները կը կարդայի ճամբու վերէն կախուած կոտրուած մեխակի նկարով խորհրդանշուող ցուցանակներուն վրայ…

Ամարաս համալիրի տանիքին մէկ կողմէն կ՛երեւէին Ազրպէյճանական, միւս կողմէն՝ հայկական դիրքերը։ Այս երեւոյթը եւս իր ծանր ազդեցութիւնը ձգեց ուխտագնացութեան մասնակիցներուն վրայ։ Գտնուիլ սեփական հայրենիքին մէջ, բայց զայն տեսնել թշնամիին ուժերով շրջափակուած: Զգացումը ծայրայեղ ցաւալի է։ Բայց յոյսը, որ հայրենիքի գրաւուած տարածքները օր մը պիտի վերադառնան իրենց ակունքներուն, երբեք, ոչ մէկ հայու հոգին չի լքեր։

Վանական համալիրին մէջ, Սրբ.  պատարագէն ետք ուխտագնացութեան մասնակիցներով հիւրընկալուեցանք Արցախի Սօս գիւղին մէջ բնակող ընտանիքներէն մէկուն տանը, մեր կէսօրուայ ճաշը ունենալու։ Առասպելի կարգ անցած արցախցիներուն եւ առհասարակ հայ ազգի հիւրասիրութեան պատմութիւնը, ապացուցուեցաւ այստեղ՝ հիւրընկալութեան մի քանի ժամուան ընթացքին։ Դռան մօտ հիւրընկալ ընտանիքին  դուստրը մեզի դիմաւորեց աւանդական աղուհացով։

Հայրենասիրական երգերով, պարերով եւ պատմութիւններով համեմուած մի քանի ժամերը այնտեղ, իրապէս, անմոռանալի էին, Արցախ կեցութեան մեր երեք տպաւորիչ օրերուն մէջ։ Հիւրընկալ տանտէրը եւ տան կանայք ոչինչ խնայած էին Հայաստանէն իրենց Արցախ հայրենիք եկած հիւրերուն պատուով հիւրասիրելու եւ ճանապարհելու համար։

Իրենց հերթին ուխտի մասնակիցները, որոնք կը յատկանշուէին  երգելու եւ նուագելու տաղանդով, մթնոլորտը լեցուցին հայրենասիրական՝ յաճախ խրոխտ, մասամբ ալ յուզիչ երգերով, որը կրկին արթնացուց կորուսեալ հայրենիքին կարօտն ու զայն վերադարձնելու անյագ ցանկութիւնը։ Անզուգական էր մեր ընկերներէն՝ տաղանդաւոր զոյգ՝ փաստաբան Հայկ Սահակեանի և Մարիամի «Ծիծեռնակ» երգի կատարումը (երաժշտութիւնը՝ Կոմիտաս) Ճաշկերոյթը կ՛ուղեկցուէր նաեւ հոգեւոր զրոյցներով։ Ինչպէս ուխտագնացութեան ամբողջ ընթացքին եւ ամէն տեղ, Հայ Առաքելական Եկեղեցուոյ կիսասարկաւագ Արմէն Հարեյեանը մեզի հետ էր: Արմէն Հարեյեանը յայտնի է հայաշխարհին, որպէս Քրիստոսին հետեւելու եւ Քրիստոնէական կեանքը լիարժէք ապրելու մասին քարոզող պլոկըր:

Այդ եռուզեռին մէջ անկարելի էր  չնկատել 9-ամեայ Շաւարշին, որ կը փորձէր իր կարողութեան չափով օգնել իր ծնողներուն: Երթալ մօտակայ խանութ խմիչք բերել, խորովածի կրակը վառել: Զուգահեռաբար հասցնել խաղալ նաեւ այնտեղ հիւրընկալուող, շնիկիս՝ ֆոքսիին հետ եւ կերակրել անոր։ 9-ամեայ Շաւարշի աչքերուն մէջ նայելով, կարծես ամբողջ երկինքը փուլ կու գար գլխուդ, այն բացասական միտքէն եւ մտավախութենէն, որ իրեն եւ իր նման արցախցի երեխաներուն կրնանք չկարողանալ արժանապատիւ եւ միասնական հայրենիք ժառանգել…։ Անոր աւագ եղբայրը՝ ներկաներուն ոգեշնչեց տհոլի կատարումներով։ Շաւարշն ալ կարողութիւնը ունէր երգելու, սակայն կ՛ամչնար: Ան չերգեց հակառակ ներկաներուն խնդրանքներուն։

Ազատագրական շարժման համահիմնադիր Արա Զոհրապեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի մէջ կան շատ ճաշարաններ, սակայն նման ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները  չէին կրնար ճաշել այլ տեղ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Արցախի գիւղերու բնակիչներուն տուներուն մէջ նման հաւաքոյթներ կրնան յետագային զբօսաշրջային գեղեցիկ աւանդոյթ դառնալ, այս ձեւով օգնելով նաեւ տեղի բնակիչներուն թէ՛ ֆինանսապէս, թէ՛ բարոյապէս։ Ան կոչ ըրաւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կ՛այցելեն Արցախ, ճաշարաններու մէջ սնուելու փոխարէն, հիւրընկալուիլ Արցախի բնակակիրներուն մօտ, զարկ տալով նաեւ զբօսաշրջային առեւտրական միջավայրի ձեւաւորման։

Մի քանի ժամ տեւած հաճելի ճաշկերոյթէն ետք, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Արցախի Փաստաբանական դպրոցի տնօրէն՝ Էրիք  Բեկլարեանը: Ուխտի մասնակիցներս շնորհակալութիւն յայտնեցինք տանտէրերուն՝ իրենց  ջերմ հիւրընկալութեան համար, եւ ճամբան ելանք վերադառնալու Ստեփանակերտ:

Երեկոյեան, Ստեփանակերտի Արմենիա հիւրանոցին մէջ ուխտագնացութեան մասնակիցներս ներկայ եղանք մեզի ընկերակցող՝ Գրիգոր Մնացականեանին ներկայացուցած հոգեւոր սեմինարին, որուն նիւթն էր Սրբ. Երրորդութեան խորհուրդը:

Օր երրորդ

Ուխտագնացութեան վերջին՝ երրորդ օրը, Շարժումին անդամներուն հետ այցելեցինք Գանձասար վանական համալիր[1], ուր եւս մասնակցեցանք մատուցուած Սրբ. պատարագին։ Գանձասարի ուխտագնացութիւնը նաեւ նշանաւորուեցաւ ուխտի մասնակիցներէն՝ Անի Ղարիպեանին սուրբ մկրտութեամբ։ Արցախի անառիկ այս ամրոցին մէջ սիրելի Անին դարձաւ լիարժէք քրիստոնեայ եւ ստացաւ Աստծոյ պաշտպանութիւնը։

 

[1] Գանձասար, վանական համալիրը կը գտնուի, Արցախի Հանրապետութեան, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի մոտակայքը, Խաչենագետի ձախ ափին, Գանձասար լեռան վրա։ Իր անունը  ստացած է Վանք գիւղի դիմաց գտնուող բլուրի անունէն, որուն ընդերքին մէջ կան արծաթի եւ այլ թանկարժէք մետաղներու հանքեր։

Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակահատուածին, Հայոց կաթողիկոս Անանիա Մոկացին (942-965) անհանգստացած ըլլալով Հայաստանի արեւելեան թեմերի եկեղեցական գործերով, գալով Արցախ, Գանձասարի վանքի մէջ կայացուցած է հոգեւորականութեան եւ իշխաններու ժողով, որ յետագային եւս ազգային ոգոով պաշտպանած է Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ դաւանանքի ամրութիւնն ու անաղարտությունը։

Գանձասարը նաեւ Խաչենի իշխաններու տոհմական տապանատունն էր։ Հասան-Ջալալեան տոհմի իշխաններուն հոգածութեան շնորհիւ Գանձասարը պահպանած է հոգեւոր կենդոնի իր դերը։ Վանքը ունեցած է հարուստ ձեռագրատուն, դպրանոց, ուր ստեղծուած են բարձրարժէք ձեռագրեր, պատրաստուած  են հոգեւոր գործիչներ, որոնք իրենց անզուգական նպաստը բերած են Խաչենի եւ հարակից շրջաններու մտաւոր եւ մշակութային կեանքի զարգացման։

Գանձասարը 1400 – 1816 թուականներուն հանդիսացած է Աղուանից կաթողիկոսներու նստավայրը։

Ինչպէս ճանապարհին, խումբին ապահովութիւնը վերահսկելուն մէջ, այնպէս ալ այստեղ հանդիպած տեղացի փոքրիկները իր հայրական հոգածութեան ներքեւ առած էր, մեր սիրելի զինակիցը՝ ազգային արժէքներու պաշտպան ԿԱՄՔ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար, իր անսակարկ հայրենասիրութեամբ, բոլորին ծանօթ Չաւախքահայ՝ Վահագն Չախալեանը:

Նախապէս պայմանաւորուածութեան մը բերմամբ, այստեղ քանի մը ժամուայ համար ստիպուած եղայ խումբէն բաժնուիլ, ուղղուելու համար Մարտակերտ, ուր խոստացած էի հանդիպիլ Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան 2րդ դպրոցի տնօրէնուհիին, հոգեհարազատ Մելսիթա Քարտումճեանին եւ իր սիրասուն աշակերտներուն հետ: Արցախի նորագոյն պայմաններուն պատճառով Մարտակերտի ճամբան բաւական երկարած էր, սակայն քաղաքը գտայ աշխուժ եւ ինչպէս միշտ՝ մարտական: Մարտակերտ քաղաքի դպրոցին հետ իմ կապը հին էր, հիմնուած մասնագիտական աշխատանքի եւ սրտամօտիկ զգացումներու վրայ: Աւելին, այնտեղ մեր թերթը՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ը ունէր Լիբանանէն բերուած Մայրիի խորհրդանշական ծառ մը[1], որուն մասին տնօրէնուհին մեծ ափսոսանքով ու ներողութիւն հայցելով տեղեկացուց, որ վատառողջ վիճակի մէջ է: Արցախի հազարաւոր մատղաշ զոհերուն հետ համեմատած, Մայրիի տնկի  մը ի՞նչ էր, որ պէտք էր տխրիլ անոր համար: Խոստանալով մէկին փոխարէն տասը հատ տնկել շուտով, բաժնուեցայ իմ սիրելի քաղաքէն:

Օրը աւարտեցինք այցելութեամբ «Մենք ենք մեր սարերը» կամ աւելի յայտնի՝ «Տատիկ-պապիկ» յուշարձան: Յիշեցնեմ, որ Հայաստան ծնած իմ շնիկն ալ ընկերակցած էր ինծի առիթը ունենալով վազվզելու Արցախի լաւապէս մշակուած ու խնամուած դաշտերուն մէջ ու շնջելու անոր ջինջ օդը:

Վերջապէս, սոյն ուխտագնացութեան մասնակիցներով ճաշեցինք եւ ճամբայ ելանք դէպի Երեւան՝ նորէն Արցախ վերադառնալու հաստատ մտադրութեամբ։

Մեր ժողովուրդին մարտավարական խնդիրն է այսօր ամէն գնով պահել Բերձորը: Պէտք է բոլորս գործենք յանուն Արցախի վերաբնակեցման եւ ուժեղացման, որպէսզի կարողանանք շուտով դարձեալ ազատագրել ամբողջ Քաշաթաղը, Քարվաճառը, Շուշին ու Հադրութը։

Հզօր է Արցախցիներու կամքը։ Երանի բոլոր Հայերը Արցախցիներու կամքն ու վճռականութիւնը ունենանք։

Տէր կանգնինք Արցախին:

Չմոռանանք, որ հայկական պետականութեան փրկութեան ու զարգացման հիմքին մէջ Արցախը կենսական դեր ունի։

************

[1] Մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Վարդան Մինասեանին նահատակութեան տարելիցին նուիրուած դպրոցական ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին (Ապրիլ 2017), Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից զինուորի ձեռամբ «Զարթօնք» օրաթերթի անունով, դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը մայրիի ծառ մը տնկած էին դպրոցին բակը:

Ամփոփ վիտէօ յղում՝

https://www.youtube.com/watch?v=0Bv03s0AvDs