Վարդան Օսկանեան. «Հայաստանի նման երկրի առաջնորդութիւնը Փաշինեանի հագով չէր»

Վարդան Օսկանեանը վստահ է` եթէ Փաշինեանն ունենար դիւանագիտական նուազագոյն հմտութիւն, երկիրը կը խուսափեր պատերազմէն։

 

ԵՐԵՒԱՆ, 21 Յունիսի – Sputnik. ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր խօսելու, արդարանալու, առաւել եւս նախկիններուն մեղադրելու տեղ պարզապէս չունի։ Այս յայտարարութիւնը ըրած է ՀՀ արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը։

Անոր խօսքով` այն, ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ 2018-ի Ապրիլէն յետոյ, երկրի առաջին դէմքի, անոր՝ գլխաւոր հրամանատարի եւ արտաքին քաղաքականութեան միանձնեայ պատասխանատուի ձախողումն է:

«Եթէ այսօր ան հասած ըլլար խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը, բացած ըլլար Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանը, առանց պատերազմի ու զոհերու պահած ըլլար Արցախը՝ ԼՂԻՄ-ի սահմաններով ու միջանցքով, միայն այդ ժամանակ իրաւունք կունենար մեղադրելու նախկիններուն այդ ամէնը երեսուն տարի ընել չկարենալու համար»,– գրած է Օսկանեանը ֆէյսպուքի իր էջին։

Ըստ նախկին արտգործնախարարի` 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ Նիկոլ Փաշինեանը զգաց եւ գիտակցեցաւ զոհերու եւ կորուստներու իր մեղքն ու պատասխանատուութիւնը, անոր մօտ միանգամից ի յայտ եկաւ պատասխանատուութենէն խուսափելու, ինքնամաքրման, խղճի հանգստութեան մարդկային բնազդը։ Բայց Օսկանեանի խօսքով` մարդկային բնազդներն ու զգացումները տեղ չունեն պետական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։

«Փաշինեանի դիլեման այն է, ինչը եւ աւելի կը ծանրացնէ ու կը խորացնէ անոր պատասխանատուութիւնն ու մեղքը, որ նախկին երեք նախագահներէն ան ստացած էր այնպիսի ժառանգութիւն, որ 2018-էն սկսած կարող էր ընել այն, ինչ ես նկարագրեցի վերեւ՝ հաշուի առնելով նաեւ անոր հանրային լայն աջակցութիւնը 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք։ Ան, սակայն, փոշիացուց այդ ամէնը»,– նշած է նախկին արտգործնախարարը։

Օսկանեանը վստահ է` եթէ Փաշինեանը ունենար դիւանագիտական նուազագոյն հմտութիւն, նախ երկիրը կը խուսափէր պատերազմէն եւ այսօր կ’ունենայինք Արցախ՝ ԼՂԻՄ-ի ամբողջական տարածքով, 20 քմ Լաչինի միջանցքով՝ ճանաչուած Ատրպէյճանի, Թուրքիայի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի կողմէ երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակով, Ատրպէյճանի ու Թուրքիայի հետ բաց սահմաններով։

Ան կը յիշեցնէ` այս ամէնը սեւը սպիտակի վրայ նկարագրուած Մատրիտեան փաստաթղթի մէջ։

«Հայաստանի՝ ռազմաքաղաքական նուազագոյն հմտութիւններէն զուրկ ոեւէ ղեկավար չէր կարող յաջողութիւն ունենալ։ Փաշինեանը չունէր եւ հիմա ալ չունի այդ հմտութիւնները»,– գրած է Օսկանեանը։

Նախկին արտգործնախարարը վստահեցուցած է, որ այսօր կայ խաղաղ եւ դիւանագիտական այլընտրանք այն ամէնուն, ինչ կը կատարուի հիմա, իսկ միջազգային հանրութեանը կը հետաքրքրէ հարցի լուծումը, այլ ոչ թէ լուծման բովանդակութիւնը։

«Անոնք, յատկապէս Արեւմուտքը, այսօր մեծ կորովով կ’աջակցին Փաշինեանին, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնեն այն մարդու կերպարը, որն իրենց հարցի լուծման ամենահեշտ ու կարճ ճանապարհի հնարաւորութիւնը կընձեռնէ։ Այն պահին, երբ Հայաստանը կարողանայ հմուտ ու տրամաբանուած նոր ձեւակերպում տալ հարցի լուծման իր մօտեցումներուն, անոնց մօտ միանշանակ դիրքորոշումներու փոփոխութիւն կը լինի»,– վստահեցուցած է ան։

Ամփոփելով իր գրառումը` Օսկանեանը նշած է, որ Հայաստանի նման երկրի առաջնորդութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի հագով չէր։ Մաքրման եւ խղճի հանգստութեան ամենաուղիղ ու կարճ ճանապարհը, անոր կարծիքով, ՀՀ վարչապետի ինքնակամ հրաժարական տալն է եւ երկրի ղեկավարման յանձնումը ռազմաքաղաքական եւ դիւանագիտական հարցերուն մէջ ձեռնհաս մարդու։

Յիշեցնենք` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Յունիսի 20-ին 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նիստին յայտարարած էր, որ Մատրիտեան սկզբունքներով Ատրպէյճանը զրոյացրած է 1989-91 թուականի իրաւական բազան, ներքին լեգիտիմութեան մեր իրաւունքը եւ վեթոյի իրաւունք է ստացել ԼՂ կարգավիճակի հարցում։

Փաշինեանի` ԱԺ–ում հնչեցրած յայտարարութիւններուն արձագանգել են նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակները, ինչպէս նաեւ «Հայ ազգային կոնգրէս» կուսակցութեան փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեանը։