WCC-ի մօտ Մայր Աթոռը ներկայացնող Վիգէն Սրբազան «Հայ Ձայն»ին պատմեց Իրաք կատարած իր ճամբորդութեան մասին:
«Ընդհանուր տպաւորութիւնները սարսափելի էին. քաղաքը ապրելու համար պիտանի չէր, ամէնուր զինուորներ կը հսկէին», – «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Տ. Վիգէն արք. Այգազեան՝ խօսելով օրերս Իրաք կատարած իր այցելութեան մասին: Նշենք, որ այցը կազմակերպած էր «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ»ը (WCC), որուն անդամ է Վիգէն Սրբազան՝ ներկայացնելով Մայր Աթոռը:
Այցելութեան նպատակն էր տեսնել տեղի քրիստոնեաները, գաղափար կազմել անոնց օգնութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ հանդիպել տեղի բարձրաստիճան հոգեւորականներուն եւ պետական գործիչներուն՝ նախագահին, վարչապետին, Ներքին Գործոց նախարարին հետ:
«Մեր այցելութիւնը սկիզբ առաւ Պաղտատէն, ապա շարունակուեցաւ դէպի Քիւրտիստան: Ընդհանուր տպաւորութիւնները սարսափելի էին, ժողովուրդը շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, քաղաքը ենթակայ չէր ապրելու: Այն պատերազմական վիճակի մէջ է, իւրաքանչիւր շէնք շրջապատուած է պեթոնէ արգելապատնէշով, ամէնուր հսկողութիւն կը սահմանեն զինուորները: Շատ ճամբորդած եմ, բայց այսքան տխուր ու սարսափելի տպաւորութիւններ առաջին անգամ կը ստանամ: Իսկապէս շատ ծանր էր վիճակը, անգամ չէի կրնար երեւակայել, որ նման տեսարանի ականատես պիտի ըլլամ»,- ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ աւելցնելով, որ տեղի հայկական համայնքին հետ հանդիպումներ եւս ունեցած են, հանդիպած են թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանին հետ, որ այդ պայմաններուն մէջ 1990 թուականէն այնտեղ կ’ապրի՝ հակառակ վատառողջ ըլլալուն, նուիրուած է համայնքին, եւ իսկապէս հերոսական գործ կը կատարէ: Ըստ Վիգէն Սրբազանին, իրաքահայութիւնը միւս ժողովուրդներուն նման կը տառապի, ամէնուր սարսափելի վիճակ է, մարդիկ չեն գիտեր ինչ ընեն: «Ես այն եզրակացութեան յանգեցայ, որ այդ երկրին մէջ քրիստոնեայ պիտի չմնայ: Մենք տեսակցեցանք տեղի երիտասարդներուն հետ, առաջարկեցինք մեր օգնութիւնը տուներու, հիւանդանոցներու, դպրոցներու, եկեղեցիներու նորոգման կամ կառուցման գործին: Հանդիպման ներկայ գտնուող աղջիկէ մը այսպիսի պատասխան ստացանք՝ «ո՛չ տուն կ’ուզեմ, ո՛չ հիւանդանոց, ո՛չ եկեղեցի, իմ ինքնութիւնս առած են, ես մեռած կ’ապրիմ… իմ ինքնութիւնս ինծի ետ տուէ՛ք, ուրիշ բան չեմ ուզեր…»: Շատ ծանր ու յուզիչ զգացում էր: Ժողովուրդը յստակ չի գիտեր, թէ ինչ կրնայ տեղի ունենալ, արդեօք խաղաղութիւն պիտի հաստատուի՞, թէ ոչ: 15 տարի այս ժողովուրդը պատերազմի մէջ է: Այս չի նշանակեր, որ իսլամները տառապանքներ չեն կրած, բայց «Իսլամական Պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման անգթութեան զոհը քրիստոնեաներն եղած են»:
Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով յաճախ հնչող այն կոչերուն, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը վտանգուած է, եւ պէտք է պահպանել այն, ըսաւ, որ անոնք իրականութեան մէջ գործնական հողի վրայ չեն գտնուիր, աւելցնելով, որ տեղի քրիստոնեաները կ’ըսեն, որ այդ երկիրն իրենց երկիրն է, սակայն իսլամները եկած ու գրաւած են այն՝ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն դարձնելով: Սրբազան Հօր խօսքով, 1 մլն. 700 հազ. քրիստոնեայէն այնտեղ այժմ մնացած է ընդամէնը 250 հազ. քրիստոնեայ:
Վիգէն Սրբազան իր մտահոգութիւնը բարձրաձայնեց՝ կապուած Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին հետ՝ նշելով, որ Միջին Արեւելքի ապագան վտանգուած կը համարէ: Ըստ Վիգէն Սրբազանին, այսօր Լիբանանի մէջ հաւանաբար 20-25 հազ. քրիստոնեայ մնացած է, իսկ մնացածեալը տարեցներն են, երիտասարդները կը հեռանան: Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը լաւ առիթ է, որ Հայաստան տէր դառնայ իր գաղթական ժողովուրդին: Մինչդեռ մարդիկ կու գան Հայաստան, քանի մը ամիս անց անոնցմէ շատերը կը տեղափոխուին այլ երկիր:
Մեր զրուցակիցը անդրադարձաւ նաեւ Քիւրտիստան այցին, տեղի հայութեան, եկեղեցւոյ ատենապետին, հայազգի պատգամաւորին հետ հանդիպումներուն: «Երբ այնտեղ հասայ, զարմանքով տեղեկացայ, որ տեղի հայկական եկեղեցին չկայ. չէ՞ որ հայերը քիւրտերուն շատ օգնութիւն ցուցաբերած են, անոր մասին վկայող պատմական կապեր ու փաստեր կան: Ինծի խոստացան, որ յաջորդ այցիս եկեղեցի կը տեսնեմ: Եւ իսկապէս, եկեղեցւոյ պատերն արդէն վեր խոյացած են՝ հակառակ նիւթական դժուարութիւններուն: Կը կարծեմ, որ 6 ամիսէն եկեղեցւոյ կառուցումն իր աւարտին կը հասնի»: Սրբազան Հայրը այստեղի հայութեան վերաբերեալ նոյնպէս տագնապ արտայայտեց. անոնք եւս անորոշ վիճակի մէջ են, աւելի քան 200 ընտանիքէն այժմ 95-ը մնացած է:
Տ. Վիգէն Սրբազան «Հայ Ձայն»ին հետ ունեցած զրոյցի աւարտին նշեց նաեւ, որ մեծ ճիգեր կը գործադրեն Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն օժանդակելու համար, սակայն «իրականութիւնը այնքան դառն է, որ մեր կատարած օժանդակութիւնները կաթիլի կը վերածուին ու կ’ոչնչանան այդ երկիրներու տառապանքի աղի ծովուն մէջ»: