Ապօրինի՞ են Թէ Օրինաւոր Այլեւս Ժամանակավրէպ Հարց է

Ապօրինի՞ են Թէ Օրինաւոր Այլեւս Ժամանակավրէպ Հարց է

Բացայայտ է Սակայն Թէ Այս Անգամ Դաւաճանեցին ՌԱԿ-ին

Ընտրութիւններու Նախօրեակին Այս Խմբակը Դատապարտելի է
Հակակուսակցական Արարքով

 

Հայ աշխարհով եւ յատկապէս Հայաստանով լրջօրէն հետաքրքրուող հասարակութեան համար, այս օրերուն կեդրոնական կարեւորութիւն ունեցող խնդիրը, քանի մը ամիսէն հոն տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նիւթն է:

Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը անցեալ տարուան ընթացքին հիմնական փոփոխութեան մը ենթարկուեցաւ եւ մեր երկրի կառավարման ձեւը փոխուեցաւ նախագահական դրութենէն, վարչապետական դրութեան, ինչպէս պարագան է, օրինակի համար, Գանատային, Անգլիոյ եւ այլ Արեւմտեան երկիրներու:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամը շատ մօտեցած է: Անոնք տեղի պիտի ունենան Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Հետեւաբար, այս օրերուն տենդոտ աշխատանք կայ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ: Տարբեր կուսակցութիւններ բնականօրէն կ’աշխատին ամենանպաստաւոր մօտեցումները որոնել եւ որոշել, յաջորդ խորհրդարանին մէջ լաւագոյն ներկայութիւն մը ապահովելու համար:

Այսօր Հայաստանի իշխանութեան գլուխը կը գտնուի ամենազօր վիճակով Հանրապետական Կուսակցութիւնը, գլխաւորուած Սերժ Սարգսեանով: Անկէ դուրս կան բազմաթիւ մեծ եւ փոքր կուսակցութիւններ, որոնց կարգին կարելի է թուել Բարգաւաճ Հայաստանը, Գոնկրէսը եւայլն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ օրինաւոր գոյութիւն հաստատած աւանդական կուսակցութիւններ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեանը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Բոլորովին գաղտնիք մը բացայայտած պիտի չ’ըլլանք, սակայն, երբ արտայայտենք այստեղ այն ցաւալի սակայն անժխտելի իրականութիւնը թէ այսօրուայ պայմաններով Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու աշխատանքը շատ աւելի մօտ է աշխարհի յետադէմ երկիրներու մէջ գործադրուող ձեւին քան թէ ինչ որ բնական ձեւն է մեր ապրած Արեւմտեան երկիրներու մէջ, ինչպէս Ֆրանսան, Գերմանիան, Գանատան, Միացեալ Նահանգները, եւայլն:

Հայաստանի մէջ ընտրող քաղաքացին ենթակայ է իր գործատէրին հրամանէն, որ շատ յաճախ իշխանութիւնն է, եւ, որ կը դրսեւորուի գործատիրոջ շատ հասկնալի հետեւեալ արտայայտութեան մէջ. «եթէ կուզես գործդ չի կորսնցնել լաւ կ’ըլլայ որ քուէարկես այս ձեւով…»: Նոյնպէս նկատի ունենալով տնտեսական ահաւոր նեղութիւնները, այլապէս անկախ քուէարկողներ, հասկնալիօրէն իրենց քուէն աճուրդի կը դնեն, եւ հետեւաբար ամենաբարձր վարձատրութիւն խոստացող կուսակցութիւնը կ’ապահովէ անոնց ձայնը:

Դժբախտաբար երեւոյթը այս է այսօր Հայաստանի մէջ:

Ահա թէ ինչու ընտրութիւններու պատրաստութեան շրջանը, մակերեսային, պաշտօնական եւ օրինական երեւոյթներու ետին, լեցուն է շուկայական այլապէս անընդունելի եւ մեզի համար ապօրինի այսպիսի սակարկութիւններով:

Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք տարբեր խմբաւորումներ եւ կուսակցութիւններ, Հանրապետական կուսակցութեան անբնական կշիռքին դէմ հակակշիռ ոյժ հաւաքելու համար սկսան կազմել դաշինքներ:

Այսպէս ուրեմն ՌԱԿուսակցութիւնը իր կարգին անցնող մէկ ամսուան ընթացքին լուրջ բանակցութեանց մէջ էր ծանօթ բարերար եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ, միանալու համար այս վերջւոյն գլխաւորած դաշինքին:

Ակնյայտ է, վերեւի տուեալներուն հիման վրայ, թէ ՌԱԿուսակցութիւնը միանալով Ծառուկեան դաշինքին ամենամեծ պատեհութիւնը ունէր ապահովելու նոր խորհրդարանին մէջ իր ներկայութիւնը:

Բայց ահա պատահեցաւ զզուելի անակնկալ մը երբ Սփիւռքի տակաւին իր գոյութիւնը քաշքշող «ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն» անունով խմբակը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, տարացիօրէն վլվլուկ մը փրցուց գրութիւններով եւ մամլոյ ասուլիսներով, աջ ու ձախ պոռչտալու համար թէ ՌԱԿը Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու պէտք չէ մասնակցի, թէ Սփիւռքը հակառակ է Հայաստանի օրինաւոր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կատարած նախընտրական բանակցութեանց եւայլն:

Այս տգեղ եւ անբացատրելի երեւոյթին առջեւ եւ ստեղծուած շփոթ մթնոլորտին մէջ, բնականաբար ՌԱԿը ստիպուեցաւ մէկ կողմէ դադրեցնել դաշինքի մասնակցութեան բանակցութիւնները եւ միւս կողմէ կազմակերպել իր առանձին ընտրութեանց մասնակցելու աշխատանքը, որ վերեւը նկարագրուած պայմաններուն տակ, բնականաբար շատ աւելի դժուար է քան ինչ որ կարելի է ապահովել մեծ դաշինքի մը ընձեռած պայմաններով:

Այստեղ մեր գլխաւոր հարցը այս հանգրուանին ընտրութեանց այս կամ այն ձեւով ՌԱԿ-ի մասնակցութեան հարցը չէ այլեւս, այլ հարցը աններելի դաւադրութիւնը եւ դաւաճանութիւնն է այս խմբակին, որ ինչպէս ըսինք հակառակ իրենց ապօրինի գոյութեան, այս անգամ գործեցին ուղղակի ի վնաս ամբողջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան: Այս անգամ իրենց օրինաւոր կամ ապօրինի ըլլալը չէ խնդրոյ առարկան, այլ բացայայտ եւ զզուելի կերպով որպէս ուխտեալ կուսակցականներ իրենց հակակուսակցական դաւադիր գործունէութիւնն է, որուն հետեւանքը առանց այլեւայլի իրենց հեռացումը պարտի ըլլալ Ռամկավար Կուսակցականի հանգամանքէն:

 

Ռամկավար Դիտորդ