Երբ Հայաստանի մէջ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի միանայ «Ծառուկեան» դաշինքին, ՌԱԿ-ի սփիւռքեան կառոյցներու անունով հանդէս եկող, բայց ամենեւին ալ էական դերակատարութիւն չունեցող շարք մը անձիք փորձեցին քննադատութեամբ խանգարել ՌԱԿ-ի այդ որոշումը։
Չէինք անդրադառնար մէկ օր առաջ Թէքէեան կեդրոնին մէջ ասուլիս հրաւիրած եւ ՌԱԿ սփիւռքեան կառոյցներու անունով հանդէս եկող Լեւոն Պլըխեանի, Ալեքսան Գարատանայեանի եւ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանի ըսածներուն, քանի որ ՌԱԿ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան ու ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան 6 ներկայացուցիչներ անակնկալօրէն ներկայացան այդ ասուլիսին եւ տեղւոյն վրայ պատասխանեցին կեղծ մեղադրանքներուն, եթէ որոշ ԶԼՄ-ներ, այնուամենայնիւ, չաղաւաղէին բուն նիւթը։ Թէքէեան կեդրոն եկած ու իրենց «ՌԱԿ կեդրոնական վարչութիւն»ը ներկայացնողները, փաստօրէն, հանդէս կու գային յայտարարութեամբ մը, զոր ստորագրած եւ Թէքէեանի ասուլիսէն մէկ օր առաջ հրապարակած էին ՌԱԿ ատենապետ Սերխիօ Նահապետեան եւ ատենադպիր Սեւակ Հաճիյակոբեան: Այդ յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, թէ 95-ամեայ ՌԱԿ-ը Հայաստանի մէջ իրաւականօրէն զինք ներկայացնող կառոյց չունի, ու ոչ ուղղակի, ոչ ալ այլ քաղաքական ուժերու կամ դաշինքներու միջոցով չի կրնար մասնակցիլ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Պլըխեանականները ճիշդ այդ կեղծիքը կը կրկնէին, թէ Կեդրոնական վարչութիւնն իրենք են, եւ իրենք որոշում չեն կայացուցած բանակցելու «Ծառուկեան դաշինք»ին հետ, կամ այդպիսի բան չեն արտօնած որեւէ այլ կառոյցի, իսկ հայաստանեան ՌԱԿ-ը շեղած է սփիւռքեան ՌԱԿ-ի ուղեգիծէն։ Անսպասելիօրէն այդ ասուլիսին ժամանած ՌԱԿ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան հակադարձեց. «Մենք ենք Հայաստանում ՌԱԿ-ը ներկայացնում: Պարոն Պլըխեան, Դուք ի՞նչ կառոյց էք ներկայացնում», հարցուց ան՝ նկատի ունենալով արձանագրութեան մը կամ թուղթի մը առկայութիւնը, որ պիտի վկայէր, թէ այդ մարդիկ պետականօրէն կամ պաշտօնականօրէն ինչ-որ կառոյց կը ներկայացնեն։ Փաստաթուղթեր չկային, արդարացումն այն էր, թէ սփիւռքեան կառոյցները յաճախ գրանցուած չեն եւ միակ պատճառաբանութիւնն այն էր, որ Յ. Աւետիքեան գիտէ իրենց՝ Սուրիոյ կառոյց ներկայացնելը եւ թէ իրենք Սուրիոյ մէջ ճանչցուած էին «2-րդ գրասենեակի», (այսինքն պետական գաղտնի ծառայութիւններու) կողմէ: «ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութիւնում մե՛ր կառոյցն է վաւերացուած, ու միայն մենք կարող ենք որոշում կայացնել Հայաստանում: Օրինակ,- ըսաւ Աւետիքեան,- Լիբանանի կառոյցին էլ այդ երկրի ընտրութիւններում մենք չենք կարող ասել, որ դաշինքով կամ այլապէս հանդէս գան։ Հէնց ՌԱԿ-ը յայտարարեց, որ «Ծառուկեան դաշինք»ի հետ համագործակցում է, սկսեց հնչել, որ իրենք կողմ չեն։ Բայց իրենք իրաւասութիւն չունեն որեւէ բան որոշելու։ Պարոն Պլըխեան, դուք 4-5 տարի է՝ Հայաստանում էք, եթէ դուք մաս կազմէիք Ռամկավար Ազատական կուսակցութեանը, ապա այժմ դուք իրաւունք կ’ունենայիք մեր անունից նոյնպէս խօսելու», այսպէս իրականութիւնը բացատրեց Յ. Աւետիքեան՝ նշելով, որ ՌԱԿ-ը Հայաստանի մէջ գրանցուած ու սկսած է գործել 1991 թուականէն, իսկ 2016 թուականի Հոկտեմբերին սփիւռքեան բազմաթիւ պատգամաւորներու մասնակցութեամբ կուսակցութիւնը համագումար հրաւիրած է Երեւանի մէջ եւ ընտրած իր` հայաստանակեդրոն Կեդրոնական վարչութիւնը, որ նոյնպէս վաւերացուած է պետականօրէն։
Անդրադառնալով իրենց Սփիւռքի կառոյց ներկայացնող, բայց Հայաստանի մէջ ապրող ասուլիսաւորներուն եւ քանի մը այլ՝ ՌԱԿ-ի անունով հանդէս եկող ինքնակոչներուն, ՌԱԿ ատենապետը կուսակցական խոհանոցէն որոշ մանրամասներ, այնուամենայնիւ փոխանցեց. «Չեմ ուզում մեր ներկուսակցական խոհանոցը բացել, մենք երկար բանակցել ենք այդ խմբակի հետ, յետոյ այդ բանակցութիւնները ձախողուել են։ Մի փոքր խմբակ իրեն յայտարարել է կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւն Սփիւռքում, դուք ի՞նչ գործ ունէք դրա մէջ, եթէ դուք Հայաստանում էք ապրում։ Մենք տեսնում ենք համապատասխան իշխանական օղակների միջամտութիւնն այս հարցում: Իշխանութիւնների միջամտութիւնը կայ այս ամէնում, որպէսզի խանգարուի մեր յետագայ ընթացքն ընտրութիւններում։ Ստացւում է, որ զանազան մարդիկ, ռամկավարներ, մեր անունից են հանդէս գալիս։ Իշխանութիւնների կողմից սա խտրականութիւն է մեր նկատմամբ», եզրափակեց Յ. Աւետիքեան ու իր վարչութեամբ լքեց ասուլիսաւորները։
Նոյն երեկոյեան, Յ. Աւետիքեան «aravot.am» կայքին անգամ մը եւս յստակ ձեւակերպած էր իր ըսելիքը. «Լեւոն Պլըխեանը եւ նրա ընկերները իրաւունք ունե՞ն ասել, թէ մենք ի՞նչ անենք ու ինչպէ՞ս վարուենք, ո՞ւմ դաշինքով կամ առանց դաշինքի մասնակցենք ընտրութիւններին, թէ՞՝ ոչ: Կարող են շատ-շատ խորհուրդ տալ, բայց դէմ լինելը, կամ կողմ լինելը չենք ընդունում, որովհետեւ մեր կուսակցութիւնը Հայաստանում պետականօրէն ճանաչուած կուսակցութիւն է, գործում է ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքների ու իր կանոնադրութեան համաձայն: Դրսից չի ղեկավարւում այս կուսակցութիւնը, առաւել եւս, որ երեք-չորս տարուց աւելի Պլըխեանն ու իր ընկերները ապրում են Հայաստանում, ունեն հաւանաբար ՀՀ քաղաքացիութիւն, սիրիահայ են, եւ եթէ ուզենային որոշում կայացնողների մէջ լինել, պէտք է մտնէին մեր կառոյց եւ իրենց դիրքորոշումը յստակեցնէին, համոզէին, պայքարէին, դա իրենց իրաւունքը կը լինէր, բայց մեր կառոյցի անդամ չեղողները իրաւունք չունեն խառնուել մեր գործերին, դա օրէնքով չարտօնուած միջամտութիւն է»։
«Հայ Ձայն»