Խառն մենամարտերու Octagon Fighting Sensation-8 մրցաշարքին ատրպէյճանցի մարզիկին յաղթած Ալպերթ Ղազարեանը յաղթանակին համար ստացած գումարը պիտի փոխանցէ Պաշտպանութեան բանակին:
Այդ նպատակով` մօտ օրերս ան իր մարզիչին հետ պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ մարզիկը անդրադարձած է նաեւ անոր հասցէին հնչող քննադատութեան` նշելով, որ մրցակիցին միջնամատ ցոյց չէ տուած:
Մարտի տեսագրութիւնը դիտելէ ետք շատերը կը համարէին, որ հայ մարզիկը միջնամատը ցոյց տուած է, եւ կը քննադատէին զայն:
Հայ մարզիկը, սակայն, կ՛ընդգծէ, որ ատիկա ոչ մարզական պահուածք է, եւ ինք նման բան չ՛ըներ:
«Բոլորը մտածում էին, որ ես միջնամատ եմ ցոյց տուել, բայց եթէ ուշադիր նայէք, կը տեսնենք, որ այդպիսի բան չի եղել: Ես մարզական շատ լաւ դաստիարակութիւն եմ ստացել, ինքս մարզում եմ եւ նման բան չէի անի»,-ըսած է ան, կը գրէ Armtimes.com-ը:
Յաղթանակին առնչութեամբ Ալպերթ Ղազարեանը որպէս նուէր մեքենայ ստացած է Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանէն:
Պարտութիւնը ատրպէյճանցիները շատ ցաւալի ընդունած են եւ իրենց մարզիկէն հրաժարած են: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ Ալպերթ Ղազարեանին պարտուած Ռուսլան Մուրաթազովը ատրպէյճանցի չէ, ղազախ է, պարզապէս պատանի տարիքին ատրպէյճանական անձնագիր ստացած է:
Այս տեսակէտը հերքած է «Արմֆայթինգ» ֆետերասիոյնի նախագահ, Ալպերթ Ղազարեանի մարզիչ Հայկ Ղուկասեանը:
«Եթէ նա լինէր ղազախ, ապա ինչո՞ւ պէտք է անհանգստանային: Եթէ քաղաքցի է ուրեմն ատրպէյճանցի է»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ ատրպէյճանցիները շատ վրդովուած են պարտութեան պատճառով:
Ինչպէս կը նշէ Ղուկասեանը, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նաեւ սահմանափակած են Ռուսլան Մուրաթազովի մուտքը Ատրպէյճան: