Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը մշակութային ինքնութեան պահպանման, ազգային եւ աւանդական արժէքներու վերարտադրութեան ու հանրահռչակման, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան խթանման քաղաքականութեան ծիրէն ներս կը սկսի նոր ` «Արցախ Էթնոֆէստ» միջազգային նախագիծը: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն:
«Արցախ էթնոֆէստ»-ը միջազգային փառատօն է, որ կը նախատեսուի իրականացնել տարին մէկ անգամ, Արցախի մէջ` տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իւրաքանչիւր փառատօն պիտի ունենայ իր խորագիրը եւ պիտի ներկայացնէ ազգային մշակոյթի մէկ ուղղութիւն:
«Արցախ էթնոֆէստ» առաջին միջազգային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 15-17: Փառատօնը պիտի ունենայ «Երկրի համը» անուանումը եւ պիտի ներկայացնէ տարբեր երկիրներու ազգային խոհանոցները: Փառատօնին պիտի մասնակցին ինչպէս հմուտ խոհարարներ, այնպէս ալ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ Ֆրանսայէն, Ռումինիայէն, Մոլտովայէն, Հարաւային Քորէայէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն եւ ի հարկէ, Հայաստանէն ու Արցախէն: Փառատօնային ծրագրի ծիրէն ներս անոնք պիտի պատրաստեն եւ հիւրերուն մատուցեն իրենց ազգային ուտեստներն ու ճաշատեսակները:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 16-ին Շուշիի «Իսահակի աղբիւր» ճաշարան համալիրին մէջ: Պիտի ներկայացուին ֆրանսական քրեփը, ռումինական մամալիգան, բրինձով պատրաստուած քորէական ուտեստներ, սուրիական աղցաններ եւ արեւելեան քաղցրաւենիք, վրացական սացիւին, ինչպէս նաեւ Արցախեան խոհանոցի այցեքարտ ժենգեալով հացը, կուրկուտը, աւանդական խորովածը: Փառատօնի օտարերկրացի մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի ժենգեալով հացի թխման վարպետութեան դաս եւ մրցոյթ: Փառատօնին պիտի ուղեկցին հետաքրքրական համերգային ծրագիրներ:
Փառատoնին մասնակցելու համար պէտք է դիմել ԼՂՀ մշակոյթի և երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւն՝ /047/ 73 43 88 hեռախօսահամարով: