Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Կոտայք մարզի Եղվարդ քաղաքին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՌԱԿ «Գրիգոր Խաչատուրեան» երիտասարդական համակարգչային կեդրոնին, ներկայութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Աւետիքեանի, կուսակցական անդամներու եւ վարչականներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ակումբի ատենապետ Հրաչեայ Կարապետեանը որ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքերով ողջունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրը ու Արժանթինահայ բարերար Գրիգոր Խաչատուրեանի նուէրը՝ քաղաքը օժտելով համակարգչային երիտասարդական կեդրոնով մը որ պիտի ծառայէ նոր սերունդը պատրաստելու բարձրագոյն կրթական ուսումի հաստատութիւներու:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան յայտնեց թէ որոշուած էր որ այն շրջանները որոնք յաջողութիւն արձանագրած էին ՏԻՄ ընտրութիւններուն, կուսակցութիւնը իր սուղ միջոցներով կը ստեղծէ երիտասարդական հաւաքավայրեր: Ապա ան հրաւիրեց այն երեք երիտասարդուհիները որոնք ընտրուած էին միանալու ՌԱԿ-ին, ու կատարեց անոնց ուխտառութեան արարողութիւնը, որպէս առաջին քայլը հայութեան ծառայութեան: Խօսք առին նաեւ ԹՄՄ-եան Հայաստանի մէջ ներկայացուցիչ Գայանէ Մուրատեանը եւ նոր հաւաքավայրի համակարգչային դասաւանդութիւններու ուսուցիչ Յասմիկ Վարդանեանը որոնք շնորհաւորեցին երեք նոր անդամուհիները եւ մաղթեցին որ թարմ շունչով մուտք գործեն ու յաջողութիւններ արձանագրեն ուսման եւ իրենց կեանքի ասպարէզներուն մէջ: