Երեւանի մէջ կը բնակի 1 միլիոն 74.1 հազար մարդ. վիճակագրութիւն

Հայաստանի մէջ 2016 թուականի Յուլիս 1-­ի դրութեամբ մշտական բնակչութեան թուաքանակը կազմած է 2 միլիոն 995.1 հազար մարդ, որմէ 1 միլիոն 905.7 հազարը քաղաքներու մէջ, իսկ 1 միլիոն 089.4 հազարը` գիւղերու:

Ինչպէս «Արմենփրես»-­ը կը տեղեկացնէ վկայակոչելով ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը, ամենաշատ բնակեցուած մարզերէն են Արմաւիրի, Արարատի եւ Կոտայքի մարզերը` համապատասխանաբար 266.2 հազար, 258.8 հազար եւ 253.9 հազար բնակչութեամբ: Իսկ ամենաքիչ բնակչութիւն ունեցող մարզը Վայոց ձորինն է` 50.8 հազար բնակիչով: Երկրի մայրաքաղաքին մէջ կը բնակի 1 միլիոն 074.1 հազար մարդ: Երեւան քաղաքին մէջ ամէնէն շատ բնակեցուած համայնքներն են Շէնգաւիթը` 139.2 հազար, Մալաթիա-Սեբաստիան` 136.2 հազար եւ Նոր Նորքը` 130.6 հազար բնակիչով: Նուպարաշէն համայնքին մէջ կը բնակի ընդամէնը 9.8 հազար մարդ, անիկա ամենաքիչ բնակեցուած համայնքն է:

Բնակչութեան թուաքանակի վերաբերեալ տեղեկատուութեան սկզբնաղբիւրը բնակչութեան մարդահամարներն են: Բնակչութեան թուաքանակի ընթացիկ գնահատականը կը տրուի բնակչութեան վերջին մարդահամարի արդիւնքներուն հիման վրայ (2011-ի Հոկտեմբեր 12-­21­ տեղի ունեցած), որոնց ամէն տարի կ՛աւելնան տուեալ տարածքի մէջ ծնուծներուն եւ եկողներուն (հաշուառուածներուն) թուաքանակը, կը հանուին մահացածներուն եւ տուեալ տարածքէն մեկնածներուն (հաշուառումէ հանուածներուն) թուաքանակը:

Մարդահամարի արդիւնքներով կը հաշուի բնակչութեան երկու դասակարգ` մշտական բնակչութիւն եւ առկայ բնակչութիւն: Մշտական բնակչութեան թուաքանակին մէջ կը հաշուառուին այն անձիք, որոնք մշտապէս կը բնակին տուեալ տարածքին մէջ, ներառեալ մարդահամարի պահուն ժամանակաւոր բացակայողները: Ժամանակաւոր բացակայողներուն թուաքանակին մէջ կը հաշուին այն անձիք, որոնք մարդահամարի պահուն իրենց հիմնական (մշտական) բնակութեան վայրէն կը բացակային մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով: Առկայ բնակչութեան թուաքանակին մէջ կը հաշուին այն անձիք, որոնք մարդա­ համարի պահուն գտնուած են տուեալ տարածքին մէջ, ներառեալ ժամանակաւոր բնակողները: Ժամանակաւոր բնակողներու թուաքանակին մէջ կը հաշուին այն անձիք, որոնք մարդահամարի պահուն չբնակելով մշտապէս` կը գտնուին տուեալ տարածքին մէջ մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով: