Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 Սեպտեմբերին ներկայ գտնուած է Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով «Կարէն Դեմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Անկախութեան սերունդ» խորագիրով տօնական համերգին:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահը դիտել տուած է, որ դժուար, սակայն պատուաբեր ուղի եղած է 25-ամեայ երթը, որուն ընթացքին գրեթէ ոչինչէն կարելի եղած է կառուցել անկախ ու ժողովրդավարական երկիր, իսկ ժողովուրդը բոլոր փորձութիւնները յաղթահարեց յատուկ տոկունութեամբ, իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու խիզախութեամբ, կարելիութիւն գտաւ պաշտպանելու Հայաստանն ու Արցախը, զարգացնելու տնտեսութիւնն ու հասարակական կեանքը:
Նախագահ Սարգսեան շեշտը դրած է անկախութեան սերունդին վրայ` նշելով, որ 25 տարիներուն ընթացքին հասակ նետած է այնպիսի սերունդ մը, որուն համար Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը ո՛չ միայն ճակատագիր էր, այլեւ պատիւ, որուն համար ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքները մտածողութեան եւ աշխարհընկալման հիմքեր են, որ պատրաստ է կռուելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Առ այդ, ան շատ կարեւոր նկատած է սերունդներ պատրաստելը, որովհետեւ անոնք են, որ փառք պիտի բերեն Հայաստանին: