Պէտք է ստեղծել Հայկական Ազգային Ակադեմիան
Ժամանակէ մը ի վեր Արեւմտահայերէնի ճակատագիրը արդարօրէն մտահոգութեան առարկայ դարձած է հայ աշխարհին մէջ, Սփիւռք եւ Հայաստան: Բացատրութեան չի կարօտիր թէ լուրջ մտահոգութեան ճամբայ կը բացուի երբ ջանանք պատասխաններ գտնել բնական հարցումներու, ինչպէս, «Հայերէն լեզուի գործնական գործածութիւնը որքա՞ն երկար պիտի տեւէ Սփիւռքի մէջ», «Որքա՞ն ժամանակ հայերէն գիրք կարդացող պիտի գտնուի Սփիւռքի մէջ եւ հետեւաբար ի՞նչ է արեւմտահայերէն գիրքի կեանքի տեւողութեան ակնկալութիւնը»:
Սակայն, ինչպէս Պայքար շաբաթաթերթի Յունուար 8, 2017 թիւի խմբագրականը պատշաճօրէն կը մատնանշէ, հայերէն լեզուի պահպանման մտահոգութիւնը չի սահմանափակուիր արեւմտահայերէնին, որովհետեւ արեւելահայերէնը ինքը եւս ենթակայ է լուրջ բռնաբարութեանց: Արդարեւ այլեւս ակնկալուած երեւոյթ է մեզմէ նոյնիսկ հայերէն լեզուի քաջածանօթ մէկու մը համար երբ ձեռք առնենք Հայաստանի սովորական առօրեայ հրատարակութիւններէն մէկը, որ լուրջ դժուարութեան հանդիպինք մեր կարդացած նիւթը հասկնալու որովհետեւ նախադասութիւնները այնքան խճողուած են օտարաղբիւր (այս բառը ես ստեղծեցի սակայն վստահ եմ թէ իմաստը հասկնալի է) վիշապային բառերով:
Հայերէն լեզուին չափ, պէտք է նաեւ լաւ գիտնալ լատինարմատ եւ նաեւ ռուսերէն լեզուները, ի վերջոյ կարենալ վերծանելու համար հայերէն գիրերով երեւցող գրութիւնը:
Որոշ է ուրեմն թէ հայերէն լեզուն, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն լուրջ վտանգի տակ կը գտնուի, ըլլան անոնք անհետացման թէ այլակերպման նոյնքան լուրջ վտանգները:
Ազգային գոյութեան գլխաւոր երկու ազդակներէն մէկն է սակայն լեզուն, միւսը ըլլալով հայրենի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Այս երկու ազդակներու պահպանման գլխաւոր եւ անփոխարինելի պատասխանատուն հայրենի պետութիւնն է անկասկած:
Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութիւնը դժբախտաբար այնպիսի ընթացք մը ունեցած է որ մէկ կողմէ լայնատարած Սփիւռք մը ստեղծուած է մինչ հայրենի պետականութիւնը անցած է քաղաքական խրթին հանգրուաններէ: Այսօր սակայն երեւոյթը յստակ է: Անշուշտ կայ Սփիւռքը որ մարդկային թիւով եւ հաւաքական հարստութեամբ աճած է եւ կարեւոր էութիւն մը կը ներկայացնէ, ան սակայն մեծ չափով անկազմակերպ է, եւ կայ բարեբախտաբար անկախ հայրենիքը իր ամբողջական պետականութեամբ որ անվիճելի տէրն է, պատասխանատուն եւ հետեւաբար ակնկալուած պահապանը վերոյիշեալ ազգային մեր գոյութեան գլխաւոր երկու ազդակներուն:
Այս գրութեանս նպատակն է յստակ եւ շեշտակի կերպով մատնանշել այս վերջին պարագան, այսինքն Հայաստանի պետութեան պատասխանատուութիւնը:
Անգամ մը եւս կ’ուզեմ անդրադառնալ թէ մինչ մեր ժամանակակից պատմութեան յատուկ պարագաներուն բերմամբ մինչեւ օրս բնական դարձած է Սփիւռքէն ակնկալել յանձն առնել բազմաթիւ ազգային ծանր պատասխանատուութիւններ որոնց կարգին նաեւ ստեղծել եւ զարգացնել մեր մշակոյթը եւ հետեւաբար լեզուն պահպանող, հաստատութիւններ ինչպէս մշակութային կեդրոններ եւ դպրոցներ, սակայն բնական կեանքի հրամայականները այնպէս են որ պետական կառոյց չունեցող եւ հետեւաբար իսկութեան մէջ անկազմակերպ Սփիւռքը, հակառակ իր որոշ թիւով ազգանուէր կարեւոր կազմակերպութեանց գործունէութեանց, պարզապէս անկարող է այդ վիթխարի պարտականութիւնը շարունակել կատարելու եկող տասնամեակներուն եւ հարիւրամեակներուն:
Երբ Սփիւռքին կարողութիւնները այդ դաշտին մէջ կը նուաղին, հայրենի պետութեան անյետաձգելի եւ պարտադիր պարտականութիւնն է, մարդկային եւ նիւթական անհրաժեշտ միջոցները տրամադրել եւ տէր կանգնիլ իր պարտականութեան, այս բնագաւառին մէջ եւս:
Հետեւաբար կեդրոնանալով հայերէնի պահպանման եւ զարգացման առաջադրանքին, առաջին քայլը Հայկական Ազգային Ակադեմիայի ստեղծումն է Հայաստանի մէջ:
Առաջքը առնելու համար որեւէ շփոթի, խօսքը առանձնապէս հայերէն լեզուի պահպանման, զարգացման եւ տարածման նուիրուած հաստատութեան մը ստեղծման մասին է, անկախաբար այժմու Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայէն: Գիտենք թէ Գիտութիւններու Ակադեմիան արդէն իսկ կը պարփակէ հայագիտութեան բաժանմունք մը որուն մաս կը կազմէ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը, սակայն այստեղ առաջարկուածը շատ աւելի լայն գործունէութեամբ եւ բոլորովին աւելի բարձր կարգավիճակ (status) ունեցող հաստատութիւն մըն է, կերպով մը համազօր Ֆրանսայի Académie Franςaise հաստատութեան որ Ֆրանսայի ամէնաբարձր հեղինակութիւնը ունեցող հաստատութիւններէն մէկն է որուն ի պաշտօնէ ղեկավար եւ պահապանը նոյն ինքը Հանրապետութեան Նախագահն է:
Այո՝ հայ լեզուի պահպանումը մեր ազգային գոյութիւնը ապահովող երկու գերագոյն ազդակներէն մէկն է ինչպէս յիշեցինք վերեւ, եւ այդ պատասխանատուութիւնը պէտք է տրուի պետականօրէն ստեղծուած եւ պետութեան նախագահին կողմէ երաշխաւորուած հզօր հաստատութեան մը:
Առաջարկուած Հայկական Ազգային Ակադեմիային անդամները պարտին ըլլալ իրենք եւս բարձրագոյն հեղինակութիւն վայելող անձնաւորութիւններ որոնք բոլորը լեզուաբաններ եւ գրականագէտներ չեն անպայման: Կրկին երբ առնենք Ֆրանսական Ակադեմիայի օրինակը, պատկերացում մը ունենալու համար յիշենք թէ տարիներու ընթացքին անոր պատկառելի անդամներու շարքին կարժէ յիշել մեծ գրագէտներու շարքին, ինչպէս Վիքթոր Հիւկօ, Լամարթին, Շաթօպրիան, նաեւ գիտնականներ, քաղաքագէտներ, զօրավարներ ինչպէս Լուի Փասթէօր, Փուէնքարէ, Մարէշալ Ֆօշ եւ այլն:
Հայկական Ակադեմիային առաքելութիւնը պարտի ըլլալ բնականաբար հիմնականին մէջ հայերէն լեզուի պահպանութիւնը: Սակայն մասնաւորելով իր գործունէութեան յատուկ ստորաբաժանումները, ընդհանուր առմամբ իր պարտականութիւնը եւ իրաւունքը պարտի ըլլալ հաստատել իւրաքանչիւր հայերէն բառի օրինաւորութիւնը եւ գործածութեան արտօնուած ձեւը: Այս իմաստով անոր պարտականութիւնը եւ իրաւունքն է ստեղծել նոր բառեր: Այդ պատճառաւ ալ իր անդամակցութեան մաս պէտք է կազմեն կեանքի եւ մասնագիտութեանց տարբեր բնագաւառներու պատկանող հեղինակութիւններ:
Ակադեմիան պէտք է պատրաստէ եւ հրատարակէ հայերէնի օրինաւոր բառարանը: Մեր պարագային, անխուսափելիօրէն եւ անջատաբար, արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն բառարաններ անհրաժեշտ է կազմել:
Ակադեմիան նաեւ կարեւոր միջոցները պէտք է ունենայ քաջալերելու հայերէն լեզուն ջատագովող ձեռնարկներ եւ անհատներ ինչպէս օրինակի համար հաստատելով մրցանակներ եւ յանձն առնելով արժանաւոր գործերու հրատարակութիւնը: Հայկական Ազգային Ակադեմիան իր ծրագրին մէջ պէտք է ընդգրկէ նաեւ աստիճանաբար հեղինակաւոր հայկական դպրոցներու ստեղծումը եւ պահպանումը Սփիւռքի մէջ: Տեղին պիտի ըլլայ օրինակի համար որ Մելգոնեան հաստատութիւնը վերաբացուի, անշուշտ Հ. Բ. Ը. Մ. եանի հետ գործակցաբար, սակայն Ակադեմիայի վարչական եւ ծրագրային տնօրինութեան տակ:
Բնական պիտի ըլլայ նաեւ այժմու Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը տեղադրել Հայկական Ազգային Ակադեմիային մէջ:
Մինչեւ այսօր, Սփիւռքի մէջ հայերէնի պաշտպանութեան պարտականութիւնը ինքնաբերաբար յանձն առած են յատուկ կազմակերպութիւններ ինչպէս Հ. Բ. Ը. Մ. ը, Հայաստանեայց Եկեղեցին, կուսակցական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ: Ողջունելի է նաեւ յատկապէս տեսնել թէ վերջերս Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը եւս ձեռնարկած է այս աշխատանքին:
Սակայն այս բոլոր ջանքերը իսկական հսկայական պահանջքին դէմ շատ տկար են եւ երթալով ալ շատ ուշ: Անհրաժեշտ է այլեւս որ հայկական անկախ պետութիւնը իր 25-ամեակի վաղորդայնին առանց ուշացումի տէր կանգնի իր կարեւորագոյձն պարտականութիւններէն մէկուն՝ Հայերէն Լեզուի պահպանման եւ զարգացման առաջնահերթ աշխատանքին: Ահա թէ ինչու պէտք է ստեղծել Հայկական Ազգային Ակադեմիան, որուն գլուխը, որպէս պահապան պէտք է գտնուի նոյն ինքը Հանրապետութեան Նախագահը:
«Պայքար»