Հայ Գիտնականները Ելոյթ Ունեցած են Կենթի ICHMET-2016 Միջազգային Գիտաժողովին

Պելճիքական Կենթ (Ghent) քաղաքին մէջ, Սեպտեմբեր 12-15 տեղի ունեցած է «Ծանր մետաղները շրջակայ միջավայրին մէջ» թեմայով գիտագործնական 18-րդ գիտաժողովը (ICHMET 2016): Այս կտրուածքով, գիտաժողովին, առաջին անգամ կը մասնակցէին նաեւ ՀՀ ԳԱԱ էկոլոգանոոսֆէրային հետազօտութիւններու կեդրոնի հայ երիտասարդ մասնագէտները: Չորս օր շարունակ, յագեցուած ծրագիրով, ուսումնական Խոշոր կեդրոն համարուող Կենթի համալսարանը դարձած էր աշխարհի 5 ցամաքամասերու 60 երկիրներէ ժամանած մօտ 300 մասնակիցներու փորձի փոխանակման վայրն ու գիտական հարթակը, ուր նեղ մասնագիտական 21 թեմաներով հնչած են բազմաթիւ զեկոյցներ:

Շրջակայ միջավայրի ծանր մետաղներուն վերաբերող նախորդ գիտական համաժողովները տեղի ունեցած էին 1975 թուականին Գանատայի Թորոնթօ, այնուհետեւ Կտանսք (Լեհաստան 2010), Հռոմ ( Իտալիա 2012) Կույանկ, (Չինաստան 2014) քաղաքներուն մէջ:

Կենթի մէջ The ICHMET-2016 համաժողովին շարքը ներառած էր ծանր մետաղներով շրջակայ միջավայրի (մթնոլորտ, ովկիանոս, քաղաքային վայր) աղտոտուածութեան վերջին շրջանի բացայայտումներն ու վտանգները, բնապահպանական ազդեցութիւնները բնահամակարգերու եւ մարդոց վրայ՝ սկսած բնապահպանական քաղաքականութեան մշակումէն,վերջացած նոր ճարտարագիտութիւններու ստեղծումն ու կիրառումը, որպէսզի նուազագոյնի հասցուի եւ վերահսկուի մետաղներու արտանետումները:

Գիտաժողովի առաջին օրը «Կապարը քաղաքային միջավայրին մէջ» (Երեւան քաղաքի օրինակով) թեմայով հանդէս եկած է ՀՀ ԳԱԱ Էկոլոգանոոսֆէրային հետազօտութիւններու կեդրոնի շրջակայ միջավայրի երկրաքիմիայի բաժինի գիտաշխատող, կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Տեփանոսեան, որուն ելոյթը հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է գիտական շրջանակներու մէջ: Յաջորդ օրը՝ բաւական յագեցուած ու գիտականօրէն փաստարկուած ելոյթով՝ հանդէս եկած է մեր միւս հայ մասնակիցը` նոյն կեդրոնի ասպիրանտ Նայիրուհի Մաղաքեան, որուն թեման էր` «Ձնափոշիին մէջ առկայ ծանր մետաղի աղտոտման մակարդակի եւ մարդոց առողջութեան ուղղուած վտանգին գնահատումը» (Երեւան քաղաքի օրինակով):

Մեր մասնակիցներու զեկոյցները հնարաւոր է տեղ գտնեն երկրաքիմիայի միջազգային ընկերակցութեան (IAGC ) «Կիրառական երկրաքիմիա» եւ «Քեմոսֆէրա» ամսագիրներուն մէջ:

Արժանին պէտք է հատուցել ՀՀ ԳԱԱ էկոլոգանոոսֆէրային հետազօտութիւններու կեդրոնին (տնօրէն, երկրաբանական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Սաղաթելեան ), որ աշխոյժօրէն ներգրաւած է միջազգային ամենատարբեր նախագիծերու մէջ, մշտապէս կը կատարելագործէ եւ կը նորացնէ աշխատանքային գործելաոճը: Կեդրոնի աշխատակիցները յաճախ կը մասնակցին ամենատարբեր միջազգային գիտական խորհրդաժողովներու, կը ներկայացնեն իրենց գիտական հետազօտութիւններն ու զեկոյցները աշխարհի ամենատարբեր ֆորումներու մէջ եւ կ՝արժանանան ուշադրութեան :

 

«Նիտըրլանտական օրագիր»
Պելճիքա,Կենթ