Մեր սփիւռքի հայատրոփ գաղթօճախներու տարածքին իւրաքանչիւր հայ ամէն օր զգալաբար կամ անզգալաբար, նոյնիսկ երբեմն առանց անդրադառնալու, իր մարմնին վրայ կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած հետեւանքները՝ որոնք անհաշիւ են եւ անհամար:
Ամբողջ դար մը անդադար մեր մտաւորականներն ու ղեկավարները, նոյնպէս մեր հոգեւոր հայրերը, յաճախ անդրադարձած եւ մեկնաբանած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերլուծելով նոյնիսկ ամենէն փոքր ազդակները մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Նաեւ, ամէն տարի հոգեհանգստեան պաշտօններով, սուգի օր նշելով, մոմ եւ խունկ վառելով անմահացուցած ենք մեր անմեղ նահատակներու յիշատակը՝ խնդրելով առ Բարձրեալն Աստուծմէ, որ խաղաղութիւն շնորհէ անոնց հոգիներուն եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ զանոնք: Մեր աղօթքներուն զուգահեռ չենք մոռցած ամէնուրեք մեր ձայնը բարձրացնելու՝ ամպիոններէն արդարութիւն պահանջելով, եւ այս բոլորի դիմաց, որքա՜ն մեր ցաւերը մեղմացած են կամ մենք զմեզ մխիթարած ենք՝ երբ օտար երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ընդհանրապէս թերթերու առաջին էջերը գրաւած են այդ ճանաչման լուրերը եւ ակնյայտ իրականութիւն է, որ մինչեւ օրս անդադար մենք բոլորս սպասման մէջ կը գտնուինք, որ արդեօք աշխարհի ամենահզօր պետութեան նախագահը պիտի բարեհաճի՞ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Վստահաբար այդ ճանաչումը իր դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ, սակայն ժամանակն է, որ մեր կողմնացոյցը ճշդենք եւ յառաջ երթանք այլ ուղղութեամբ եւ դուրս գանք այդ սպասման վիճակէն: Ընելիքները շատ են ու անհամար: Երկար տարիներու փորձառութիւնը կ’ապացուցէ, որ մենք, որպէս Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներ, պէտք չէ մեր գրաւականը դնենք այլ ազգերու ղեկավարներու քմահաճոյքին վրայ: Մեզմէ կը պահանջուի՝ նախ մոռցնել չտա՛լ այդ ցաւը որ դուրս պոռթկացած է մեր իւրաքանչիւր նահատակի սրտէն. այդ ցաւի պատճառած ժայթքումի ամենաազդեցիկ պատկերացումը կ’արտացոլայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը իր յաւերժական կրակով:
Այո, յաճախ լսած ենք, որ մոռնալը Աստուածային պարգեւ մըն է, բայց ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ Յիսուս Քրիստոսի կրած ցաւերը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որպէսզի մենք ըլլանք լոյսի զաւակներ եւ յաղթենք մահուան: Այդ ցաւերը զգալով մենք կը մօտենանք մեր Տիրոջ եւ հաւատքով կը լիցքաւորուինք: Նոյնպէս, մեր անմեղ նահատակներուն կրած տառապանքն ու ցաւը զգալով, մենք յաղթած կ’ըլլանք մեր թշնամիներուն եւ անոնց իրագործած կոտորածին: Ուստի այդ ցաւը պէտք չէ ծանրութիւն պատճառէ մեր սրտերուն, այլ պէտք է ըլլայ խթան մեր իսկական հայ մնալուն:
Մենք պարտաւոր ենք այդ ցաւը փոխանցելու մեր իրարայաջորդ սերունդներուն: Ցաւիլ եւ ողբալ երբեք նոյնը չեն. անցած է ողբալու ժամանակը, բայց ցաւ զգալը պարտաւորութիւն է, մինչեւ որ մենք հասնինք եւ տիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն: Ալ կը բաւէ՛ գոհունակութեան ամենաբարձր զգացումը ապրինք, երբ օտար մը մի քանի բառերով Հայոց Ցեղասպանութեան կ’անդրադառնայ. ալ կը բաւէ՛ օտար ամպիոններու վրայ միայն խօսքով գոհացում ստանալու, մինչ միաժամանակ մենք տակաւ առ տակաւ կը մոռնանք մեր սրտերուն մէջ թախիծ պատճառող կրակը փոխանցելու մեզի յաջորդող սերունդներուն: Ո՛վ մանկավարժներ, ո՛վ վարժապետներ եւ տնօրէններ, ո՛վ հայրեր ու մայրեր, եթէ մենք ձախողինք մեր նահատակներուն ցաւը զգալ տալու մեր նոր սերունդին, ապահովաբար մեղկ սերունդներու առջեւ պիտի գտնուինք որոնք պիտի բաւարարուին օտարներու մի քանի արտայայտութիւններով եւ ծափահարութիւններով, եւ վստահաբար այս վիճակի արդիւնքը կանխատեսելի է ոեւէ խելամիտ անհատի մը համար:
Ի՞նչպէս դարեր շարունակ մենք կառչած մնացինք մեր Քրիստոնէական հաւատքին, Յիսուսի չարչարանքներուն մասնակից ըլլալով, նոյնպէս դարեր շարունակ կառչած պիտի մնանք մեր ինքնութեան՝ հաւատարիմ մնալով մեր նահատակներուն տառապանքներուն ու ցաւերուն:
Ա.Պ.