Գերմանիոյ բաժակի եզրափակիչին Միւնիխի «Պաւարիա»-ն 11-մեթրներով յաղթած է Տորթմունտի «Պորուսիոյ»` դառնալով մրցաշարի ախոյեան, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:
Հայաստանի հաւաքականի ու տորթմունտեան ակումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մրցաշարի լաւագոյն ռմբարկուն դարձած է` 5 խփած գնդակով:
4-ական գնդակ խփած են Նիլս Փիթըրսընը «Գրայպուրկ»-էն, Չիչարիթոն` «Պայեր»-էն, Լարս Շթինտլը` Մեոնխենկլատօբախի «Պորուսիա»-էն ու Թոմաս Միւլերը` «Պաւարիա»-էն:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի «Պորուսիոյ» կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան Kicker պարբերականի վարկածով ճանչցուած է Գերմանիոյ 2015/16 թուականներու մրցաշրջանի լաւագոյն ֆութբպլիստ: Մխիթարեան 2,57 միջին գնահատականով գլխաւորած է լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչման յաւակնողներու աղիւսակը:
Աւելի առաջ յայտնի դարձաւ, որ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուած է Պունտեսլիկայի 2015-2016-ի խաղաշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստ` ըստ Deutche Welle-ի հարցման արդիւնքներուն:
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի եւ Տորթմունտի «Պորուսիոյ» կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան Պունտեսլիկայի պաշտօնական կայքին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքներով ճանչցուած է Գերմանիոյ ընթացիկ առաջնութեան լաւագոյն աջ կիսապաշտպան: