$3.2 ՄԻԼԻՈՆ ԿԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԻ ՈՐՊԷՍ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ
Անցնող վեց ամիսներուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համաշխարհային ընտանիքը շեշտակի աշխատանք տարաւ Սուրիահայութեան ի նպաստ:
2012-էն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը $3.2 միլիոն հանգանակած է որպէս աջակցութիւն Միութեան Մարդասիրական Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամին, որ կ’օժանդակէ Սուրիահայոց, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ:
Նուիրաբերուած գումարներով սննդանիւթ եւ այլ տեսակի օժանդակութիւններ կը բաշխուին, բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցուին եւ անհարաժեշտ սարքեր կը հայթայթուին: Կը գործադրուին նաեւ կրթական եւ մանկական ծրագիրներ: Ի հարկին նաեւ նիւթական աջակցութիւն կ’ընձեռուի այն ընտանիքներուն որոնք կ’որոշեն տեղափոխուիլ:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անդամներուն եւ համակիրներուն առատաձեռնութեան շնորհիւ, շտապ օգնութիւն կարելի եղաւ փութացնել աւելի քան 3.000 ընտանիքներու Սուրիոյ մէջ, անոնց տրամադրելով ընդեղէնի պաշարի ծրարներ, եփելու ձէթ, պահածոյ մսեղէն, հաւկիթ, կաթ եւ մանկական սնունդ: Մօտ 400 հիւանդներ դարմանուեցան եւ աւելի քան 50 վիրաւոր հայերու բժշկական ծախսերը փոխհատուցուեցան: Ուսման կրթաթոշակներ տրամադրուեցան Հայաստանի մէջ ուսանող սուրիահայ համալսարանականներու, իսկ Լիբանանի եւ Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարաններուն մէջ ուսանող աշակերտներ անվճար կը շարունակեն իրենց ուսումը:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի օժանդակութեանց ջանքերուն մղիչ լոզունք հանդիսացաւ #ICareICan (ես կը սրտակցիմ եւ կարող եմ օգնել) յայտարարութիւնը, որ քաջալեր հանդիսացաւ այն միտքին թէ՝ ամենափոքր նախաձեռնութիւնն իսկ կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ: «Այսօրինակ ժողովրդային դրամահաւաքի արշաւները ոչ միայն կենսական են նիւթական առումով, այլ նաեւ հանրութիւնը իրազեկ կը պահեն Սուրիոյ աւերիչ պատերազմին պատճառով հարուածուած տասնեակ հազարաւոր հայերու օժանդակութիւն փութացնելու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի յառաջ տարած օգնութեան ճիգերուն: «Մենք մեծապէս գոհացած կը զգանք, տեսնելով որ #I Care I Can-ի արշաւը յաջողեցաւ ներգրաւել ամէն տարիքի մարդիկ, ազնուասրտութեան ու առատաձեռնութեան անհաշիւ կեցուածքներ յայտնաբերելով», ըսաւ Քարէն Փափազեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Գրասենեակի նիւթական միջոցներու ձեռքբերման եւ զարգացման բաժնի տնօրէնուհին:
#ICareICan արշաւը, որ սկիզբ առաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ընկերային շրջանակներու ծիրէն ներս, կրցաւ շարժման դնել Միութեան աշխարհատարած Մասնաճիւղերն ու անդամները, որպէսզի իրենց մասնակցութեան բաժինը բերեն Հիմնադրամին, իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ միջոցներով: Արշաւի բոլոր մասնակիցներէն խնդրուեցաւ որ լուսանկարուին ցուցանակ մը իրենց ձեռքերուն, որուն վրայ գրուած է #ICareICan եւ զետեղեն իրենց անձնական դիմատետրի, Twitter-ի եւ կամ Instagram-ի էջերուն վրայ, երկտողով մը, թէ ի՞նչ ըրած են այս նպատակին համար: Խոստումները կ’ըդգրկէին, սուրճի համար ծախսուած գումարներէն մինչեւ համայնքէն ներս յատկապէս կազմակերպուած դրամահաւաքներ:
#IcareICan-ի արշաւի արծարծած նուիրաբերումի ոգին, մղեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մասնաճիւղերը կազմակերպելու դրամահաւաքի ձեռնարկներ, որոնք համայնքը ի մի բերին, սուրիահայութեան սատար կանգնելու կոչով: Օրինակ մըն է Սոֆիայի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նոյեմբեր 28-ի բարեգործական պարահանդէսը Սոֆիայի Շէրաթոն Պալքան պանդոկին մէջ: Ձեռնարկին ամբողջ եկամուտը տրամադրուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մարդասիրական Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամին: Մասնակցեցան բազմաթիւ ակնառու հիւրեր, որոնց մէջ էր Պուլկարիոյ Արտաքին Գործոց Փոխ-նախարար Հրիսթօ Անճելիչին, Պուլկարիոյ մօտ Հայաստանի Դեսպան Արսէն Շոյեան, Պուլկարիոյ մօտ Սուրիոյ Դեսպան Նատրա Սայյաֆ եւ մեծ թիւ մը Սոֆիայի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համակիրներէն: Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ բարեսիրական վաճառք՝ Էտմոնտ Տէմիրճեանի, Օննիկ Գարանֆիլեանի, Լուիզա Մեծիքեանի եւ Աշակ Ներսիսեանի գեղանկարներու, ինչպէս նաեւ Ժագլին Ղուկասեանի գոհարեղէններու:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարանները նոյնպէս #IcareICan-ը որդեգրեցին մեծ խանդավռութեամբ: 2015-ի աշնան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան վարժարանին կողմէ Սուրիահայ աշակերտներու հիւրընկալումը, աննախընթաց լրատուական արձագանգ գտաւ գանատական եւ միջազգային հաղորդամիջոցներու կողմէ: Վարժարանը ակնառու դարձաւ սուրիահայ պատանիները տեղական կրթական համակարգին մէջ ներգրաւելու եւ անոնց ընկերային կարիքներուն աջակցելու համար մշակուած իր յատուկ ծրագրով:
Հաղորդամիջոցներու ուշադրութիւնը Ֆրանս 24-էն, Ռատիօ Գանատայէն, Ռատիօ Գէպէքէն, Ժուրնալ Տը Գէպէքէն, Հաֆինկթըն Փոսթէն եւ Ժուրնալ Մեթրոյէն, պատճառ դարձան, որ շատ մը ոչ-հայեր իրենց ժամանակն ու դրամը տրամադրեն, օժանդակելու համար ծրագրի առաքելութեան, որ գովասանքի արժանացաւ մեծապէս եւ ակնառու կերպով, Գէպէքի Կրթութեան Նախարարին կողմէ, Մարզային Ազգային Համագումարի
ընթացքին: Դպրոցի կրթական Տնօրէն Սէպասթիէն Սթասի խօսքերով՝ «Մեր դասարաններէն ներս ունինք բազմաթիւ սուրիացի աշակերտներ: Անոնք ենթարկուած են պատերազմի առթած բազմապիսի հոգեկան ցնցումներուն, սակայն հոգածու մթնոլորտի մէջ, անոնք շուտով կը դառնան յառաջադէմ աշակերտներ: Ես համոզուած են որ ուսումը անոնց տառապանքը ամոքող լաւագոյն միջոցառումը կը հանդիսանայ:»
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ընտանիքն ալ իր կարգին ցուցաբերեց նորարարական ոգի, սուրիահայերու ի նպաստ օժանդակութեան ձեռնարկներ կազմակերպելով: Նոյեմբեր 21-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիւ Եորքի Կեդրոնական Գրասենեակը կազմակերպեց հեծելամարզի (spinathon) մրցաշարք մը, Երեսուներեք անդամ-անդամուհիներու մասնակցութեամբ, որոնք ապահովեցին իրենց շրջանակի նիւթական հովանաւորութիւնը, միասնաբար հանգանակելով աւելի քան $75.000: Նիւ Եորքի այս մրցաշարքը ներշնչեց Լոնտոնի Երիտասարդ Արհեստավարժները, որոնք իրենց կարգին կազմակերպեցին նոյնանման երկու ձեռնարկներ Փետրուար ամսուն, հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնելով սուրիահայերու օժանդակութեան:
Նիւ Եորքաբնակ Տիկին Մարալ Ճէպէճեան, որ spinathon-ի մասնակցութեամբ առանձինն կարողացաւ $15.550 հանգանակել, շատ լաւ կը գիտակցի Սուրիահայերուն օգնութիւն փութացնելու անհրաժեշտութեան. «Երբ առիթը ինքնին ներկայացաւ Սուրիահայերուն օգնելու, իմ հակազդեցութիւնս անմիջական եւ բնազդային էր, ես արդէն գիտէի Սուրիոյ կացութեան լրջութիւնը, ոչ միայն կարդալով լուրերը, այլ անձնապէս կապեր ունենալով երկրին հետ: Իմ մօրեղբայրս կորսնցուց իր բնակարանը, վիրաւորուեցաւ ռումբի բեկորէ մը եւ բախտով միայն կրցաւ փրկուիլ ստոյգ մահէ. զարմիկս անկարելի որոշումի մը առջեւ գտնուած է, լքել իր ընտանիքն ու մահամերձ մայրը, ինքզինք եւ իր ապագան փրկելու համար: Ամուսնոյս զարմիկը նոյնպէս, որուն զաւակը բանակին մէջ է, դժուարին կացութեան մատնուած է՝ զաւկի անորոշ կացութեան պատճառով: Ասոնք միայն իմ անձնապէս գիտցած դժբախտ պարագաներս են: Ես վստահ եմ, որ այսպիսի հազարաւոր պատմութիւններ կան: Անհրաժեշտ է, որ մեզմէ անոնք որ աւելի բախտաւոր են, ձեռք երկարեն եւ օգնեն: Ես ուրախ եմ որ ունիմ իմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ կրցայ իմ համեստ մասնակցութիւնս բերել, հոգեկան անհուն գոհունակութիւն զգալով:»
Նոյեմբերէն ի վեր, աշխարհի տարբեր կողմեր Նոյնանման ձեռնարկներ կազմակերպուած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անդամներուն կողմէ:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անդամներէն շատեր իրենց մասնագիտութիւնը օգտագործեցին, դրամահաւաքի կազմակերման ի նպաստ: Գոհարեղէններու նախագծող Նենսի Նալպանտեան, Ծնունդի առթիւ կազմակետպուած տօնավաճառի մը ընթացքին իր գոհարեղէններու վաճառքէն գոյացած շահը նուիրեց, իր սեփական անցեալը իբր խթան ունենալով: «Հայրս, Լեւոն Կարապետ Նալպանտեան, ապաստանեալ որբ մըն էր եւ Սուրիացի իսլամ ընտանիք մը զինք ընդունեց իր տարագրութեան երկար եւ տաժանագին ճամբու կայաններէն մէկուն մէջ: Ես զգացի, որ վերջապէս առիթը ունեցայ բան մը ընելու այլոց համար, իմ գոհարավաճառութեան աշխատանքիս ընդմէջէն:» Լուպա Լիպարիքեան, Born on Bowery, The Homeland Development Initiative of Berd Bears, Աղասի Աղապալեան, Gugoco design boutique-էն, եւ Ժոզէֆ Պասրալեան, հեղինակը Mr. Baboomian’s Van-ի, առատաձեռն կերպով իրենց նուիրատուութիւնները կատարեցին ի նպաստ Սուրիահայութեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մարդասիրական Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամին՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրախանութին միջոցաւ:
Այլ անդամներ ճաշկերոյթներ, կամ տօնախմբումներ կազմակերպելով, քաջալերեցին հիւրերը որ նուիրատուութիւն կատարեն այս նպատակին համար: Դեկտեմբերին, Նորա Ճանոյեան-Պալիքեան, Սան Տիէկոյի մէջ տօնական նախաճաշի հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր #IcareICan բնաբանով: Նուէրներուն կողքին, Պալիքեան իր ընկերներուն առաջարկեց նուիրատուութիւն կատարել եւ գոյացաւ $11.000 գումար մը: «Նկատի ունենալով թէ որքան բախտաւոր ենք մենք բոլորս, ես որոշեցի մասնակցիլ #ICareICan-ի դրամահաւաքի արշաւին եւ իմ ընկերներուս ալ առաջարկեցի, որ օգնեն ինծի գումար մը գոյացնելու, այս կարեւոր նպատակին համար». ըսաւ Պալիքեան:
Փետրուար 10-ին, արուեստագէտ եւ վարսայարդար Վարդան Կէօտէլէքեան, քոքթէյլ ընդունելութեանբ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպեց Art at Vartali Նիւ Եորքի իր սրահին մէջ, որուն ներկայ էին հայ համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի շրջանակներէն շատ մը անհատներ: Վարդալիի վերացական արուեստի ցուցահանդէսի նկարներու վաճառքէն գոյացած $20.000 յատկացուեցաւ ի նպաստ Սուրիահայոց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մարդասիրական Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամին:
Օժանդակութեան ճիգերը օգնեցին բազմաթիւ Սուրիահայերու, որ վերսկսին իրենց կեանքը ձեւաւորել արտերկրի մէջ: Փետրուար 27-ին, Թորոնթոյի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժները կազմակերպեցին աշխատանքային կարելիութիւններու ծանօթացման հաւաքոյթ մը, 200 Սուրիահայ եկուորներու համար, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Թորոնթոյի կեդրոնին մէջ:
Գանատան միջազգային համակրանք շահեցաւ Սուրիացի աւելի քան 20.000 ապաստանեալներ ընդունելուն համար: Անոնց մէջ կային բազմաթիւ հայեր: Գանատայի հայ համայնքը, մեծամասնաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ, անմիջապէս ի գործ դրին իրենց ջանքերը, հովանաւորելու համար հարիւրաւոր Հայ ընտանիքներ: Ապաստանեալներուն հովանաւորութիւնը ապահովողներ պարտաւոր էին անոնց ժամանակաւոր բնակավայրեր հայթայթել, օգնել փաստաթուղթերու լրացումին, աշխատանք ապահովել եւ օժանդակել անոնց տեղաւորման հետ կապուած խնդիրներու լուծման:
Թորոնթոյի Երիտասարդ Արհեստավարժները նախօրոք արագ կերպով կարողացան ստուգել այն աղբիւրները, որոնք կրնային օգտագործելի ըլլալ նախօրօք Գանատա հաստատուած Սուրիահայերուն: Օգտագործելով իրենց արհեստավարժական ցանցերը եւ գործակցելով Թորոնթօի մէջ գործող կարգ մը կազմակերպութիւններու հետ, անոնք յաջողեցան աշխատանքային կարելիութիւններու ծանոթացման հաւաքոյթներու շարքի մը առաջինը կազմակերպել, որ համախմբեց համապատասխան գործակալութիւններ եւ գործատէրեր: Այս նախաձեռնութիւնները միմիայն աշխատանք փնտռողներուն եւ գործատէրերուն միջեւ կապ մը ստեղծելու համար չէին ծրագրուած, այլ նպատակ ունէին նաեւ ստեղծել մտերմիկ, անպաշտօն միջոց մը, ուր եկուորները, յատուկ ցուցմունքներու միջոցաւ կարենան գործնական հմտութիւն ձեռք բերել, պատրաստելու համար աշխատանքային կենսագրութիւն, եւ դիմումնագիր, օգտագործելով արհեստավարժական ցանցային կայքէջեր: Նաեւ յարակից ծառայութիւններ, ինչպէս դրամատնային գործառնութեանց վերաբերեալ գործնական ցուցմունքներ:
Բազմաթիւ այլ դրամահաւաքի նախաձեռնութիւններ կատարուած են եւ տակաւին կը շարունակուին աշխարհի տարածքին: Իւրաքանչիւր գումար որ հաւաքուած է, ունեցած է իր ուղղակի եւ բարերար ազդեցութիւնը: $100 ընտանիքի մը չորս ամսուան ելեկտրականութեան ծախսը կ՛ապահովէ, $350 տասը երախայի մը համար ձմեռնային վերարկուներ կ՛ապահովէ, $900 կրնայ չորս հոգինոց տասնըհինգ ընտանիքնրու երկու շաբաթուան ուտելիքը ապահովել. $2.700 կրնայ տասը ընտանիքներու վեց ամսուան մաքուր խմելիք ջուր ապահովել, $6.000 կրնայ քսան երախայի ամբողջ տարուան մը կաթը ապահովել, $8.000 կրնայ մէկ աշակերտի տարեվճարը ապահովել Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարանին մէջ, $12.000 կրնայ տասը ուսանողներու տարեվճարը ապահովել Հայաստանի համալսարաններուն մէջ: «Միակ օգնութեան ձեւը, որ մարդիկ կրնան կատարել», կ՛ըսէ Ներսէս Ներսոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենապետը, «դրամական նուիրատուութիւն կատարելն է, քանի որ որեւէ այլ օժանդակութիւն Հալէպ, կամ սուրիական այլ քաղաք հասցնելը դժուար է, շարունակուող պատերազմին պատճառով: Բոլոր նուիրուած գումարները պիտի օգտագործուին կարելի լաւագոյն ձեւով, օգնելու համար ամենաշատ կարիքի մէջ եղողներուն:
Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը քաջալերէ իր անդամներն ու համակիրները, որ իրենց բաժին մասնակցութիւնը բերեն Սուրիահայերուն տառապանքը մեղմելու համար, դրամահաւաք կազմակերպելով զանազան միջոցառումներով: Գրեցէք մեզի giving@agbu.org եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կ՛օգնէ ձեզի գաղափարներով:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիահայերու Մարդասիրական Շտապ օգնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելեցէքhttp://www.agbu.org/syriarelief/.
Հիմնուած 1906-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը (www.agbu.org), աշխարհի մեծագոյն ոչ–շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է: Միութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ’ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500,000 հայեր, աշխարհի տարածքին:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ իր համաշխարհային ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք www.agbu.org.
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ
agbu-syria-fundraising01.jpg: Փետրուարի 10ին, արուեստագէտ եւ վարսայարդար Վարդան Վարդալի դրամահաւաքի միջոցառում մը կազմակերպեց, Art at Vartali, իր Նիւ Եորքի սրահին մէջ:
agbu-syria-fundraising02.jpg: Թորոնթոյի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժները կազմակերպեցին աշխատանքային կարելիութիւններու ծանօթացման երկու հաւաքոյթներ, աւելի քան 250 Սուրիահայ եկուորներու համար Թորոնթոյի մէջ:
agbu-syria-fundraising03.jpg: 28 Նոյեմբերին, Սոֆիայի Հ.Բ.Ը.Մ.-ը բարեսիրական պարահանդէս մը կազմակերպեց Sheraton Sofia Balkan Hotel-ի մէջ:
agbu-syria-fundraising04.jpg: 2015-ի Աշնան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան վարժարանի Սուրիահայ աշակերտներ հիւրընկալելու յատուկ ծրագիրը, լրատուական աննախընթաց ուշադրութեան արժանացաւ, գանատական եւ միջազգային հաղորդամիջոցներու կողմէ:
agbu-syria-fundraising05.jpg: 21 Նոյեմբերին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիւ Եորքի Կեդրոնական Գրասենեակը Միութեան առաջին Spinathon-ը կազմակերպեց:
agbu-syria-fundraising06.jpg: #ICareICan նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, Նորա Ճանոյեան-Պալիքեան Սան Տիէկոյի մէջ կազմակերպեց տօնական նախաճաշ մը: