Նախագահ Սարգսեան. «Մենք մեր ձեռքբերումները պէտք է բազմապատկենք մե՛ր աշխատանքով եւ պաշտպանենք մե՛ր ուժերով»

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առիթով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ զօրահանդէս` հայկական զինուած ուժերու բոլոր ստորաբաժանումներուն մասնակցութեամբ:

Ցուցադրուեցան հայկական բանակի նորագոյն ձեռքբերումները, որոնց մասին վերջին շրջանին լրատուամիջոցները գրած են. հեռահար` «Իսքանտեր» հրթիռային համալիրներ, համազարկային կրակի հեռահար` «Սմերչ» համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան համար նախատեսուած «Պուք» զենիթահրթիռային համալիրներ եւ ռատիոելեկտրոնային պայքարի նորագոյն` «Ինֆաունա» համակարգ:

Զօրահանդէսին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկաւ խօսքով մը, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօր` 21-րդ դարուն  զէնքերը փոխուած են, բայց չենք փոխուած մենք` սեփական ազատութիւնը պաշտպանելու մեր վճռականութեամբ: Վկան այս զօրահանդէսն է:

Վստահաբար, իտէալական աշխարհին մէջ իրաւունքն է, որ պէտք է ծնի ուժ: Բայց այսօրուան աշխարհն ու մեր շրջապատը հեռու են իտէալական ըլլալէ: Դեռ կան հանգամանքներ, երբ ուժը կը ծնի իրաւունք: Մենք ունինք մեր իրաւունքը եւ մեր ազատութիւնը պաշտպանելու ուժը: Վկան այս զօրահանդէսն է:

Ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանութեան կարիք ունին ո՛չ միայն արտաքին սպառնալիքներէ: Մեր քաղաքացիները եւս պէտք է ազատ ըլլան, որովհետեւ ազատ մարդն ու ազատ հասարակութիւնը  անհամեմատ աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն: Մենք կրնանք եւ պէտք է շարունակենք կառուցել արդիւնաւէտ երկիր, որ պիտի պաշտպանէ  ազատ քաղաքացին եւ ազատ հասարակութիւնը: Անազատ մարդիկ տեսականօրէն կրնան ստեղծել շատ բան, բայց ոչ երջանկութիւն:

Անցած 25 տարիներուն ընթացքին մենք անշրջելի յաջողութիւններ  արձանագրած ենք: Երբեմն սխալած ենք, երբեմն` ծայրայեղութիւններու  մէջ յայտնուած, բայց, մեծ հաշուով, ճիշդ ուղիով շարժած ենք: Մենք կը կառուցենք մեր երջանկութիւնը խաղաղ եւ ստեղծագործ արարման ճամբով: Իսկ յառաջ շարժելու մեր բանաձեւը շատ պարզ է` աշխատանք, աշխատանք եւ աշխատանք: Մենք մեր ձեռքբերումները պէտք է բազմապատկենք մե՛ր աշխատանքով եւ պաշտպանենք մե՛ր ուժերով:

Կեցցե՛ն Հայաստանի սահմանները աչալուրջ հսկող մեր տղաները. անոնք մեր ազատութեան թիւ մէկ երաշխաւորն են: Փա՛ռք արցախեան ազատամարտը կերտած անմահ հերոսներուն եւ մեր բոլոր քաջարի տղաներուն: Փա՛ռք ապրիլեան մեր կորիւններուն, որ յօդս ցնդեցուցին հակառակորդին բոլոր ծրագիրները: Ամիսներ առաջ հետախոյզ-գնդացրորդ Սասուն Մկրտչեանի շիրիմին առջեւ մեր բոլորին անունով  խոստացայ, որ պիտի շարունակենք Սասունին եւ իր ընկերներուն սուրբ գործը, միշտ վառ պիտի պահենք Արցախի եւ Հայաստանի նոր սերունդէն  ճառագայթող այն լոյսը, որ ապրիլեան օրերուն բոլորս դարձուցած էր միասնական. միասնական մէկ բռունցք` պատրաստ իջնելու մեր անվտանգութեան սպառնացող ոսոխի գլխուն: Մենք մեր խոստումը պիտի պահենք: Վկան այս զօրահանդէսն է:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին` հողի մշակն ու շինարարը, բժիշկն ու ուսուցիչը, հանքափորն ու գործարարը, պետական ծառայողն ու մշակութային գործիչը: Փա՛ռք նոր արժէք ստեղծող հայաստանցիին:

Կեցցէ՛ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը. միասին մենք աւելին ենք, քան կարելի է պատկերացնել:

Կեցցե՛ն Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք հաւասարապէս լծուած են մեր երկրի զարգացումն ու պաշտպանութիւնը հետեւողականօրէն առջեւ տանելու գործին:

Կեցցէ՛ հայ աւանդական ընտանիքը, որ ժամանակի բոլոր հոսանքներէն  անդին կը շարունակէ մնալ հերոսներ կերտող եւ ուսումնատենչ սերունդ մեծցնող ջերմութեան աղբիւր:

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս եւ ամբողջ հայութիւնը Հայաստանի պետականութեան վերականգնման քառորդդարեայ յոբելեանի առիթով:

Փա՛ռք Հայաստանի Հանրապետութեան:

Փա՛ռք Հայաստանի զինուած ուժերուն»: