ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընկեր Վարդան Նազիրեան այցելեց Մայր Աթոռ

ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընկեր Վարդան Նազիրեան կիրակի յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:

Վարդան Նազիրեան ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ գործիչը Վեհափառին ներկայացուց կուսակցութենէն ներս տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՌԱԿ Հայաստանակեդրոն Կեդրոնական Վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ մասնակցելու համար պետականաշինութեան ընդհանուր գործին: Վարդան Նազիրեան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր կացութեան վերաբերեալ եւ անդրադարձ կատարեց Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող արտագաղթի խնդրին:

ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընկեր Վարդան Նազիրեան Վեհափառին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ կուսակցութեան տարած աշխատանքներուն եւ սպասուած նախաձեռնութիւններուն մասին, յատկապէս շեշտելով այդ նախաձեռնութիւններուն երիտասարդական նկարագիրը:

Իր կարգին Վեհափառ Հայրը բարձր գնահատեց ՌԱԿ կուսակցութեան նուիրական աշխատանքը՝ նշելով, որ որպէս աւանդական կուսակցութիւն, ՌԱԿ-ը կարեւոր եւ մեծ դեր ունեցած է Սփիւռք-Հայաստան կապերու ամրապնդման, Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածնի դիրքերու ամրապնդումին, հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերուն եղած է հայութեան ու Հայաստանի պետութեան կողքին, գործելով յանուն հայրենի պետականութեան ամրապնդման:

Հանդիպման աւարտին Վեհափառն իր օրհնութիւնը փոխանցեց հիւրին, անոր մաղթելով քաջ կորով՝ շարունակելու համար իրենց ազգանուէր ու հայանուէր առաքելութիւնը: