ՌԱԿ պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն, բայց մտահոգ է նախընտրական մթնոլորտով

 

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը մէկ օր առաջ կայացած վարչութեան նիստին որոշած է չմասնակցիլ Ապրիլի 2-ի ընտրութիւններուն։ Այդ մասին այսօր յայտարարեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան՝ միաժամանակ ներկայացնելով այդ որոշման նախորդած իրավիճակը, «Հայելի» մամլոյ ակումբի ասուլիսին, որուն ներկայ գտնուած էին, բացի Յ. Աւետիքեանէն,  ՌԱԿ փոխատենապետ Կարէն Կակոյեան եւ ՌԱԿ քարոզչութեան պատասխանատու Սուրէն Սարգսեան։

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան վերջին նիստը յաջորդած էր ընտրութիւններուն արդէն միայնակ մասնակցելու մէկ շաբաթեայ պատրաստութիւններուն, բայց ժամանակն անբաւարար էր հաւաքելու համար յայտարարագիրներու, տեղեկանքներու այն ահռելի քանակը, որ հարկաւոր էր  80-էն աւելի անձի  փաստաթուղթերը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացնելու համար։

Յ․ Աւետիքեան մէկ անգամ եւս յետահայեաց նկարագրեց այն իրավիճակը, որ ստեղծուած էր կուսակցութեան շուրջ՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու ցանկութիւնն իրականութիւն դարձնելու ջանքերու առումով։

2003 թուականէն կուսակցութիւնը որեւէ ընտրութեան  չէր մասնակցած, բացի վերջին ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութեան արդիւնքներէն քաջալերուած, եւ  ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը գաղափարներու տարածման եւ նոր անդամներու ներգրաւման ճանապարհ համարելով՝ անցեալ Նոյեմբերէն վարչութիւնը բազմաթիւ նիստեր գումարած է, նպատակ դնելով այս անգամ անպայման մասնակցիլ ընտրութիւններուն։

ՍԴՀԿ-էն համատեղ մասնակցութեան առաջարկը նոյնպէս կը քննարկուէր։

«Ծառուկեան դաշինք»ին մասնակցութեան ազդակը եկած է Գագիկ Ծառուկեանի շրջանակէն, ուրկէ տեղեակ  պահած են, որ դաշինք կը ստեղծուի, դուռը բաց է լայն մասնակցութեան համար, եւ իրենք պիտի ուզէին, որ ՌԱԿ նոյնպէս յայտնուէր այնտեղ։ Յետոյ սկսած են բանակցութիւնները․ «Մեր կուսակցութիւնն, ինչպէս գիտէք, մարդ-կուսակցութիւն չէ։ Այսինքն ատենապետը որոշակի լիազօրութիւններ ունի, բայց եւ՝ իւրաքանչիւր կարեւոր որոշում քննարկումների բովով է անցնում։ Ի վերջոյ յանգեցինք  որոշման՝ «Ծառուկեան դաշինք»ով մասնակցութեան, չնայած տեսակէտներ կային նաեւ, որ առանձին մասնակցինք։ Մեզ համար գրաւիչ էր, որ դաշինքում կար մեզ համար, որպէս աւանդական կուսակցութեան, սրտամօտ որոշ մտքեր, որոնցից ամենայատկանշականը Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան գաղափարն էր»։

Այնուհետեւ Յ․ Աւետիքեան պատմեց, որ ՌԱԿ-ին համար ալ անակնկալ՝ ծաւալուած են  բանսարկութիւններ, բանսարկուներու համար ինչ-որ դաշտ ստեղծուած է, որոնց նպատակն էր Գագիկ Ծառուկեանին վրայ ճնշում բանեցնել․ «Պրն. Ծառուկեանն էլ տեղի տուեց այդ ճնշմանը, ու մենք իրար սկսեցինք չհասկանալ։ Որից յետոյ տարածուեց մի յայտարարութիւն, որով առկախւում էր ՌԱԿ մասնակցութիւնը «Ծառուկեան դաշինք»ին։

Անկէ ետք ՌԱԿ-ին ոչինչ կը մնար, քան վերադառնալ նախկին որոշման՝ միայնակ մասնակցելու ընտրութիւններուն։ Բայց շատ կարեւոր ժամանակահատուած մը  խլուած էր, գործնական աշխատանքի համար ընդամէնը 7-8 օր  մնացած էր։ Մինչեւ մէկ օր առաջ շարունակուած են բարդ ու ժամանակատար, երբեմն նաեւ  մարզերու մէջ կամայականութիւններու ենթակայ նախապատրաստութիւնները՝ 80-էն աւելի մարդու համար տեղեկանքներ ու փաստաթուղթեր հաւաքելու համար․ «Նուազագոյն թիւը մեզ չյաջողուեց ապահովել», ըսաւ Յ․ Աւետիքեան՝ նշելով տեղերու մէջ առկայ այն վախի մթնոլորտին մասին նաեւ, երբ մարդիկ վերէն չսատարուող կուսակցութեան աջակցելու համար կը վախնան աշխատանք կորսնցնել․ «Օրինակ, Շաբաթ օրը մեր երեք ընկերները դժուարին ու ձիւնառատ ճանապարհներով Սեւանից Ճամբարակ են գնում՝ տեղեկանք ստանալու ոստիկանութիւնից, բայց ոստիկանութիւնը փակ են գտնում, այնինչ ոստիկանութիւնը յատկապէս  Երեւանում Շաբաթ եւ նոյնիսկ Կիրակի շատ լաւ աշխատել է տեղեկանքների տրամադրման համար»։

Լրագրողները կը փորձէին մանրամասնել, թէ ի վերջոյ ովքե՞ր էին բանսարկութիւններու դրդիչները կամ ո՞վ կը ցանկար, որ ՌԱԿ ընտրապայքար չմտնէ․ «Բազմաթիւ բանսարկութիւններ  եղան ներսից ու դրսից։ Ես նկատի ունեմ իշխանական տարբեր օղակներին»,- յայտնեց Յ. Աւետիքեան։

Իսկ թէ ինչ վտանգ կրնար ներկայացնել ՌԱԿ իշխանութեան համար, որ այդպիսի խոչընդոտներ  ստեղծուած են՝ Յ․ Աւետիքեան ինք նոյնպէս զարմացաւ․ «Առաջին օրից յայտարարել ենք՝ ՌԱԿ-ը հանգիստ ուժի կուսակցութիւն է, բայց 1995 թուականից սկսած մեր յաջորդական իշխանութիւնները շատ հետեւողական ուղղակի փոշիացնում են մեր հաւաքած ձայները։ Նոյնը նաեւ պատահեց 2003-ին, որն իսկապէս, պէտք է խոստովանեմ, մեզ թեւաթափ արեց։ Բայց այս անգամ չենք ընկճւում։

Միայն կարող եմ ասել, որ առաջիկայ ընտրութիւնների վերաբերեալ ունենք խորը մտահոգութիւն, որ Ընտրական օրէնսգիրքը գրուած է խորհրդարանական կուսակցութիւնների հագով, ձեւուած է եւ կարուած է նրանց համար։ Նոյնիսկ որոշ մասնագէտներ այն կարծիքին են, որ անկարելի պիտի լինի այս անգամ 12 ժամում ընտրութիւններն աւարտել», եզրափակեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը։

Աւելցնենք, որ, ըստ Յ. Աւետիքեանին, Գագիկ Ծառուկեանին հետ բանակցութիւններու ընթացքին նիւթական հարց  չէ քննարկուած, եւ ՌԱԿ իր բաժին պարտաւորութիւնն այդ վերաբերմամբ պէտք է ստանձնէր։ Իսկ արդեօք խախտուա՞ծ է պայմանաւորուածութիւնը Գագիկ Ծառուկեանին կողմէ՝ Յ․ Աւետիքեան նշեց, որ հիմք չունի այդպիսի բան ըսելու։ Պարզապէս որոշ դանդաղկոտութիւն ու վճռականութեան պակաս եղած է՝ օր առաջ տեղեակ պահելու, որպէսզի թանկագին ժամանակ չկորսուէր։

«Հայ Ձայն»