Վաղը կարեւոր օր է հայ աւանդական երկու կուսակցութիւններուն ՝ ՌԱԿ-ին Եւ ՍԴՀԿ-ին համար: Հարցը կը վերաբերի յառաջիկայ ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց անոնց մասնակցութեան: Նշենք, որ «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատասխանատու մարմինները վաղը մամլոյ ասուլիսով հանդէս պիտի գան (իւրաքանչիւրը ՝ առանձինն): Ու այդ մամլոյ ասուլիսներէն ետք պիտի յստականայ անոնց գալիք ընտրութիւններուն մասնակցութեան ու մասնակցելու պարագային՝ ձեւաչափը: Յիշեցնենք, որ շուրջ 2 շաբաթ առաջ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած «Ծառուկեան» դաշինքը առաջարկ կատարած էր վերջիններուս միասնաբար ընտրութեանց մասնակցելու վերաբերեալ , բայց շաբաթ օր այդ դաշինքի համագումարին պարզ կը դառնար, որ երկու կուսակցութիւնները չեն ներգրաւուած այդ ընտրական դաշինքին մէջ: Յիշեցնենք, որ գաղափարական հիմք ունեցող Ժընեւի եւ Պոլսոյ մէջ հիմնուած այս երկու կուսակցութիւնները կարեւոր ներուժ ունին, ոչ միայն Հայաստանի այլ ամբողջ սփիւռքի տարածքին:
Վաղը կարեւոր օր ՌԱԿ-ին եւ ՍԴՀԿ-ին համար
14 Փետրուար 2017