1915-ի մասին «Օսմանցի Տեղակալը» ժապաւէնը պատրաստ է ցուցադրութեան

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ‚ որ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքինԱրեւելեան Անատոլուն (Արեւմտեան Հայաստանը «Հ») ամերիկացի հիւանդապահուհիիմը տեսանկիւնէն ներկայացնող նոր շարժանկար մը արդէն պատրաստ է։

«Օսմանցի տեղակալը» շարժանկարին գլխաւոր դերասաններն են օսքարակիր Պեն Քինկզլի («Կանտի»‚ «Շինտլըրզ Լիսթ»)‚ Ճոր Հարթնեթ («Պլաք հոք տաուն»‚ «Փըրլ Հարպըր»)‚ Հերա Հիլմար («Աննա Քարենինա»‚ «Տա Վինչիզ Տիմընզ») Միքիէլ Հույսմըն («Կէյմ աֆ թրոնզ») եւ թուրք դերասաններ Հալուք Պիլկիներ եւ Սելճուք Եէօնթեմ։

Պիլկիներ ստանձնած է Խալիլ պէյի դերը եւ Եէօնթեմ՝ Մելիհ փաշայի դերը‚ ինչպէս նաեւ թրքական ծագումով բազմաթիւ այլ դերասաններ փոքր դերեր ստանձնած են։

Բրիտանացի դերասան Քինկզլի շարժանկարին մէջ կը մարմնաւորէ տոքթ. Կարեթ Վուտրաֆի դերը։

Իր 40-ամեայ գործունէութեան ընթացքին Քինկզլի շահած է «Օսքար» մը‚ «Կրամի» մը‚ ՊԱՖԹԱ մը‚ երկու «Կոլտըն Կլոպ» եւ «Սքրն Աքթըրզ Կիլտ» մրցանակ մը։ Ան ծանօթ է 1982-ի «Կանտի» շարժանկարին մէջ Մոհանտաս Կանտիի դերով‚ որուն համար ստացած է լաւագոյն դերասանի «Օսքար» մը։

Բեմադրիչն է Ճոզեֆ Ռուպըն‚ որ ծանօթ է «Սլիփինկ ուիթ տը էնըմի» եւ «Տը Ֆորկաթըն» շարժանկարներու իր բեմադրութեամբ։ Շարժանկարին բնագիրը գրած է Ճեֆ Սթոքուելը («Պրիճ թու Թերապիթա»‚ «Տէյնճըրս Լայվզ աֆ ալթըր պոյզ»)։

Շարժանկարին դէպքերը տեղի կ’ունենան 1915-ին‚ Վանի նահանգին մէջ եւ կը պատմեն ամերիկացի իտէալապաշտ հիւանդապահուհիի մը եւ թուրք սպայի մը միջեւ սիրոյ պատմութիւնը։

«Օսմանցի տեղակալը» կը պատմէ պատմութիւնը Ճիւտ անունով ամերիկացի բժիշկի մը‚ որուն դերը ստանձնած է Հարթնեթ‚ որ յուսախաբ է իր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութենէն‚ ինչպէս նաեւ պատմութիւնը Լիլիին‚ որուն դերը ստանձնած է Հիլմար՝ իտէալապաշտ երիտասարդուհի մը‚ որ Ամերիկան կը լքէ՝ Ճիւտի հետ ըլլալու համար, վերջինիս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայութեան ընթացքին։

Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Լիլին կը սիրահարուի օսմանցի տեղակալ Իսմայիլի հետ‚ որուն դերը ստանձնած է Հուիսմըն։ Երբ պատերազմական կացութիւնը կը վատթարանայ‚ Լիլի ինքզինք կը գտնէ երկընտրանքի մը առջեւ՝ ինքնիր համա՞ր ապրիլ‚ թէ՞ ուրիշներուն։

Արտադրիչներէն մէկը՝ Սթեֆըն Պրաուն‚ որ նաեւ արտադրողը պիտի ըլլայ 13-րդ դարու օսմանցի խորհրդապաշտ եւ բանաստեղծ Ռումիի մասին շարժանկարին‚ որ կը պատրաստուի օսքարակիր Տէյվիտ Ֆարցոնիի կողմէ, կը յայտնէ. «Իրբեւ առարկայական եւ յարգալիր մօտեցում թէ՛ թուրքերուն‚ թէ՛ հայերուն հասարակաց տառապանքներուն‚ ուզեցինք ակնդիրներուն ցոյց տալ‚ թէ Արեւելեան Անատոլուի մէջ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին ի՛նչ տեղի ունեցաւ‚ նիւթ մը, որ նախապէս չէ արծարծուած»։

Շարժանկարը Կապադովկիոյ եւ Պոլիսի կողքին լուսանկարուած է նաեւ Փրակայի «Պարրանտով սթիւտիո»ի մէջ եւ Փրակի ու Չեքիոյ հանրապետութեան տարբեր վայրերու մէջ։ «Պարրանտով սթիւտիոզ»-ի մէջ կառուցուած բեմը 300‚000 քառակուսի մեթր է։

Y Production-ի եւ Es Film-ի co-production եղող սոյն շարժանկարին Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի ըլլայ Լոս Անճելոսի մէջ։