Դոկտ. Դորա Սաքայեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օտարազգի ականատեսներու վկայութիւնները շատ կարեւոր են»

Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին

 

Հազուագիւտ կը պատահի, նամանաւանդ այս օրերուն, որ մենք կրնանք կարդալ եւ խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կարեւոր վկայագրի մը մասին, որ աշխարհին կը ներկայանայ երեք լեզուներով՝ գերմաներէն, հայերէն եւ անգլերէն։ Սոյն գիրքի կապակցութեամբ հեղինակին քանի մը հարց կու տանք:

1- Թանկագին Դոկտ. Դորա Սաքայեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի վարչութիւններու անունով նախ կու գանք շնորհաւորելու ստեղծագործական Ձեր նոր սխրանքին` «Նրանց քշում են անապատները…» գիրքին առթիւ։ Վերջերս իրար ետեւէ եւ տարբեր լեզուներով հրատարակուած այդ գիրքը նուիրուած են նոյն նիւթին` Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին պատահած դէպքերուն, պատմական Կիլիկիոյ տարածքին մէջ։ Կը խնդրենք մեր ընթերցողներուն ներկայացնէք թէ ի՞նչպէս սկիզբ առաւ այս հսկայական աշխատանքը: Արդեօք այն Ձեր մասնագիտական պրպտումներու արդիւնք էր, կամ պատեհութիւնը օգնեց, որ այդպիսի բազմազան վաւերագրական տուեալներ ամփոփէք սոյն գիրքին մէջ:

2002 թուականին, բախտի բերմամբ թէ պատահմամբ, ձեռքս անցաւ Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքի մէջ գերմաներէնով տպագրուող օրաթերթ «Tages-Anzeiger»-էն յօդուած մը, որ զիս շատ հետաքրքրեց։ Յօդուածագիրը` թերթի խմբագիր Դանիէլ Զութեր (Daniel Suter), ընթերցողներուն առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէր Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի մը յուշագրութիւնը։ Անոր հեղինակը` զուիցերիացի բուժքոյր Քլարա Զիգրիստ-Հիլթին (Clara Sigrist-Hilty) 15-էջանոց գրուածքին մէջ կ’ամփոփէր 1915-էն մինչեւ 1918-ը Թուրքիոյ մէջ իր վերապրած ահաւոր փորձութիւնները։ Օրաթերթին մէջ կողմնակիօրէն կ’ակնարկուէին Քլարա Զիգրիստ-Հիլթիի թողած նաեւ այլ գրուածքներ եւ յատկապէս կարեւոր օրագրութիւն մը, առանց սակայն տեղեկութիւն տալու այդ նիւթերու աղբիւրներուն մասին։

Տարիներուն ընթացքին հետաքրքրութիւնս Քլարայի անձին եւ անոր գրածներուն հանդէպ չնուազեց, սակայն ո՛չ համացանցին մէջ, ո՛չ ալ Զուիցերիոյ գրադարաններուն մէջ կրցայ իր հեղինակած գործերէն որեւէ մէկը գտնել: Միայն 10 տարի անց, 2012 թ. Մայիսին, ի վերջոյ որոնումներս արդիւնքի հասան։ Ցիւրիխի ճարտարագիտական համալսարանի արխիւներէն ձեռք ձգեցի մեծ գանձ մը` Զիգրիստ-Հիլթի ընտանիքի գրական ամբողջ ժառանգութիւնը` ընդամէնը 16 թուայնացուած թղթապանակներ, որ կը պարունակէին օրագիրներ, նամակներ, կենսագրութիւններ, մահախօսականներ, լուսանկարներ, քարտէսներ եւ մինչեւ անգամ հայերէն գիրք մը, որի մասին պէտք է առանձին խօսիլ։ Նիւթերուն մեծ մասը 100-ամեայ վաղեմութիւն ունեցող գործեր էին եւ գրուած էին գոթերէն ձեռագիրով, որ այսօր գրեթէ բոլոր եւրոպացիներուն համար անընթեռնելի էին եւ կարօտ էին լատինատառի վերծանման։ Գիրքը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ տարիներու ընթացքին ինձմէ պահանջուած աշխատանքը  վերծանում-ներու, արտագրումներու, թարգմանութիւններու եւ ծանօթագրութիւններու համար։

 

  1. Պիտի կարողանայի՞ք մեզի տալ որոշ տեղեկութիւն «Նրանց քշում են անապատները…» գիրքին կառուցուածքին մասին, ինչպէս նաեւ անոր համառօտ բովանդակութիւնը։

«Նրանց քշում են անապատները…» գիրքը բաղկացած է երեք գլուխէ. առաջին երկուքը նուիրուած են զուիցերիացի Զիգրիստ-Հիլթի զոյգին, իսկ երրորդը` անոնց օգնութեամբ սպանդէն մազապուրծ եղած հայորդի Հայկ Արամեանին։ Այս երեք հեղինակներուն գործերը միահիւսուած են որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեանը նուիրուած նոր վաւերագրութիւն մը։

 

Ահա’ եւ գիրքին համառօտ բովանդակութիւնը.

1915 թ. ապրիլ։ Իրենց եկեղեցական պսակադրութեան յաջորդ օրն իսկ ճարտարագէտ Ֆրից Զիգրիստը եւ բուժքոյր Քլարա Հիլթին Զուիցերիոյ Վերդենբերգ քաղաքէն գնացք կը նստին եւ ճանապարհ կ’իյնան դէպի հարաւ-արեւելեան Թուրքիա: Առաջին աշխարհամարտի այդ թէժ տարիներուն Թուրքիան, անշուշտ, իտիալական վայր մը չէր որեւէ զոյգի մը մեղրամիսին համար, սակայն Ֆրիցը 1910 թուականէն ի վեր հոն` Պաղտատի երկաթուղային գիծերուն կառուցման վրայ կ’աշխատէր: Անցնելով պալգանեան պատերազմական գօտիին միջով նորապսակ զոյգը բնակութիւն կը հաստատէ պատմական Կիլիկիոյ մէջ` Քելլեր (այսօր Ֆեւզիփաշա) կոչուող գիւղաքաղաքին մէջ։ Այնտեղ անոնք երեք ամբողջ տարի կը բնակին Ամանոսեան լեռներու փէշերուն նստած, աշխարհէն կտրուած բարձրադիր տնակի մը մէջ։

Ճիշդ այդ ժամանակ կ’սկսին հայոց տեղահանութիւնները, եւ ամէն օր հազարաւոր հայեր երթերով կ’անցնին անոնց տնակին քովէն «քալելով անտանելի շոգին, հովէն ու մրրիկէն գզզուած, փոշաթաթախ, անօթի ու ծարաւ…»։  Երեք տարի շարունակ զուիցերիացի նորապսակ զոյգը ամէն օր վիրաւոր սիրտով կը դիտէ, «թէ ինչպէս վարը՝ կիրճին մէջ ամէն վայրկեան ճրագներ կը մարին», մինչդեռ իրենք վերը` մեկուսի տնակին մէջ, կ’ապրին իրենց առօրեայ կեանքը. հիւրեր կ’ընդունին, տարեդարձներ ու կրօնական տօներ կը նշեն, ծնողք կը դառնան եւ ընտանեկան երջանկութիւն կը վայլեն: Երկար ժամանակ Քլարան եւ Ֆրիցը տեղեակ չեն, թէ ուր կ’երթան այս դժբախտ մարդիկ։ Միայն երբ կ’այցելեն Հալէպի եւ Կաթմայի համակեդրոնացման ճամբարները եւ կը տեսնեն հայերուն՝ «ամբողջ ժողովուրդի մը կործանումը», կը հասկնան, որ Քելլերի մէջ իրենց տեսածները ոչ այլ ինչ էին, քան կանխամտածուած մահուան երթեր: Իրադրութիւնը Ֆրիցի համար կը բարդանայ, երբ Պաղտատի երկաթուղու շինարարութեան մասնակից հմուտ հայ բանուորներն ալ հրաման կ’ստանան միանալու այդ մահուան երթերուն:

Քլարան եւ Ֆրիցը շատ բարեացակամ են հալածուած Պաղտատի երկաթուղու շինարարութեան վրայ հայ աշխատողներուն նկատմամբ, բայց օգնելու իրենց կարողութիւնը սահմանափակ է։ Ընթերցողին կը ցնցէ արկածային պատմութիւնն այն մասին, թէ ինչպէս 1916 թ. Յունիսին Զիգրիստ-Հիլթի ամուսինները կ’օգնեն իրենց հայ պահեստապետ Հայկ Արամյանին փախուստ տալ թուրք ժանտարմներէն եւ խուսափիլ ստոյգ մահէն։

3- Գիրքը շատ մեծ արժէք կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրականութիւններու մասին, նամանաւանդ երբ օտարի աչքերով դիտուած եւ ականատեսի մը օրագրութիւններու մէջ յիշուած ճշմարտութիւններու մասին է որ կը խօսի: Հաճեցէք յստակացնել օտարազգի մը վաւերագրութիւններու կարեւորութիւնը հայոց ողբերգութիւններու մասին:

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օտարազգի ականատեսներու վկայութիւնները շատ կարեւոր են: Անոնք ի չիք կը դարձնեն պաշտօնական Թուրքիայի ջանքերը` պատմութիւնը վերանայելու եւ հայերու դէմ իրենց իրագործած ցեղասպանութեան պատմական փաստը ժխտելու։

Քլարայի օրագիրը անգնահատելի աւանդ է Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան համար: Յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է, քանի որ անոր հեղինակը 30-ամեայ լրջախոհ, բազմակողմանիօրէն զարգացած եւ խստաբարոյ զուիցեյրուհի մըն էր։ Ան ի պաշտօնէ չէ որ կը գտնուէր Թուրքիոյ մէջ, լրագրող կամ միսիոներուհի չէր, ոչ ալ դիւանագէտ, եւ հոն գտնուելու պատճառը անոր ամուսնութիւնն էր Պաղտատի երկաթուղու ճարտարագէտ Ֆրից Զիգրիստի հետ։ Քլարան նախապէս Թուրքիան չէ ճանչցած եւ որեւէ կանխակալ կարծիք չէ ունեցած հայ-թուրքական յարաբերութիւններու մասին: Ան աստիճանաբար եւ ինքնուրոյնաբար կազմած է իր անկողմնակալ կարծիքը` հիմնուելով իր ամենօրեայ անձնական փորձի վրայ։ Քլարա իր տեսած բոլոր վայրագութիւնները ամէն օր կանոնաւորապէս կը փաստագրէ իր օրագիրին մէջ օգտագործելով «կը տեսնեմ», «կը լսեմ» եւ «կը նկատեմ» զգացական բայերը։ Ան հաւաստի վկայ մըն է, եւ ամենէն առաջ իր յատուկ կարգավիճակի բերմամբ: Առաջին տարին Թուրքիոյ մէջ ան հարսանեկան ուղեւորութեան մէջ է, երկրորդ տարին երեխայի կը սպասէ, երրորդին` կը մայրանայ: Հետեւապէս իր վկայութիւններուն մէջ ան կը ներկայանայ որպէս անկողմնակալ եւ արդար դատաւոր։ Անոր խօսքէն կը հնչէ առողջ բանականութեան եւ ճշմարտութեան ձայնը։

Օրագիրը կ’ընդգրկէ 1915 թ. Մայիսէն մինչեւ 1918 թ. Ապրիլը, ժամկէտ մը, որ կը համապատասխանէ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան տեւողութեան: Ինչպէս ոչ մէկ այլ ականատես, Քլարան կրցած է ժամանակագրական ճշգրտութեամբ փաստագրել Թուրքիայի հարաւ-արեւելեան` պատմական Կիլիկիայի հեռաւոր շրջաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջ ընթացքի վճռորոշ պահերը: Օրագիրը հարուստ է պատմութեան մէջ յայտնի անձնաւորութիւններու անուններով: Անոնք Պաղտատի երկաթուղու շինարարութեան վրայ պաշտօնավարող ճարտարագէտներն են, կամ մարդու իրաւունքներու յայտնի պաշտպաններ, եւ կամ այդ ժամանակուայ պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր։ Այսպէս, օրինակ, օրագիրի մէջ կը պահպանուի Էնվեր փաշայի՝ Ամանոսի տարածաշրջանով երեք անգամ անցնելու փաստը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պատմական այլ կարեւոր իրադարձութիւններ:

 

4 – Ինչպէս կ’իմանանք գիրքը լոյս տեսած է երեք լեզուներով: Հաճեցէք պատմել հրատարակութեան աշխատանքներու, թուաքանակներուն եւ թուականներու մասին, ապա թելադրել ընթերցասէր մարդկանց թէ ուրկէ կրնան պատուիրել եւ ստանալ Ձեր գիրքերը:

Ստորեւ կը բերեմ երեք գիրքերը իրենց վերնագիրներով, հրատարակութիւններով եւ հրատարակման թիւերով։ Գերմաներէն բնագիրին համար պէտք է դիմել amazon.de, իսկ հայերէն թարգմանութիւնը դժբախտաբար սպառուած է։ Միայն 2023-ին լոյս տեսած անգլերէն տարբերակն է, որ դեռ հասանելի է (Amazon.com, AbrilBooks.com).

 

Գերմաներէն (բնագիր)`

Dora Sakayan: «Man treibt sie in die Wüste…» Clara und Fritz Sigrist-Hilty als Augenzeugen des Volksmordes an den Armeniern 1915-1918. Zürich, Limmat Verlag, 2016.

 

Հայերէն (թարգմանութիւն)`

Դորա Սաքայան.  «Նրանց քշում են անապատները…» Քլարա եւ Ֆրից Զիգրիստ-Հիլթիները Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ (1915-1918), ԵՊՀ-ի հրատարակչութիւն, 2017։

 

Անգլերէն (թարգմանութիւն)`

Dora Sakayan: Death Marches Past the Front Door: Clara and Fritz Sigrist-Hilty, Swiss Eyewitnesses to the Armenian Dante-Inferno in Turkey (1915-1918), The Press of California State University, Fresno, 2023.

 

5 – Երբ կը նայինք Ձեր երկար տարիներու ստեղծագործական հսկայ աշխատանքին, համոզումով հարց կ’ուղղենք, թէ ինչ են Ձեր յաջորդ ծրագիրները: Կրնայի՞ք մեզի մասնակից դարձնել:

Սովորաբար կ’աշխատիմ քանի մը ծրագիրներու վրայ միաժամանակ` միշտ կիզակէտ մը ունենալով։ Ներկայիս կեդրոնացած եմ յուշերուս վրայ, եւ յատկապէս կեանքիս մօտ երեք տասնամեակներուն վրայ (1946-1975), որոնց ընթացքին ապրած եւ գործած եմ Խորհուրդային Հայաստանի մէջ որպէս հայրենադարձ։ Գիրքս պիտի կրէ «Հայրենադարձութիւն» վերնագիրը եւ հաւանաբար լոյս պիտի տեսնէ նոյնպէս քանի մը լեզուներով։

 

Աւարտին, մասնաւոր շնորհակալութիւն, որ հակառակ Ձեր բազմազբաղ աշխատանքին, ընդունեցիք Ձեր սուղ ժամանակը տրամադրել այս հանդիպման:

Այս առիթով մեր ընթերցողներուն եւ մշակութասէր հանրութեան ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ «Նրանց քշում են անապատները…» գիրքին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ՝ 17 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահէն ներս, ուր ներկաները աւելի մանրամասնութիւններով պիտի ծանօթանան Ձեր գիրքին եւ առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ձեզի:

 

Շնորհակալութիւն:

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ Աւետիս Պագգալեան