Պոլսոյ հայ համայնքի ղեկավարներս պէտք է աշխատինք մէկ մարմնի պէս, այլ ճանապարհ չունինք. Պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու

Աւետարանական եկեղեցին հետամուտ է, որ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմբ Արմէն»ը արդիական կեդրոնի մը վերածուի եւ այս առումով կը յուսանք, որ Երեւանի «Թումո»ն մեզի գործընկեր կը դառնայ: Շատ գործ ունինք ընելիք ու կարեւորը աշխատիլն է.Պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու Պոլսոյ մէջ պատասխանեց «Հայ Ձայն»ի հարցումներուն

Տարբեր առիթներով լսած էի Պատուելի Գրիգորին մասին: Հարցազրոյցներ, տօնական առիթներու կատարուած յայտարարութիւններ, պատգամներ ու նոյնիսկ մինչեւ մեր հանդիպումը քանի մը հեռախօսային զրոյցներ: Ու այդ բոլորէն ետք կապ մը, հեռակայ բարեկամութիւն մըն ալ հիմնուած էր: Վերջերս եղայ Պոլիս ու կիրակի առաւօտ մը ոտքով Գում Գաբույէն բարձրացայ մինչեւ Կէտիկ Փաշայի բարձունքին «հանգչած» Հայ Աւետարանական «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցի: Պաշտամունքէն ետք մօտեցայ պատուելիին ու փափաք յայտնեցի հարցազրոյց մը կատարելու մասին: Համաձայնեցաւ: Ու նաեւ յիշեց, որ առնուազն երկու առիթներով հեռախօսազրոյցներ ունեցած էինք: Պայմանաւորուեցանք ու երկու օր ետք իր գրասենեակին մէջ ընդունեց զիս ու նաեւ պատասխանեց իմ հարցումներուս:

 

Յարգելի Պատուելի, ներկայիս ինչ է թիւը Պոլսոյ մէջ ապրող Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամներուն:

Համայնքի թիւի առումով ստոյգ պատասխան մը չեմ կրնար տալ, որովհետեւ մենք զատողութիւն չենք դներ եւ բոլոր համայնքներէ ալ կը յաճախեն մեր եկեղեցին, այսինքն՝ այնպէս չէ, որ Աւետարանականը պէտք է անպայման մեր մօտ գայ կամ Առաքելականը անպայման Առաքելական եկեղեցի երթայ, մենք այդպիսի խնդիրներ չունինք: Առաքելական եկեղեցւոյ անդամ շատ հաւատացեալներ կան, որոնք մեր մօտ կուգան ու կը մասնկացին կիրկի օրուան պաշտամունքին: Ու այդ պատճառով ալ դժուար ու անշնորհակալ գործ է մեր համայնքի ընդհանուր թիւին մասին վերջնական տեղեկութիւն մը տալը:

 

Կիրակի օր ես ներկայ գտնուեցայ ձեր կիրակնօրեայ քարոզին. Դուք ընդհանրապէս թրքերէնով կը քարոզէ՞ք:

Այո, որովհետեւ տարբեր ազգերէ ժողովուրդներ կու գան՝ թուրք քրիստոնեաներ, թուրքեր, օտարներ, հայաստանցիներ, որոնք, կրնամ ըսել, արեւմտահայերէնը լաւ չեն գիտեր եւ թուրքերէն աւելի լաւ կը հասկնան: Կան նաեւ ուգրանացիներ, մոլտովացիներ, Ռուսիոյ կողմէն եկողներ: Մոլտովացիները եւ ռուսերը բաժնած ենք, այսինքն անոնց համար յատոկ ռուսերէնով ժամերգութիւն կը կատարուի, սակայն կրկին կու գան եւ կ’ըսեն, թէ կ’ուզեն զիս լսել: Հետեւաբար այս բոլորին հասկանալի ըլլալու համար թուրքերէն կը քարոզենք:

 

Եղած է շրջան մը, որ հայերէն խօսած էք:

Ոչ, երբ սկսայ արդէն պաշտամունքը թուրքերէն էր:

 

Ձեզմէ առաջ ո՞վ կը հովուէր Աւետարանական համայնքը:

Ինձմէ առաջ Միսաք Կունայ անունով եղբայր մը կար, անկէ առաջ Միհրան Կիւզէլեանը կար, որու ժամանակ հայերէնով պաշտամունք մատուցուած է, սակայն ինք պատուելի չէր, այլ՝ վարչութեան ատենապետ էր: Ատկէ առաջ ունեցած ենք պատուելիներ, որոնք հայերէնով ժողովներ ըրած են:

Միսաք Կունայի օրերուն էր, որ ես սկսայ եկեղեցի յաճախել ունկնդրելու համար անոր քարոզները: Կային նաեւ ասորի տղաք եւ մեր թիւը 25-ի մօտ էր:

 

Դուք ինչպէ՞ս մաս կազմեցիք եկեղեցւոյ. ուսումէն ետք անմիջապէ՞ս եկաք հոս:

Ոչ, ժամանակին մեր տան մէջ արկած մը տեղի ունեցաւ: Մեր տան վառարանին պատճառով ընտանեօք թունաւորուեցանք եւ երկու զաւակ կորսնցուցինք: Այդ դէպքը պատահեցաւ 1987-ին: Ես այդ ժամանակ կրօնական գործիչ չէի, ոսկերչութեամբ կը զբաղուէի: Այդ շրջանին շատ դժուարութիւններ ապրեցանք եւ այդ օրերուն է, որ պատահմամբ ձեռքս թրքերէն լեզուով Աւետարան մը անցաւ եւ սկսայ կարդալ: Հայերէն չէի գիտեր: Աւետարանը կարդալով զգացի ուժ մը մէջս կը զօրանայ եւ այսպիսով սկսայ խորանալ: Հարցադրումներ կային մտքիս մէջ, ձեւով մը խորհրդաւոր ու մութ կէտեր: Օր մըն ալ կինս տեղէ մը Աստուածաշունչը բերած էր, որովհետեւ գիտէր պրպտումներու մէջ էի եւ հարցականներ կային մտքիս մէջ: Անյագօրէն կարդացի նաեւ Աստուածաշունչը եւ սկսայ խորանալ: Կարծես հոգիս կը խաղաղէր եւ մէջս աւելի կը մեծնար այդ ուժն ու կամքը, որպէսզի կարենամ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Եւ այդ օրէն իսկ որոշեցի այս ճամբով գալել եւ Աստուծոյ ծառայել:

Սկսայ կանոնաւոր ձեւով եկեղեցի յաճախել: Այդ շրջանին ալ Մութաֆեան Սրբազան նոր եկած էր Պոլիս ու ան ալ տարբեր առիթներով թրքերէնով կը քարոզէր: Սուրբ գիրքը արդէն կարդացած ըլլալով՝ իր խօսածները եւ կարդացածներս կը կապէի իրար եւ մտքիս մէջ մեկնաբանելով ժամանակի ընթացքին հարցականները վերացան: Այս բոլորը օգնեցին, որ ես աւելի լաւ ձեւով ընկալեմ Աւետարանը, հասկնամ անոր իւրաքանչիւր տողը: Նոյնիսկ զրոյցներ կ’ընէինք Սրբազան հօր հետ եւ ինք կը բացատրէր ըսելով, թէ այս տողը մենք այսպէս կը մեկնաբանենք, իսկ բողոքականները՝ այնպէս: Հետեւաբար մէջս ուրիշ հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ՝ Աւետարանականները ո՞վ են եւ ի՞նչ է անոնց տարբերութիւնը Առաքելական եկեղեցիէն: Ոչ մէկ բան լսած էի անոնց մասին մինչեւ այդ օրը: Բարեկամ մը ըսած էր, թէ գործի գացած ճամբուս վրայ Աւետարանականներու եկեղեցին կայ: Օր մը անցած պահուս մտայ եւ հոն հաւաքուած տասը հոգի սերտողութիւն կ’ընէին: Մտայ եւ ծանօթացուցի ինքզինքս: Սկսայ յաճախել եւ մասնակիլ սերտողութիւններուն, որոնք կը կատարուէին թրքերէն լեզուով: Անոնք յայտնեցին, թէ ամէն կիրակի օր կը հաւաքուին եւ զիս ալ հրաւիրեցին: Այսպիսով իմ այցելութիւններս յաճախակի դարձան: Բաւական ետք, օր մը Միսաք անունով անձնաւորութիւն մը ինծի մօտեցաւ եւ առաջարկեց, որ բեմ բարձրանամ եւ խօսիմ եթէ փափաք ունիմ: Չմերժեցի եւ բեմ բարձրանալով խօսեցայ ու բոլորը շատ գոհ մնացին: Քանի մը շաբաթ ետք նոյնպէս՝ կրկին բեմ բարձրացայ ու խօսեցայ եւ կարծես հոգեկան գոհունակութիւն մը կը զգայի եւ խաղաղութիւն մը կը տիրէր հոգիիս մէջ:

Բաւական ետք, կ’երեւի լոյս մը նկատեցին մէջս եւ ինծի առաջարկեցին, որ վարչական անձնակազմին մաս կազմեմ, որ տասնըերկու անդամներէ կը բաղկանար: Ատենապետը տարիքով մեծ ըլլալուն համար առաջարկեց որ զիս ատենապետ ընտրեն եւ այդպէս ալ եղաւ:

Եւ երբ պաշտօնի կոչուեցայ բաւական բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուած էի՝ եկեղեցին բաւական պարտքեր ունէր, նիւթական տագնապ կար, պետութիւնը այդ ժամանակ օրէնք դրած էր եւ եկեղեցւոյ պատկանող բոլոր շէնքերուն ձեռք դրած էր եւ այսպէս բազմաթիւ հարցեր կային: Կամաց-կամաց յաղթահարեցի բոլոր դժուարութիւնները եւ համայնքը երթալով աճեցաւ եւ զարգացաւ, սկսայ քարոզել եւ այդ մէկը Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհք էր ինծի: Քսան հոգիով սկսանք եւ երթալով մեր թիւը մեծցաւ եւ հասաւ 200-ի:

Մովսէս Ճամպազեան տեսնելով կարողութիւններս ուզեց, որ օրինական ձեւով պատուելի ձեռնադրուիմ եւ անոր համար ուսում էր հարկաւոր:

Գանատայէն ուսուցիչ մը եկած եւ Աստուածաբանութեան թաքուն դպրոց մը բացած էր: Որոշ միջամտութիւններով արտօնուեցաւ, որ ես անոր դասընթացքներուն մասնակցիմ: Դասընթացքը թրքերէն լեզուով էր ու մասնակցելէ ու աւարտելէ ետք ես ալ Պատուելի ձեռնադրուեցայ:

 

Հայերէն ինչպէ՞ս սորվեցաք:

Զաւակներս դպրոց կ’երթային եւ երբ տուն գային կը հարցնէի ինչ սորվեցաք, ես ալ կը հետեւէի իրենց դասերուն եւ հարցնէի այս որ տառն է, այդ որ տառն է եւ այսպիսով կամաց-կամաց կարդալ սորվեցայ: Կրնամ ըսել, որ Ինքնաշխատութեամբ եւ ընթերցանութեամբ է, որ ես հայերէն սորվեցայ:

Երբ կը հետեւէի ձեր արարողութեան քանի մը պատկեր նկարեցի. շատեր շատ վերապահ էին եւ կարծես վախ մը կար անոնց մէջ: Յետոյ ինծի մօտեցան ու հարց տուին, թէ ով եմ եւ ինչու կը նկարեմ:Ի՞նչ է խնդիրը Պատուելի:

Երբեմն իսլամներ կու գան՝ քննիչներ կամ իսլամական հեռատեսիլներէն: Անոնք նոյնպէս կը նկարեն եւ մէկ բառ մը վերցնելով զանազան մեկնաբանութիւններ կը կատարեն, ըսելով թէ քարոզչութիւն կը կատարուի եւ կամ այնպիսի ձեւով մը կը ներկայացնեն, իբր թէ այստեղ գաղտնի ժողովներ կը կատարուին: Այսպէս շատ խնդիրներ ծագեցան, հետեւաբար մեր տղաքը աւելի վերապահ եւ զգոյշ կը վարուին: Արդէն մենք արարողութեան ընթացքին կը նկարենք եւ համացանցի վրայ կը տեղադրենք կիրակնօրեայ պաշտամունքներն ու տրուած պատգամները:

 

Իսկ պետութեան վերաբերմունքը ինչպէ՞ս է եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Պետութիւնը որեւէ միջամտութիւն չընէր եւ կրնամ ըսել մենք բոլորովին ազատ ենք մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ժամանակ առ ժամանակ ոստիկան մը կը ղրկուի, մանաւանդ տօնական օրերուն, որպէսզի խնդիրներ չառաջանան եւ ապահովական վիճակը վերահսկողութեան տակ ըլլայ:

 

Պետութիւնը ճնշում կը գործէ ձեր վրայ:

Ոչ, սակայն տարիներ առաջ նեղութիւններ եղած են: Սակայն ներկայիս, օրէնքները բարալեւուած են եւ մենք ներկայիս շատ աւելի հանգիստ ենք:

 

Կա՞ն հայեր, որոնք իսլամացած են եւ դարձի կու գան:

Այո կան, թէեւ շատ քիչ է անոնց թիւը: Պոլսոյ արեւելեան հատուածին մէջ կան իսլամացած հայեր, որոնք յաճախ մեր եկեղեցին կու գան, սակայն մեծ չէ անոնց թիւը: Բաւական բարդ խնդիր է իսլամացած հայերուն խնդիրը եւ մենք ալ որպէս Աւետարանական եկեղեցի նրբութեամբ եւ զգօնութեամբ կը վարուինք այդ հարցին հետ:

 

Պատուելի գիտենք, որ դուք կարեւոր ներդրում ունեցած էք եւ օգտակար դարձած, որպէսզի Պոլիս ապրող հայաստանցի երեխաները երդիքի մը տակ հաւաքուին: Այսօր անոնք ունին «Հրանդ Տինք»ի անուան դպրոցը. Ինչ կը պատմէք այդ մասին :

2003 -ին հիմնուած վարռարանի աշակերտներու թիւը այսօր հասած է 150-ի: Ճիշդ է, որ կարողացած ենք ապահով երդիք մը շնորհել, սակայն գաղտնիք չէ, որ վարռարանի պայմանները իտէալական չեն: Վերջերս այս առումով ալ Պատրիարքարանին հետ խօսակցութիւններ կ’ընդանա, որ այս դպրոցը աւելի լաւ պայմաններ ունեցող շէնք մը փոխադրուի: Տակաւին կանուխ է այս մասին բացայայտումներ ընելը, սակայն վստահ եմ, որ մօտիկ ապագային դրական տեղաշարժ մը պիտի ըլլայ եւ մեր փոքրիկներուն համար աւելի արդիական եւ առողջ պայմաններով վայր մը պիտի ապահովուի: Այստեղ կ’ուզեմ այս առիթէն օգտուելով կրկնին անգամ յայտարարել, որ մեր նպատակը չէ այս երեխաները «գրաւել»ը կամ զանոնք Աւետարանական դարձնելը, այլ նպատակնի զանոնք հայ պահելն է: Վերջերս նաեւ կարգադրութիւն մը եղաւ, որուն հիմամբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանայ հայր մը (Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեանը Խմբ. ՝ Ս.Ա.) շաբաթը անգամ մը այս վարժարանը կ’այցելէ եւ սաներուն քրիստոնէական դաստիրակութեան կու տայ եւ Աստծոյ խօսքը կը փոխանցէ:

 

Պատուելի դուք ինչպէս կը տեսնէք պոլսահայութեան ապագան:

Դժբախտաբար ժողովուրդը յուսալքութեան պահեր կ’ապրի ե այդ յուսալքութիւնը հետեւանք է տարբեր գործօններու: Համայնքի ղեկավարութեան մեծ մասը պաշտօններ եւ անձնական շահեր կը հետապնդէ: Պէտք է ժողովուրդին համար աշխատինք, ժողովուրդին բան մը տանք, որովհետեւ ժողովուրդը կարիքը ունի լաւ ղեկավարներու: Ժողովուրդը նոյնպէս հոգեկան ծարաւ ունի, կ’ուզէ համախմբուիլ իսկական հովիւներու շուրջ, որոնք անձնական շահեր չեն հետապնդեր եւ իսկապէս կը գիտակցին իրենց կոչումին: Դժբախտաբար, այդպիսի կղերականներ ալ շատ քիչ են այսօր: Ժողովուրդը այս բոլորէն կը խրտչի եւ կը հեռանայ եկեղեցիէն, հետեւաբար գաղութը աստիճանաբար կը պարպուի:

 

Դուք կը պատրաստէ՞ք ձեզ փոխարինողներ:

Այո, կան երիտասարդներ, որոնք ատակ են եւ անոնց մօտ որոշ կարողութիւններ կան: Մենք կ’աշխատինք աւելիով զարգացնել անոնց ունակութիւնները որպէսզի անոնցմէ պատրաստենք վաղուան իսկական կրօնական գործիչները:

 

Պատուելի դուք կարեւոր աշխատանքներ տարիք կապուած «Գէմբ Արմէն»ին: Այդ մասին նորութիւններ կա՞ն:

Ուրախութեամբ կ’ուզեմ ըսել, որ «Քէմբ Արմէն»ի վաւերական փաստաթուղթերը արդէն ստացած ենք: Քաղաքապետարանը վաւերացուցած եւ ընդունած է մեր ծրագիրը եւ մենք շուտով պիտի նախաձեռնենք «Քէմ Արմէն»ի շէնքի շինարարութեան:

 

Եթէ գաղտնիք չէ, ապա ո՞վ է ծրագրի հովանաւորը:

«Հայճարի» ճարտարապետները պատրաստեցին ծրագիրը, իսկ նիւթականը պիտի փորձենք միութիւններէ եւ բարերարներէ ապահովել, ինչպէս նաեւ Աւետարանական համայնքն ալ իր օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերէ:

 

Ծրագիրը ի՞նչ է:

Ծրագիրը այն է, որ արդիական «գէմբ» պիտի կառուցուի, որ պիտի գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին: Հայաստանի «Թումո» կեդրոնին հետ ալ պիտի համագործակցինք եւ շէնքէն մաս մը պիտի յատկացուի Թումոյին: Հայաստանէն ուսուցիչներ պիտի ուղարկեն, որպէսզի մեր աշակերտները օգտուին տարբեր ծիրերու մէջ:

 

Մեր հարցազրոյցի աւարտին ի՞նչ կուզէք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Իմ փափաքս է, որ Պոլսահայ համայնքի ղեկավարները աշխատին որպէս մէկ մարմին, մէկ շունչ՝ առանց յարանուանական խտրականութեան, որովհետեւ մեզի համար հայ երիտասարդն է կարեւորը, ազգային ոգին է կարեւորը, անկախ թէ մեր հայ ազգի զաւակները ինչ համայնքի կամ յարանուանութեան կը պատկանին: Մենք այսօր այլ ճանապարհ չունինք: Ըլլանք մէկ ուժ եւ ծառայենք մեր ազգի զաւակներուն, որպէսզի անոնց կեանքը առաւել բարելաւուի եւ օտար ու հեռու ափեր երթալով չօտարանան…

 

Սագօ Արեան. «Հայ Ձայն»ի աւագ յօդուածագիր