«Ականատես ենք, թէ ի՞նչպէս թշնամանքի, ատելութեան դրսեւորումները բաժանարար պատնէշներ կը դնեն հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ», Ս. Յարութեան տօնին առիթով Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին ըսած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
«Մեր հայրենիքը ներքին եւ արտաքին մտահոգիչ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ կը դիմակայէ անվտանգ ու խաղաղ կեանքի ապահովման ամէնօրեայ փորձութիւններ: Հարազատ Արցախը տեւական ժամանակ շրջափակուած է եւ կը դիմագրաւէ անասելի դժուարութիւններ ու զրկանքներ:
«Այս անհանգստացնող, վտանգալի երեւոյթներուն դէմ յանդիման, մեր սրտերուն մէջ կրելով չամոքուող վիշտը մեր նահատակ, գերեվարուած, անհետ կորսուած ու վիրաւոր զաւակներուն, ականատես ենք նաեւ ցաւալի այլ իրավիճակի, թէ ինչպէ՛ս թշնամանքի, ատելութեան դրսեւորումները բաժանարար պատնէշներ կը դնեն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, կը խարխլեն ազգային միաբանութիւնը», իր պատգամին մէջ նշած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ պատարագը մատուցուած է Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ: Ինչպէս վերջին քանի մը տարիներուն, այս անգամ ալ սուրբ պատարագին չեն մասնակցած բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս վարչապետը եւ հանրապետութեան նախագահը: